Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջին Ազգային Հերոս Բժիշկը. Բժիշկ Հրայր Յովակիմեան Պարգեւատրուած Է Հայրենիքի Շքանշանով

August 28, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով բժիշկ Հրայր Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչում` բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելուն եւ տարած երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքին համար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը:

«Հիմք ընդունելով վարչապետին միջնորդութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասին, առողջապահութեան զարգացման գործում Հայաստանի Հանրապետութեանը մատուցած բացառիկ ծառայութիւնների, սրտի բարդ վիրահատութիւններ իրականացնող նորարարական բժշկական կեդրոն ստեղծելու եւ մեծաթիւ նոր մասնագէտներ պատրաստելու, բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելու եւ երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքի համար որոշուել է բժիշկ Հրայր Սահակի Յովակիմեանին պարգեւատրել Հայրենիք շքանշանով», ըսուած է նախագահի հրամանագիրին մէջ:

«Հայրենիքի շքանշան»-ը կը յանձնուի երկրի պաշտպանութեան,  իրաւակարգի ամրապնդման բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ ազգային նշանակալի արժէքներու ստեղծման գործին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մատուցած համազգային նշանակութիւն ունեցող բացառիկ ծառայութիւններուն համար: «Հայրենիքի շքանշան»-ով պարգեւատրուած անձը կը նկատուի Հայաստանի ազգային հերոս:

Տարեսկզբին առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան խնդրած էր վարչապետէն առաջարկել նախագահին` բժիշկ Հրայր Յովակիմեանը «Հայրենիքի շքանշան»-ով պարգեւատրել:

Բժիշկ Հրայր Յովակիմեան առաջին Ազգային հերոս բժիշկն է եւ 19-րդ անձը, որ արժանացած է այդ բարձրագոյն կոչումին:

Նախորդը

Աքար. «Հայաստանը Իր Գլուխէն Մեծ Գործերու Միջամուխ Կ՛ըլլայ»

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ 3 Կուսակցութիւններու Աշխատանքային Խումբի Հերթական Նիստ

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.