Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 26 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքին հետ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:
Ստեփանեան նշած է, որ զրոյցի ընթացքին Տօնոյեան դեսպան Քասփրչիքի ուշադրութիւնը հրաւիրած է ինչպէս երէկ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Ալավերդեանի մասնակցութեամբ տեսաուղերձին, նոյնպէս ալ հրապարակուած նախորդ տեսահոլովակին վրայ` ընդգծելով, որ վերոնշեալ տեսագրութիւնները միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքներու, այդ կարգին նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներ են:
«Ժընեւեան համաձայնութիւնները կ՛երաշխաւորեն ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, անոնց պատիւին եւ արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի իրաւունքը, որ պէտք է բացառէ որեւէ տեսակի նուաստացնող վերաբերմունք անկախ անկէ, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ եւ ի՛նչ վայրի մէջ յայտնուած է անձը հակառակ կողմի իրաւազօրութեան ներքեւ: Զինուոր Գուրգէն Ալավերդեան ակնյայտօրէն կը կարդայ իրեն պարտադրուած թերի հայերէնով մշակուած գրութիւնը», գրած է Ստեփանեան:
Նշենք, որ սպայ Գուրգէն Ալավերդեան Ազրպէյճանի տարածքին մէջ յայտնուած է 24 օգոստոսին: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ նախնական տուեալներով ան մոլորուած է: