Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը` Հայրենադարձութեան, Անոր Ռազմավարութեան Եւ Հայոց Բանակին Մասին

Սեպտեմբեր 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յղեց հետեւեալ ուղերձը, որ կը վերաբերի հայրենադարձութեան, այդ առնչութեամբ ճշդուելիք ռազմավարութեան, Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքի ընելիքներուն եւ ակնկալիքներուն: Ուղերձին երկրորդ բաժինով անդրադարձ կը կատարէ հայոց բանակին եւ սահմանամերձ շրջաններուն` շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնը անոնց կողքին է:

Հայրենադարձութիւն. Ռազմավարութիւն
Եւ Կատարուելիք Աշխատանք

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար հայրենադարձութիւնը «Դէպի երկիր» կարգախօսի հիմնաքարն է: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը նախկին իշխանութիւններու, նաեւ այս իշխանութեան օրով ներկայացուցած է առաջարկ, որ համազգային ճիգերով համապարփակ ռազմավարութիւն մշակուի` պետական հովանաւորութեամբ եւ համահայկական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ:

Այս ձեւով ամբողջ հայ աշխարհը պէտք է լծուի աշխատանքի, որպէսզի այս ծրագիրը իսկապէս դառնայ ամբողջական, այս ծրագիրը դառնայ բոլորին սրտին խօսող եւ վերաբերի ամբողջ սփիւռքին: Վերջ ի վերջոյ, միջինարեւելեան տագնապները անգամ մը եւս օրակարգ բերին այս հարցը, բայց իւրաքանչիւր գաղութի տագնապի առնչութեամբ է, որ պէտք է ճշդուի հայրենադարձութեան ծրագիրը:

Հայրենադարձութեան մեծ ծրագիրը ընդհանուր համապարփակ ծրագիր է, զոր պէտք է անյապաղ սկսինք մշակել, որպէսզի սփիւռքահայուն տանք յոյս, որ ինք կրնայ վերադառնալ հայրենիք, հաստատուիլ Հայաստանի մէջ, ուր պիտի ստեղծուին պայմաններ, ուր ան պիտի կարենայ գոնէ  սկզբնական շրջանին ստանալ անհրաժեշտ օժանդակութիւն, որպէսզի մնայ եւ ստեղծագործէ մեր անկախ հայրենիքին մէջ: Բնականաբար, մեր նպատակն է, որ Միջին Արեւելքէն կամ այլ շրջաններէ հայրենիք վերադարձող անձեր Հայաստանը չնկատեն պարզապէս ժամանակաւոր կայան, ապա մեկնին Արեւմուտք: Մեր նպատակն է ամէն գնով աջակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` համահայկական ուժերով իրականացնելու այս ծրագիրը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ալ պատրաստ է ստանձնելու իր բաժինը: Այդ առնչութեամբ մենք վերջերս Հայաստանի կառավարութեան առաջարկած ենք` կազմել աշխատանքային խումբ` այս ամէնը համախմբելու, միասնաբար մտածելու, միասնաբար ծրագրելու եւ հայրենադարձութեան մեծ ծրագիրը միասնաբար յաջողցնելու համար:

Դաշնակցութիւնը` Հայոց Բանակին
Եւ Սահմանապահ Գիւղերուն Կողքին

Անցեալ ամիս, Տաւուշի շրջանին վրայ Ազրպէյճանի կատարած յարձակումէն վերջ, բնականաբար, անհրաժեշտ էր, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, համահայկական այլ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան եւ հայաստանեան ժողովրդային խաւեր ոտքի կանգնէին եւ հասնէին հայրենիքի օժանդակութեան: Այդ ուղղութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը առաջին հերթին քաղաքական աշխատանք կազմակերպեց Հայ դատի յանձնախումբերու ցանցով, որպէսզի մենք կարողանանք զօրավիգ ըլլալ Հայաստանի բանակին` որպէս սփիւռքի մէջ գործող երկրորդ բանակը հայութեան, որպէսզի աշխարհի պետութիւններուն մէջ յստակ ներկայացնենք Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ նկարագիրը, անընդունելի յայտարարութիւններն ու կեցուածքները, բացատրենք ու ամրապնդենք Հայաստանի դիրքերը:

Անհրաժեշտ էր սակայն, ինչպէս խոստացած էինք, որ մենք այդ քաղաքական աշխատանքէն անդին նաեւ անցնինք ժողովրդային եւ բանակի օժանդակութեան գործին: Եւ այսօր ուրախ եմ ըսելու, որ մեր ծաւալած ծրագիրները արդէն որոշ ճամբայ հարթած են` երեք ուղղութիւններով:

Առաջինը բանակի օժանդակութեան «Զինուորի ապահովագրութեան» հիմնադրամի նուիրատուութիւններու խնդիրն է: Միջոցները արդէն սկսած են հոսիլ դէպի Հայաստան, եւ,  ինչպէս կը նշեն այնտեղ, վերջին շրջանին կազմակերպուած նուիրատուութիւնները աւելին էին, քան նախորդող երեք տարիներու ընթացքին եղածները: Այդ արշաւը պիտի շարունակենք,  հակառակ այն իրողութեան որ միջինարեւելեան տագնապը, բնականաբար, մեր ուշադրութիւնը մասամբ շեղեց, որպէսզի հասնինք նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ օժանդակութեան աշխատանքներուն, բայց մեր ունեցած տրամադրութիւնը, մեր ունեցած պատրաստակամութիւնը հայոց բանակի կողքին կանգնելու մնայուն երեւոյթ է եւ շարունակական:

Երկրորդը Հայաստանի սահմանամերձ եւ սահմանապահ գիւղերու օժանդակութեան ու ամրապնդման խնդիրն է: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ճամբով այդ աշխատանքը հունաւորելու ծրագիրն ալ կը մշակենք եւ վստահ ենք, որ յառաջիկայ ամիսներուն այնտեղ ալ պիտի կարենանք իրականացնել կարեւոր նախաձեռնութիւններ:

Իսկ երրորդը, մեր կազմակերպական մեքենան աշխարհով մէկ լարելն է, բոլոր կոմիտէները, քոյր կոմիտէութեան հասկացողութեամբ, Հայաստանի մէջ գործող մեր մարմիններուն հետ կապելն է, որպէսզի անոնք միասնաբար հայթայթեն անհրաժեշտ միջոցները, ունենան ծրագիրներ եւ ծառայեն ժողովուրդին: Այսինքն` մէկ խօսքով, կազմակերպական ճիգերով, ներքին կազմակերպական ճիգերով այդ քոյր միութիւններուն խնդիրը, որ ճանբայ պիտի ելլէ, պիտի չծառայէ պարզապէս կազմակերպական հզօրացման, այլ ընդհակառակն` պիտի ծառայէ ժողովուրդին օժանդակութեան: Բոլոր այն շրջանները, որոնք սահմանապահ են կամ սահմանամերձ, կարօտ են անմիջական խնամքի, որպէսզի մեր երիտասարդութեան ոտքը ամուր կպած մնայ մայրենի հողին, եւ կարենանք նաեւ հպարտօրէն ըսել, որ այս կարեւոր փուլին հասանք հայրենիքի օժանդակութեան եւ կրցանք ապահովել անոր անվտանգութեան գոնէ մէկ փոքրիկ բաժինը:

Սիրելինե՛ր, աւելի քան երբեք հիմա պահն է, որ մենք բռնցքուինք ազգովին, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները: Միասնաբար կարենանք կանգնիլ մեր երկու պետականութիւններուն կողքին` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան, որպէսզի ազգովին կարենանք ապահովել անոնց անվտանգութիւնը, բարձրացնել միջազգային հեղինակութիւնը եւ սատարել ներքին գործընթացներուն, որպէսզի ունենանք այն հայրենիքը, որուն մասին երազած ենք եւ պահած զայն մեր մտքին ու սրտին մէջ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պատրաստ է ստանձնելու իր դերը եւ արդէն իսկ անցած է գործի:

Կը հաւատանք, որ այսօր, աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն է, որ մեր բոլոր ուժերը մէկտեղենք` մեր գործը աւելի արդիւնաւէտ, մեր աշխատանքը աւելի նպատակասլաց դարձնելու համար` բնականաբար մեր ամբողջական ներուժը տրամադրելով հայրենիքին:

 

Նախորդը

Պայրամով. «Պիտի Ազատագրուին» Ազրպէյճանի Բոլոր Բռնագրաւուած Տարածքները

Յաջորդը

Խմբագրական. Նոր Համակարգի Կոչեր. Մե՛ր Հայեցակէտերը

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?