Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց աւարտին գլխաւոր թեկնածու Մուսթաֆա Ատիպ նշանակուեցաւ վարչապետ:
Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած շուրջ 4 ժամուան խորհրդակցութիւններէն ետք Մուսթաֆա Ատիպ 90 քուէով դարձաւ վարչապետ:
Նախագահ Աուն, խորհրդակցելէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, Ատիպը հրաւիրեց նախագահական պալատ եւ անոր յանձնեց նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը:
Ատիպ իր կարգին ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ա. եւ Բ. իշխանութեան պետերուն հետ:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի նախագահական պալատէն մեկնեցաւ` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը կարելի ըլլայ շուտով կազմել:
Ապա խօսք առաւ Ատիպ, որ յոյս յայտնեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութեան մասին:
Ան ընդգծեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ծանր ու դժուար պայմանները աշխատանք կ՛ենթադրեն, եւ ոչ թէ խօսակցութիւն, խոստումներ, մտահոգութիւններ կամ մաղթանքներ:
«Լիբանանցիները երկրին ներկայ իրավիճակով ու ապագայով մտահոգ են, եւ կը յուսանք, որ պիտի կարենանք կազմել ներդաշնակ կառավարութիւն մը, որուն անդամները պիտի ըլլան մասնագէտներ եւ յատուկ կարողութիւններ ունեցող ատակ անձնաւորութիւններ», ըսաւ ան:
Ատիպ հաստատեց, որ Լիբանանի առջեւ առկայ առիթները քիչ են, իսկ քաղաքական ուժերը պէտք է գիտակցին այս իրականութեան:
«Լիբանանցիներուն կ՛ըսեմ, որ մեր ճակատագիրն է յաղթել ցաւերուն եւ տխրութեան, իսկ մեր կամքը հզօր է, ուրեմն իբրեւ այդպիսին պիտի կարենանք միասնաբար կերտել ապագայի հանդէպ յոյսը: Յաջողութիւ՛ն մաղթեցէք մեզի», եզրափակեց Ատիպ:
Նշենք, որ նախագահ Աուն խորհրդակցութիւնները սկսաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, որ առաջադրեց Ատիպի թեկնածութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ շարք մը հարցեր, որոնց լուծումը անպայմանօրէն պէտք է ապահովուի բոլորին համագործակցութեամբ:
Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կազմուի:
Ապա նախագահ Աունի այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որ դարձեալ առաջադրեց Ատիպի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ իրենց նպատակն է Պէյրութի վերակառացումն ու վերաշինութիւնը:
Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կարիքը ունի կառավարութեան մը, բաղկացած մասնագէտներէ, որոնք յաջողութիւններ արձանագրած են, եւ ոչ թէ փորձագէտներու կառավարութեան:
Հարիրի ընդգծեց բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին առաջադրեց Մուսթաֆա Ատիպի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ Ատիպի կողմէ կազմուելիք կառավարութիւնը Լիբանանի փրկութեան վերջին առիթն է:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի ոչ ոքի թեկնածութիւնը առաջադրեց` հաստատելով, որ ինք այս նշանակումին առումով ձեռնպահ կը մնայ:
Ան հաստատեց, որ ինք դէմ է խուսանաւումներու եւ քաղաքական կառավարութիւն մը կազմելու պատասխանատուութենէն խուսափելու քայլերուն:
Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքը իր կարգին առաջադրեց Մուսթաֆա Ատիպի թեկնածութիւնը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը առաջադրեց Ատիպի թեկնածութիւնը` կազմելու համար յաջորդ կառավարութիւնը:
Պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են բոլորին հետ գործակցելու` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը, ինչպէս նաեւ ծառայելու անոր առաջնահերթութիւններուն, որոնք ենք բարեկարգումներու գործադրութիւնը, Պէյրութի վերակառուցումն ու երկրին ապահովական կայունութեան վերահաստատումը:
Ազգային համախմբում պլոքը առաջադրեց Ատիպի թեկնածութիւնը` նկատի ունենալով անոր անձին շուրջ գոյացած համախոհութիւնը:
Ժողովրդավարական հանդիպումի երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ առաջադրեց Ատիպի թեկնածութիւնը` ընդգծելով, որ իրենք կ՛առաջադրեն վարչապետի անունը, սակայն կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն:
«Կը պահանջենք կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպել` հիմնուելով ընտրական նոր օրէնքի մը վրայ, ինչպէս նաեւ կը ձգտինք Լիբանանը վերածել քաղաքացիական պետութեան», հաստատեց ան:
Անկախ կեդրոնի պլոքը առաջադրեց Ատիպի թեկնածութիւնը` հիմնուելով անոր հետ իրենց ունեցած բարեկամութեան վրայ: Պլոքը յաջողութիւն մաղթեց Ատիպի` յոյս յայտնելով, որ անոր աշխատանքը հեզասահ կ՛ըլլայ:
Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը առաջադրեց Ատիպի անունը` ընդգծելով, որ իրենք կը զօրակցին քաղաքական համախոհական մթնոլորտին: Երեսփոխան Ասսատ Հարտան յայտնեց, որ Ղովմի կուսակցութեան պլոքը դէմ է պետական հաստատութիւններուն մէջ ստեղծուած անիշխանութեան մթնոլորտին:
Խորհրդակցական հանդիպում պլոքը մերժեց զօրակցիլ ոեւէ թեկնածուի:
Պլոքի անունով երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ իրենք ուղղակի զարմացած են վարչապետի թեկնածուի ինքնութեամբ` աւելցնելով, որ անոնք ծանօթ չեն վարչապետին քաղաքական ծրագիրին, հետեւաբար ոչ ոքի անունը առաջադրեցին վարչապետի պաշտօնին համար:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքը առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը:
Նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ատուան յայտնեց. «Ամօթ չէ հաստատել, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ տարակարծիք ենք: Մենք ժողովրդավար երկրի մէջ կ՛ապրինք, եւ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իր տուեալներն ու պայմանները ունի»:
Երեսփոխան Միշել Տահեր խորհրդակցութեան ընթացքին առաջադրեց Ռայա Հասանի թեկնածութիւնը:
Երեսփոխան Էտի Տեմիրճեան առաջադրեց Մուսթաֆա Ատիպի թեկնածութիւնը` կազմելու համար նոր կառավարութիւնը:
Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ ինք ոչ ոքի թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ վարչապետի պաշտօնին համար` մաղթելով սակայն, որ Ատիպ կը յաջողի կազմել անկախներու կառավարութիւն մը` ստանալով ժողովուրդին վստահութիւնը:
Երեսփոխան Ուսամա Սաատ ոչ ոքի թեկնածութիւնը առաջադրեց` վարչապետի պաշտօնին համար:
Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ մնաց ձեռնպահ, իսկ երեսփոխան Ժիհատ Սամատ առաջադրեց Ֆատըլ Շալաքի անունը:
Հզօր Լիբանան համախմբումը առաջադրեց Մուսթաֆա Ատիպի անունը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ առաջադրած են Ատիպի թեկնածութիւնը` կազմելու համար աշխուժ եւ արդիւնաւէտ կառավարութիւն մը:
Պասիլ անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը ունենայ բարեկարգումի ծրագիր մը, որուն կէտերը ճշդուած ըլլան:
Ապա Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան նշեց, որ ինք կ՛առաջադրէ Մուսթաֆա Ատիպի թեկնածութիւնը` մաղթելով, որ անոնք յանձնառու կը մնան որոշ ժամանակաշրջանի մէջ աշխատանքային յստակ ծրագիր մը գործադրելու:
Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքը իր կարգին առաջադրեց Ատիպի թեկնածութիւնը:
Պլոքին անունով երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ իրենք յաջողութիւնը կը մաղթեն Մուսթաֆա Ատիպի, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի թեկնածուն է, եւ կը փափաքին, որ ան կարենայ կազմել կարող ու արդիւնաբեր կառավարութիւն մը` պարկեշտ ու մասնագէտ նախարարներ ընդգրկող:
Պարտադիր խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն պատկերը եղաւ հետեւեալը. Մուսթաֆա Ատիպ` 90 քուէ, 7 ձեռնպահ, Նաուաֆ Սալամ` 16 քուէ, իսկ Ռայա Հասան եւ Ֆատըլ Շալաք մէկական քուէ:
Նախագահական պալատէն մեկնելէ ետք Ատիպ ուղղուեցաւ Մար Մխայել եւ Ժըմմէյզէ շրջանները, ուր ծանօթացաւ Պէյրութի նաւահանգիստին պատճառած վնասներուն եւ խօսակից դարձաւ քաղաքացիներուն:
Մար Մխայելի եւ Ժըմմէյզէի շրջաններուն մէջ քաղաքացիներէն ոմանք իրենց ցաւերը բաժնեցին նորանշանակ վարչապետին հետ, իսկ ոմանք դժգոհութիւն յայտնեցին անոր այցելութեան համար:
Ատիպ հաստատեց, որ ինք այս շրջանները կ՛այցելէ զօրակցելու համար պայթումէն տուժողներուն եւ ընդգծեց, որ բոլորին ջանքերով Պէյրութի քանդուած շրջանները պիտի վերակառուցուին:
Նշենք, որ Ատիպ կառավարութեան կազմութեան երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները պիտի կատարէ վաղը` չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2020-ին, Այն Թինէի մէջ` նկատի ունենալով Պէյրութի պայթումին պատճառով խորհրդարանի կրած ծանր վնասները:
Նշենք, որ, լիբանանեան արարողակարգին համաձայն, Մուսթաֆա Ատիպ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին այցելեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որ յայտնեց, թէ իրենք կարիքը ունին յաւելեալ ճիգի ու ջանքի, որովհետեւ ժամանակ կորսնցնելու առիթ չկայ:
Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը կազմուի երիտասարդ մասնագէտներէ` վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի նման:
Ապա ան այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ հանդիպումէն ետք յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ վարչապետին:
Ատիպ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որ կոչ ուղղեց կառչած մնալու դատական իշխանութեան ազատ գործունէութեան եւ քաղաքական միջամտութիւններուն դիմաց այդ գործունէութիւնը ամրապնդելու:
Սինիորա շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը գտնուի մեծ պարտաւորութիւններու դիմաց, որոնցմէ է վստահութեան վերականգնումն ու ազատութիւններու պաշտպանութիւնը:
Ատիպ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի, ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Հասսան Տիապի, որ շեշտեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նոր կառավարութիւնը կազմելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ իր կառավարութեան սկսած բարեկարգումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Մուսթաֆա Ատիպ` Կենսագրական Գիծեր
Մուսթաֆա Ատիպ 18 յուլիս 2013-էն ի վեր Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանն է: Ան դոկտորական աստիճան ստացած է իրաւաբանութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու ճիւղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ վարած է դասախօսի պաշտօն Լիբանանի եւ Ֆրանսայի համալսարաններուն մէջ` դասաւանդելով միջազգային օրէնք, սահմանադրական օրէնք, միջազգային յարաբերութիւններ եւ աշխարհաքաղաքականութիւն:
Մուսթաֆա Ատիպ վարած է նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդատուի պաշտօնը` մինչեւ 2000 թուական, երբ ան դեսպան նշանակուած է:
2005-2006 թուականներուն եղած է վարչապետ Միքաթիի ներկայացուցիչը` ընտրական նոր օրէնք մշակող յատուկ յանձնախումբին մէջ:
Ամուսնացած է եւ ունի հինգ զաւակ: