Գլխաւոր լուրեր

Քոլորատոյի Նահանգապետը Ստորագրած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Բանաձեւը

Քոլորատոյի Նահանգապետը Ստորագրած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Բանաձեւը

Քոլորատոյի նահանգապետ Ճերըտ Փոլիս ստորագրած է պետական վարժարաններու մէջ Հրէական ողջակիզման, Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ ցեղասպանութիւններու մասին դասաւանդել պահանջող բանաձեւը, որով անիկա օրէնքի ուժ ստացած է: Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ այս տարուան մարտին ներկայացուած բանաձեւը 5 յունիսին հաստատուած էր նահանգային խորհրդարանի կողմէ, իսկ արդէն նոյն ամսուան 10-ին` նահանգային ծերակոյտի կողմէ: Այս առնչութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի...

Քանատահայութեան Լիաբուռն Մասնակցութեամբ 206 Հազար Տոլար Գոյացաւ Լիբանանահայութեան Ի Նպաստ Կազմակերպուած Նուիրահաւաք-Թելեթոնին

Քանատահայութեան Լիաբուռն Մասնակցութեամբ 206 Հազար Տոլար Գոյացաւ Լիբանանահայութեան Ի Նպաստ Կազմակերպուած Նուիրահաւաք-Թելեթոնին

Կրկի՛ն մթագնած է Միջին Արեւելքի սիրտը կազմող Լիբանանի երկինքը. բազմաչարչար այս երկիրը տեսած է պատերազմ, վկայած է  հակամարտութիւններ, ապրած է կենցաղային ճգնաժամեր, տնտեսական տագնապներ, իսկ վերջերս «Քորոնա» ժահրի տագնապը եկաւ իր աւերիչ դրոշմը դնելու երկրին տնտեսական ու կենցաղային իրավիճակին վրայ: Հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ տնտեսական ճգնաժամով, որուն իբրեւ հետեւանք վտանգուեցաւ նաեւ հայ գաղութը, ու «դանակը ոսկորին հասաւ»: Քանատահայութիւնը...

«Արժէքներ Ոտնահարելու Եւ Միջազգային Սկզբունքներ Անտեսելու Թուրքիոյ Վարքագիծը Կը Շարունակուի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Արժէքներ Ոտնահարելու Եւ Միջազգային Սկզբունքներ Անտեսելու Թուրքիոյ Վարքագիծը Կը Շարունակուի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Քիչ առաջ համացանցի ճամբով իմացանք, թէ թրքական դատարանը որոշած է Կոստանդնուպոլսոյ յունաց Այա Սոֆիա պատմական մայր տաճարը վերածել մզկիթի: Արդարեւ, 537 թուականին կառուցուած այս տաճարը բիւզանդական ճարտարապետական արուեստի գագաթը կը նկատուի: Բիւզանդական կայսրութեան անկումով եւ Օսմանեան կայսրութեան գրաւումով` 1453-ին, տաճարը վերածուած էր մզկիթի եւ ապա` 1935-ին, թանգարանի: Անցնող օրերուն եկեղեցիներու պետեր եւ ընդհանրապէս միջազգային շրջանակներ կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ` չդիմելու Այա...

Ակնարկ.  Պարտադիր Արեւելումներ

Ակնարկ. Պարտադիր Արեւելումներ

Համաշխարհային առումով կը թուի, որ տնտեսական պատերազմը Ուաշինկթըն-Փեքին յարաբերակցութեամբ կ՛ընթանայ: Տնտեսական բեւեռի վերածուած Չինաստան բոլոր ոլորտներուն մէջ ազգային տնտեսութիւն կայացուցած պետութիւն է, որ արտահանման հսկայական տարածականութիւն գրաւած է արդէն: Փոխուող աշխարհակարգին մէջ կենսաբանութիւնը գերակայ ուղղութիւն է յայտնապէս: Ոչ անպայման բնապահպանութեան դասական ընկալումով  յատկանշուող քաղաքական ուժերու յառաջընթացի իմաստով, այլ  յատկապէս վարակաբանական շեշտադրումներով: Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած համաշխարհային իրավիճակը կը յուշէ, որ աշխարհը...

Հայաստանը Հետաքրքրուած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Բարեփոխումներու Փորձով

Հայաստանը Հետաքրքրուած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Բարեփոխումներու Փորձով

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Իսա Ալ Զաապին, որ կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ: Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետաքրքրուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զարգացման ու բարեփոխումներու փորձով: «Յոյս ունինք, որ յառաջիկային մեր երկիրը ալ...

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն Յատուկ Օրակարգով Քաղաքական Հանդիպումներ Նախաձեռնած Է Կիպրոսի Քաղաքական Կուսակցութիւններուն Հետ

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն Յատուկ Օրակարգով Քաղաքական Հանդիպումներ Նախաձեռնած Է Կիպրոսի Քաղաքական Կուսակցութիւններուն Հետ

ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի պատուիրակութիւնը 7 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի իշխող ՏԻՍԻ կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Խարիս Եորղիաթիսի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են կիպրահայ գաղութը յուզող Հայ դատի, Կիպրոսի, Արցախ-Կիպրոս բարեկամական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններու հետ կապուած հարցեր: ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Սիմոն Այնեճեան, Րաֆֆի Մահտեսեան եւ Նարեկ Դաւիթեան: Կիպրոսի կոմիտէի ձեռնարկած յատուկ օրակարգով քաղաքական...

Նախարար Տօնոյեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհուրդի Երեւանեան Գրասենեակին Ղեկավարը

Նախարար Տօնոյեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհուրդի Երեւանեան Գրասենեակին Ղեկավարը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 8 յուլիսին ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Նաթալիա Վութովան` Հայաստանի մէջ անոր առաքելութեան աւարտին առիթով: Հանդիպման ընթացքին ամփոփուեցան Եւրոպական խորհուրդի երեւանեան գրասենեակին կողմէ իրականացուող «Մարդու իրաւունքները եւ կիները Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ» ծրագիրի առաջին փուլին իրականացուած միջոցառումներուն արդիւնքները, քննարկուեցան երկրորդ փուլի ծիրին մէջ նախատեսուած միջոցառումները: Երկուստեք ընդգծուեցաւ ծրագիրի ներդրման կարեւորութիւնը զինուած ուժերուն մէջ մարդու...

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան: Նախարար Օհանեան-Գէորգեան բարձր գնահատեց «Քորոնա»-ի համաճարակի ժամանակաշրջանին ֆետերասիոնին եւ սկաուտական միութիւններուն աշխատանքներն ու ճիգերը, յատկապէս գետնի վրայ կամաւոր աշխատանքի եւ նախազգուշական արշաւներ կատարելու առումով: Ապա նախարար Օհանեան-Գէորգեան պատուիրակութեան հետ քննարկեց...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ալիեւը Բանակցային Գործընթացին Մէջ Արդիւնքներու Բացակայութեան Իր Մեղքը Կը Փորձէ Բարդել Համանախագահներուն Վրայ»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ալիեւը Բանակցային Գործընթացին Մէջ Արդիւնքներու Բացակայութեան Իր Մեղքը Կը Փորձէ Բարդել Համանախագահներուն Վրայ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կը փորձէ բանակցային գործընթացին մէջ արդիւնքներու բացակայութեան համար իր մեղքը բարդել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն վրայ` անգործութեան կտրուկ մեղադրանքներ հնչեցնելով անոնց հասցէին: Այս հաստատումը կատարուեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արտակ Ներսիսեանի մեկնաբանութեան մէջ: Արձագանգելով Ալիեւի հարցազրոյցին` ան նշած է, թէ, խոչընդոտելով բանակցային լիարժէք եռակողմանի ձեւաչափի վերականգնման, անընդհատ կասկածի տակ...

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 8 յուլիսին որոշում տուած է մերժել Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի 3 նախկին դատաւորներու եւ Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Հրայր Թովմասեանի դիմումը Հայաստանի դէմ, որով անոնք, այլ հարցերու կողքին, պահանջած էին որպէս միջանկեալ միջոց կասեցնել Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու իրագործումը: Դատարանը որոշած է մերժել հայցը` այն պատճառաբանութեամբ, որ անիկա դատարանի կանոնակարգի 39-րդ դրոյթի կիրարկման դաշտին մէջ չէ, քանի որ անիկա...

Հայրենադարձ Ընտանիքներու Ամէնէն Մեծ Խնդիրը Աշխատանք Գտնելն Է

Հայրենադարձ Ընտանիքներու Ամէնէն Մեծ Խնդիրը Աշխատանք Գտնելն Է

Երէկ` 8 յուլիսին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսը: Յանձնախումբի համակարգողներ Սիմոն Գաֆալեանը եւ Ժիրայր Պէօճէքեանը ներկայացուցին ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ Հայաստանի մէջ ապրող հայրենադարձներու խնդիրները, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Անոնք անդրադարձան նաեւ Սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն եւ արձանագրուած բացթողումներուն: «Կազմակերպած ենք հայրենադարձ ընտանիքներու հետ...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ժոմպլաթի

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ժոմպլաթի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ անդամներ տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ Ճորճ Սապունճեան, երէկ այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժոմպլաթի խորհրդական Ռամի Ռայես: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ ՀՅ  Դաշնակցութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ առկայ պատմական յարաբերութիւնները` գնահատելով...

«Ազդակ»-ի 11-րդ Առցանց Լսարան

«Ազդակ»-ի 11-րդ Առցանց Լսարան

«Հայկական հարցը առաջին հերթին հայկական պետականութեան վերականգնումն է հայկական բարձրաւանդակի վրայ», յայտնեց Փրոֆ Ռուբէն Սաֆրաստեան Հայաստանի հանրապետութեան գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան զեկուցեց «Ազդակ»-ի 11-րդ առցանց լսարանին, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Զեկուցման նիւթն էր «Հայոց ցեղասպանութեան դէմ Անգարայի մղած պայքարին նորագոյն դրսեւորումները»: Զեկուցաբերը ներկայացուց ժխտումի պետական քաղաքականութեան հոլովոյթը` սկսելով Օսմանեան կայսրութեան օրերուն...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութիւնը Պէտք Է  Հասկնայ, Որ Ինքն Այլեւս Իշխանութիւն Է»

Սաղաթէլեան. «ՀՅԴ-ԲՀԿ-Հայրենիք» Եռեակին Մէջ Դաւեր Պէտք Չէ Փնտռել, Ամէն Ինչ Եղած Է Շատ Հրապարակային»

ՀՅԴ-ն երկրին մէջ տիրող վիճակը կը գնահատէ աղէտալի` ընդգծելով, որ քաղաքական ու կառավարման ճգնաժամը կրնայ յաղթահարուիլ միայն արտահերթ ընտրութիւններու միջոցով: Այս մասին 24TV-ի «Հարցազրոյց» հաղորդումի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը: Սաղաթէլեան կը կարծէ, որ իշխանութիւնները «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ անկարող են եւ միայն անոնք մեղաւոր են ստեղծուած վիճակին համար: Անդրադառնալով «ՀՅԴ-ԲՀԿ-Հայրենիք» եռեակի ապագայ...

Նախարար Տօնոյեան Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկեց Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Հայ-Ամերիկեան Համագործակցութիւնը

Նախարար Տօնոյեան Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկեց Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Հայ-Ամերիկեան Համագործակցութիւնը

7 յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ամերիկեան երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Ամփոփուեցան նախապէս իրականացած ծրագիրները, ուսումնասիրուեցան համավարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ համագործակցութեան ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները: Արծարծուեցաւ նաեւ միջազգային խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման առաքելութիւններուն Հայաստանի շարունակական մասնակցութեան պարագան, արտակարգ իրավիճակի մէջ հերթափոխներու իրականացման ընթացքը: Պաշտպանութեան նախարարը...

«Սպիտակ Տունը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Ժխտողական Քաղաքականութենէն Տասնամեակներ Ետք Թէեւ Ոչ Կանխամտածուած, Սակայն Արտաբերեց Ցեղասպանութիւն Եզրը»  Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

«Սպիտակ Տունը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Ժխտողական Քաղաքականութենէն Տասնամեակներ Ետք Թէեւ Ոչ Կանխամտածուած, Սակայն Արտաբերեց Ցեղասպանութիւն Եզրը» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

Ամերիկեան հեղինակաւոր «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը անդրադարձած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քէյլի Մքենընիի` 6 յուլիսին տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութիւնը եզրը հրապարակաւ օգտագործելուն: Մքենընի յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ վանտալիզմի զոհ դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը: Օրաթերթը կը նկատէ, որ մամլոյ քարտուղարի շուրթերէն հնչած եզրը կարեւոր է այն առումով, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը տասնամեակներ շարունակ կը մերժէր ճանչնալ...

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Պըրրիի

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի,  երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Հանդիպումէն ետք նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վերաբերող հարցեր` շեշտելով, որ ան Պըրրիի մօտ շօշափած է Լիբանանի հանդէպ իր յանձնառութիւնն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու ճիգերը, որպէսզի երկրին դիմագրաւած...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Այցելած Է  Հայ-Թրքական Սահման

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Այցելած Է Հայ-Թրքական Սահման

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Հայաստանի պետական սահման, նաեւ` Ռուսիոյ սահմանապահ զօրքերու ջոկատ: Ան ըսած է, որ պետական սահմանին ծածանող Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դրօշները փոխվստահութեան վրայ հիմնուած բարեկամական եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու խորհրդանիշ են: Ռուսիոյ սահմանապահները, 30 սեպտեմբեր 1992-ին ստորագրուած Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջպետական համաձայնագիրի հիման վրայ, կ’իրականացնեն Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի հսկողութիւնը: «Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ...

Բալայեան. «Անկախ Պետութիւն Չենք  Հռչակած, Որպէսզի Ըլլանք Այլ  Պետութեան Հոգատարութեան Ներքեւ»

Վ. Բալայեան. «Մեր Պահանջն Է, Որ Արցախի Սահմանադրութեամբ Ամրագրուած Սահմանները Պահպանուին»

Արցախի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի խօսքով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան իրենց ներկայացուցած է Ղարաբաղեան տագնապի բանակցային գործընթացին մէջ ներկայիս տեղի ունեցող զարգացումները: Ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ` խօսելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւններուն մասին: «Անոր խօսքով` բանակցային գործընթացին մէջ որեւէ գործնական գործընթաց...

Page 429 of 797 1 … 428 429 430 … 797

Արխիւներ