Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Արթուր Մկրտչեանը Առաջինը Պէտք Է, Որ Արժանանար Արցախի Հերոսի Կոչումին»

Օգոստոս 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Արթուր Մկրտչեանին յետմահու «Արցախի հերոս» կոչում շնորհելու հարցը համապատասխան յանձնախումբի քննարկման ներկայացնելուն:

Դաւիթ Իշխանեանը նշած է. «Կ՛ողջունեմ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին յետմահու Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական կոչում (Արցախի հերոս) շնորհելու հարցը համապատասխան յանձնախումբի քննարկման ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը: Իմ խորին համոզումով, Արթուր Մկրտչեան առաջինը պէտք է, որ արժանանար Արցախի հերոսի կոչումին: Թէկուզ ուշացումով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին քայլը գնահատելի է: Աւետիս Ահարոնեանի խօսքերը ուղղուած զօրավար Անդրանիկին եղած են ինծի  համար ուղեցոյց` հերոսի իսկական կերպարը գնահատելու համար: Այդ խօսքերը ըսած եմ իմ ելոյթիս` Արթուր Մկրտչեանի 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին. «Միշտ ալ ցաւ ունեցայ Անդրանիկի ուսադիրներուն համար: Ազգային հերոսները պաշտօնական փայլ ու պատիւէ միշտ պէտք է ազատ մնան: Յարգանքն ու պաշտամունքը, որ ժողովուրդը կը փռէ իր ընտրեալներուն ոտքերուն առջեւ, մշտական եւ անուշաբոյր խնկարկութիւն է: Ոչ մէկ շքանշան, ոչ մէկ պատուոյ աստիճան կրնայ զայն փոխարինել»:

Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմատետրի իր էջով առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին յետմահու շնորհել Արցախի հերոսի բարձրագոյն կոչում:

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան իր գրառումով ըսած է. «Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին առընթեր պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու շնորհման հարցերու քննարկման խորհրդակցական յանձնախումբի քննարկման ներկայացուցած եմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական կոչում (Արցախի հերոս) շնորհելու հարցը»:

Ան նշած է, որ Արթուր Մկրտչեանի` հայրենիքին մատուցած բացառիկ ծառայութեան եւ ձգած աւանդին մասին առիթ ունեցած է խօսելու 14 ապրիլին` քուէարկութեան երթալէ առաջ:

«Կը կարծեմ` մեր երիտասարդ պետականութեան կերտման գործին մէջ անոր կատարած աշխատանքը արժանի է բարձրագոյն գնահատականի եւ սերունդներու համար դաստիարակութեան լաւ օրինակ կրնայ ծառայել», ընդգծած է նախագահ Յարութիւնեան:

 

 

Նախորդը

Տօնոյեան Քասփրչիքի Ուշադրութեան Յանձնած Է Հայ Սպայի Մասնակցութեամբ Ազրպէյճանական Տեսաուղերձը

Յաջորդը

Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Սերկէյ Լաւրովի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?