31 մարտին տեղի ունենալիք ընտրութիւններու քարոզարշաւի հերթական հանդիպումները ՀՅԴ ներկայացուցիչները 9 մարտին շարունակած են Մարտակերտի շրջանի Չլտրան, Խնկաւան, Վաղուհաս, Զարտախաչ, Զագլիկ, Հաթերք եւ Շահումեանի շրջանի Ակնաբերդ համայնքներուն մէջ:
Նախքան հանդիպումները, Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան պատգամաւորութեան թեկնածուներուն հետ ծաղիկներ զետեղած է արցախեան ազատամարտի հերոսներու յիշատակին:
Տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները խօսած են նախընտրական ծրագիրի հիմնադրոյթներուն մասին, պատասխանած ներկաներու հարցումներուն:
Նշեալ համայնքներու բնակիչներուն հետաքրքրած էին փտածութեան եւ հովանաւորչութեան դէմ պայքարի, պետականամէտ արժեհամակարգով երիտասարդներու դաստիարակութեան, ներկայ քաղաքական իրավիճակի եւ այլ խնդիրներու մասին ՀՅԴ-ի տեսակէտները:
ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները նշած են, որ փտածութեան եւ հովանաւորչութեան դէմ համապարփակ պայքարի կազմակերպումը ՀՅԴ-ի կողմէ միշտ դիտարկուած է իբրեւ իրական ժողովրդավարութեան, երկրի կայուն զարգացման, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման, ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան, օրէնքի գերակայութեան հաստատման հիմնական գրաւականներէն մէկը:
Անոնք հաստատած են, որ փտածութիւնը կը սպառնայ ո՛չ միայն տնտեսական բարեփոխումներուն, ներդրումներու իրականացման, այլեւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման եւ երկրի ներքին կայունութեան: Անիկա ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, իրաւական, բարոյական հիմնախնդիր է:
ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները ըսած են, թէ ՀՅԴ-ն կ՛առաջարկէ փտածութեան կանխարգիլման համալիր միջոցառումներու իրականացում: