Համանախագահները Ողջունեցին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Բանակցելու Պատրաստակամութիւնը
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հանդիպումէն ետք համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնդրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք հանդէս եկան յայտարարութեամբ: Համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ, համաձայն առկայ տեղեկատուութեան, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին իրավիճակը յուլիս 15-ի կանուխ առաւօտէն կը մնայ համեմատաբար հանգիստ: «Համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը կ՛ողջունեն ռազմական գործողութիւններու նուազումը...




















