Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներ, որոնք ներկայացուած են 23 նահանգներէ, նամակով մը դիմած են օտարերկրեայ յատկացումներու հարցերով յանձնախումբի նախագահին` յայտարարելով Արցախին եւ Հայաստանին օժանդակութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կայքը:
Հրապարակուած բաց նամակին մէջ քոնկրեսականները կը խնդրեն 1,5 միլիոն տոլար տրամադրել Արցախի տարածքին մէջ ականազերծման ծրագիրներու իրականացման համար:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա քոնկրեսականները կը խնդրեն 100 միլիոն տոլար տրամադրել տնտեսութեան, կառավարման համակարգի եւ արդարադատութեան ոլորտի զարգացման համար:
Քոնկրեսականները նամակին մէջ կը պահանջեն նաեւ վերցնել բոլոր պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական սահմանափակումները Արցախ այցելելու եւ Արցախի կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչներու հետ հաղորդակցելու համար, ինչպէս նաեւ դադրեցնել զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերել Ազրպէյճանին այնքան ժամանակ, մինչեւ ապացոյցներ չըլլան, որ այդ երկիրը դադրեցուցած է Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակումները: