Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յանուն Լիբանանահայութեան Եւ Սուրիահայութեան. ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը

August 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յղեց հետեւեալ ուղերձը` ի զօրակցութիւն լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան:

Սիրելի՛ հոգեհարազատներ,

Միջինարեւելեան տագնապները մեզ բոլորս հարկադրանքի տակ կը  դնեն, որ ձեռք երկարենք եւ հասնինք օժանդակութեան այն համայնքներուն, որոնք եղած են կենսատու սիրտը սփիւռքահայութեան: Լիբանանի պարագային ձեզի ծանօթ է, որ հոկտեմբերէն սկսած տնտեսական տագնապը, առաւել թագաժահրի գործած աւերը, ինչպէս նաեւ վերջին պայթումը ստեղծեցին այնպիսի իրավիճակ, ուր անհրաժեշտ է անմիջականօրէն կազմակերպուիլ եւ օգնութեան ձեռք երկարել լիբանանահայութեան, որպէսզի ան վերագտնէ իր նախկին կենսունակութիւնը եւ ինչպէս անցեալին, ապագային եւս շարունակէ իր կեդրոնական դերը համասփիւռքեան եւ համահայկական առումով:

Սուրիոյ պարագային աւելի անմիջական եւ ճգնաժամային է կացութիւնը` նկատի ունենալով, որ երկիրը նաեւ շրջափակուած է շարք մը արեւմտեան պետութիւններու կողմէ եւ օժանդակութիւն հասցնելու խնդիրն ալ դժուարացած է: Բայց ատիկա մեզի չի յուսահատեցներ, եւ այդ ուղղութեամբ բոլորս պէտք է տանինք այն հարկաւոր աշխատանքը, որպէսզի այդ գաղութն ալ ունենայ անհրաժեշտ բժշկական, առողջապահական եւ մարդկային միջոցները, որպէսզի ան եւս վերականգնէ իր նախկին կենսունակ վիճակը:

Կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու կառավարութիւններուն, մեր երկու կաթողիկոսներուն, կրօնական պետերուն եւ համահայկական բոլոր կառոյցներուն, որոնք առաջին օրուընէ օժանդակութեան ձեռք երկարեցին Լիբանանին եւ տակաւին կը շարունակեն հանգանակութեան եւ օժանդակութեան արշաւները:

Կ՛ուզեմ նշել նաեւ այն յատուկ աշխատանքը, որ կը տանինք Սուրիոյ պարագային Հայաստանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն հետ, ի մասնաւորի` այնտեղ դաշտային հիւանդանոց հիմնելու ուղղութեամբ, որպէսզի հասնինք մեր ժողովուրդի առողջապահական կարիքներուն: Նշեմ նաեւ, որ Հալէպ գտնուող մարդասիրական պահակազօրը արդէն իսկ իր կարեւոր օժանդակութիւնը կու տայ  Սուրիոյ ընդհանրապէս եւ յատկապէս հայ համայնքին: Ասոնք իսկական եւ լաւ օրինակներ են համազգային ճիգի, ամբողջական նուիրումի, համահայկական ուժի կուտակման եւ յստակ թիրախաւորելու այն երկու պատմական ու կարեւոր համայնքները, որոնք բաբախուն սիրտը հանդիսացած են սփիւռքին:

Վստահ ենք, որ մեր այդ համայնքները պէտք է վերականգնին ու վերադառնան իրենց նախկին կենսունակ եւ ամբողջապէս հայ ժողովուրդին նուիրուած դերին:

 

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամէն Ինչ Ընենք, Որ Մարդիկ, Որոնք Վերադարձած Են Հայրենիք, Այլ Երկիր Երթալու Ցանկութիւն Երբեք Չունենան»

Յաջորդը

Թուրքիոյ Պահանջով Արգիլուած Է Վրացական Ազգային Տօնը

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.