«Կը Զօրակցինք Կառավարութեան Եւ Կը Մաղթենք, Որ Անոր Աշխատանքի Թափը Աշխուժանայ» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց վարչապետ Հասսան Տիապի, որուն հետ 45 վայրկեան տեւողութեամբ քննարկեց երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները: Բագրատունի վարչապետին ուշադրութեան յանձնեց այն իրողութիւնը, որ կառավարութիւնը պարտի արագ կերպով ձեռնարկել բարեկարգումի լայնածաւալ աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ վերահաստատել տարիներու ընթացքին կորսուած ժողովրդային վստահութիւնը եւ ապահովել օտար պետութեանց եւ ընկերութեանց ներդրումները: Երեսփոխան Բագրատունի պահանջեց, որ...



















