Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պետութեան Կողմէ 25.000.000 Դրամ Լիբանանահայ Վարժարաններուն

August 29, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 27 օգոստոս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան` Արցախի պետութեան անունով քսանհինգ միլիոն դրամ փոխանցելով յօգուտ լիբանանահայ կրթական ասպարէզին:

Վեհափառ հայրապետին խորհուրդով, նոյն օրը Քեպապճեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք պետերուն` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան եւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Այս առիթով, Կարօ Քեպապճեան նշեց, որ Արցախի ամէնէն ծանր օրերուն առաջին օգնութիւնները հասան Լիբանանէն, եւ այսօր պահն է , որ իր կարգին Արցախը ձեռք երկարէ լիբանանահայութեան, որպէսզի ան  մնայ կանգուն: Ան աւելցուց որ «հոն, ուր հայ կայ, հոն, ուր հայկական եկեղեցի, կուսակցութիւն, դպրոց ու մշակոյթ գոյութիւն ունի, հոն Արցախը ներկայ է ու կ՛ապրի»:

Իր կարգին, յօգուտ լիբանանահայ կրթական ասպարէզին փոխանցուած քսանհինգ միլիոն դրամը ստանձնելով` Լիբանանահայ երեք համայնքապետներուն անունով շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Շահէ արք. Փանոսեան, որ  ըսաւ. «Գումարէն անդին եւ վեր,  տագնապի ժամանակներուն մեր կողքին Արցախն ու հայրենիքը  ունենալը, մեզի կորով եւ ուժ ներշնչող երեւոյթ է: Յատկապէս, լիբանանահայ կրթական ասպարէզին ընծայուած օժանդակութիւնը, մեր գոյութիւնը առաւել եւս ամրացնելու նպատակին կը ծառայէ: Էականը, պէտք է մէկս միւսին օժանդակ եւ նեցուկ մնանք, որպէսզի իբրեւ ազգ, հայրենիք եւ սփիւռք մնանք կանգուն եւ մեր եկեղեցիներով, դպրոցներով ու կառոյցներով առաւել եւս ամրացնենք մեր գոյութիւնը ամէն տեղ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

 

Նախորդը

«Մենք Տեղի Տուող Տեսակը Չենք Եւ Մեր Քաղաքը Զարգացնելու Աշխատանքը Պիտի Շարունակենք» Շեշտեց Մ. Պօղոսեան

Յաջորդը

Հանդիպում Վարչապետ Հասսան Տիապի Հետ

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.