Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հայաստանի Քաղաքական  Ուժերուն Քննարկումներու Համար  Ստեփանակերտ Այցելելու Կոչ Յղած Է

Արցախի Նախագահը Հայաստանի Քաղաքական Ուժերուն Քննարկումներու Համար Ստեփանակերտ Այցելելու Կոչ Յղած Է

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմած է Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերուն այցելելու Ստեփանակերտ` տեղւոյն վրայ քննարկումներ ծաւալելու համար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Արայիկ Յարութիւնեան այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ: «Ստեղծուած բարդ քաղաքական իրավիճակը մեր իրականութեան մէջ ինքնաբերաբար նոր օրակարգ է ձեւաւորել: Այն հայկական քաղաքական դաշտի հիմնական դերակատարների հետ քննարկելու եւ եղած ամբողջ տեղեկատուութիւնը ներկայացնելու նպատակով դիմում եմ Հայաստանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Ժողովուրդին  Կոչ Ուղղեց Հեռու Մնալու Ներքին Միասնականութիւնը  Ջլատող Արտայայտութիւններէ Եւ Քայլերէ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Ժողովուրդին Կոչ Ուղղեց Հեռու Մնալու Ներքին Միասնականութիւնը Ջլատող Արտայայտութիւններէ Եւ Քայլերէ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հայ ժողովուրդին կոչ ուղղեց հեռու մնալու ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ եւ քայլերէ: Արամ Ա. կաթողիկոս այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ: «Պարտադրուած համաձայնութիւններուն նկատմամբ, որքան ալ անխուսափելի ըլլան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն մերժումը բնական է ու արդար: Սակայն, այս ճակատագրական օրերուն մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ միակամ ու խոհեմ` հեռու մնալով մեր ներքին միասնականութիւնը...

Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  Ազրպէյճանի Հետ Ստորագրեց  Յանձնուողական Համաձայնագիրը

Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազրպէյճանի Հետ Ստորագրեց Յանձնուողական Համաձայնագիրը

Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին Արցախի մէջ բոլոր ռազմաճակատներուն վրայ շարունակուեցան բուռն բախումները հայկական զինեալ ուժերուն եւ ազրպէյճանական նախայարձակ բանակին ու ահաբեկչական վարձկաններուն միջեւ: Առաւել բուռն բախումներ տեղի ունեցան Բերձորի, Շուշիի եւ Մարտունիի ուղղութիւններով: Ամբողջ օրուան ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուորները եւ կամաւորական վաշտերը բուռն դիմադրական կռիւներ մղեցին Շուշիի եւ անոր մերձակայքին մէջ: Ուշ երեկոյեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Հայ ժողովուրդը, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժեր, մէկտեղել են իրենց կարողականութիւնը` դիմագրաւելու հայկական երկու պետութիւններին ուղղուած թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը: Պատերազմական այս օրերին քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական ճակատներում բեկում մտցնելու յորդորով իշխանութիւններին ենք ներկայացրել բազմաթիւ առաջարկութիւններ, այդ թւում իրավիճակի շտկմանն ուղղուած հանդիպումների առաջարկներ, որոնք մնացել են անպատասխան եւ չիրագործուած: Պատերազմը սաստիկ է, կորուստներն` անդառնալի եւ ծանր: Որպէս պետութիւն եւ ժողովուրդ կանգնած ենք...

Շեշտելով Արցախի Գոյամարտի  Վտանգաւոր Բնոյթը`  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Այսօր Ինչ Որ Կը Պատահի  Արցախի Մէջ` Մեր Ամբողջ  Հայ Ժողովուրդի Ճակատագիրն Է, Որ Կը Ճշդէ»

Շեշտելով Արցախի Գոյամարտի Վտանգաւոր Բնոյթը` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Այսօր Ինչ Որ Կը Պատահի Արցախի Մէջ` Մեր Ամբողջ Հայ Ժողովուրդի Ճակատագիրն Է, Որ Կը Ճշդէ»

«Այսօր ինչ որ կը պատահի Արցախի մէջ` մեր ամբողջ ժողովուրդի ճակատագիրն է, որ կը ճշդէ», յայտարարեց կիրակի, 8 նոյեմբեր 2020-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` նշելով, որ Արցախի մէջ կացութիւնը օրհասական է: Լիբանանեան «Օ.Թի.Վի» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն հաղորդումի ընթացքին ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին Տէր Խաչատուրեան ահազանգ հնչեցուց նշելով, որ եթէ Արցախը իյնայ` կը վտանգուի ամբողջ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի...

Դաւիթ Իշխանեան Կասկածելի Կը Նկատէ Շուշիի Մասին  Արցախի Ղեկավարութեան Յայտարարութիւնը

Դաւիթ Իշխանեան Կասկածելի Կը Նկատէ Շուշիի Մասին Արցախի Ղեկավարութեան Յայտարարութիւնը

Շուշի քաղաքին մէջ ամբողջ օրուան ընթացքին մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը: «Ամբողջ օրուան ընթացքին ռազմական գործողութիւնները շարունակուած են, դժուար է այս պահուն ընդհանուր գնահատական տալ: Եթէ պաշտպանութեան բանակը համապատասխան հաստատումներ չի կատարեր, կը կարծեմ, որ քաղաքական իշխանութիւններուն...

Նախագահ Աուն Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հետ  Քննարկեց Եգիպտոս Կատարած  Այցելութեան Արդիւնքները

Նախագահ Աուն Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հետ Քննարկեց Եգիպտոս Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

«Արաբական Սկաուտական 30-րդ Խորհրդաժողովը Լիբանանի Մէջ Հիւրընկալելու Իրաւունքը Ձեռք Ձգելու Կարեւորութիւնը Մեծ Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որուն հետ քննարկեց Եգիպտոս կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, յատկապէս Լիբանանի կողմէ 2022-ին Արաբական սկաուտական 30-րդ խորհրդաժողովն ու Արաբական երիտասարդական-սկաուտական 5-րդ համագումարը հիւրընկալելու մանրամասնութիւնները: Նախագահ Աուն նախագահեց նաեւ...

Հայկական Զինեալ Ուժերը Բուռն Եւ Յամառ  Դիմադրական Պայքար Կը Մղեն Շուշիի Եւ Անոր Մերձակայքին Մէջ

Հայկական Զինեալ Ուժերը Բուռն Եւ Յամառ Դիմադրական Պայքար Կը Մղեն Շուշիի Եւ Անոր Մերձակայքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ յայտնեց, որ արցախեան ռազմաճակատի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: 8 նոյեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Յովհաննիսեան նշեց, որ նախանցեալ օր (7 նոյեմբերին, «Ա.») ամբողջ գիշեր եւ երէկ (8 նոյեմբերին, «Ա.») ամբողջ օրուան ընթացքին ռազմաճակատի տարբեր ուղղութիւններով մարտերը շարունակուած են: «Մարտերը եղած են բաւական բուռն: Նախ հիւսիսի մէջ թշնամիի զօրքերը` հիմնականին...

Միքայէլ Համբարձումեան Ազատ Կացուցուած Է  Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէնի  Տեղակալի Պաշտօնէն. Փոխարէնը Նշանակուած Է Արմէն Աբազեան

Միքայէլ Համբարձումեան Ազատ Կացուցուած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէնի Տեղակալի Պաշտօնէն. Փոխարէնը Նշանակուած Է Արմէն Աբազեան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով` Միքայէլ Համբարձումեան ազատ կացուցուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի տեղակալի պաշտօնէն: «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի Ա. մասի, ինչպէս նաեւ «Ազգային անվտանգութեան մարմիններուն մէջ ծառայութեան մասին» օրէնքի 18-րդ  յօդուածի 2-րդ մասի. Միքայէլ Համբարձումեան ազատ կացուցել  Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի պաշտօնէն», նշուած է հրամանագիրին մէջ: Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Կը Գուժէ  Բժիշկ-Ազատամարտիկ Նորայր Շահբազեանի Մահը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Կը Գուժէ Բժիշկ-Ազատամարտիկ Նորայր Շահբազեանի Մահը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը գուժէ դաշնակցական նուիրեալ ընկեր, ազատամարտիկ ՆՈՐԱՅՐ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆի մահը: Նորայր Շահբազեանը արցախեան առաջին ազատամարտի մասնակից է, Շուշիի առանձին հրաձգային գումարտակի ազատամարտիկ, Ապրիլեան քառօրեային` ՀՅԴ կամաւորականներու, իսկ ներկայ պատերազմին` «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան մէջ  ձեւաւորուած գումարտակի բժիշկ-ազատամարտիկ, «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանակիր, պահեստազօրի սպայ` քափիթենի կոչումով: ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ  

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Նախագահ

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Նախագահ

Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու, Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն 3 նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ընթացքին պարտութեան մատնելով գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփը ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահ: Ան շաբաթ օր Փենսիլվանիա նահանգի քուէները ապահովելով յաղթանակ արձանագրելէ ետք իր համակիրներուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ այժմ Միացեալ Նահանգները «դարմանելու ժամանակն է»` խոստանալով «չպառակտել, այլ միացնել» երկիրը: «Կը խոստանամ ըլլալ նախագահ...

Երէկ` Շուշիի Պաշտպանութեան  Փայլուն Օրերէն Մէկը

Երէկ` Շուշիի Պաշտպանութեան Փայլուն Օրերէն Մէկը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ արցախեան-ազրպէյճանական պատերազմին` դիտել տալով, որ արդէն շուրջ երկու օր է մարտերը չեն դադրած Շուշիի շրջակայքին մէջ: 5 եւ 6 նոյեմբերին բաւական ծանր մարտեր ծայր առած են Շուշիի շրջակայ բնակավայրերուն մէջ, Շուշի տանող ճամբաներուն վրայ: Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ 1992 թուականի Մայիսի 8-ը հայոց պատմութեան մէջ նշուած է իբրեւ...

Պաապտայի Ժողովին.   «Մեր Ընտրանքը Երկխօսութիւնն Է, Եւ Ոչ Մէկ Շահ Կայ Ենթարկուելու Սադրանքներու»  Հաստատեց Բագրատունի

Երեսփոխան Բագրատունի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Արցախի վրայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին եւ շրջանին վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան:  

Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Աղեքսանդրիոյ  Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարանը  Եւ Եգիպտահայ Գաղութի Այլ Կառոյցներ

Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարանը Եւ Եգիպտահայ Գաղութի Այլ Կառոյցներ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Եգիպտոս կատարած իր այցելութեան ընթացքին այցելեց նաեւ Ս. Թերեզ եկեղեցի, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Իգնատիոս եպս. Գուսանի հետ: Վ. Օհանեան-Գէորգեանը դիմաւորեց Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապի, ինչպէս նաեւ` Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանի ներկայացուցիչ` Հայաստանի հիւպատոս Ռաֆայէլ Մովսիսեան: Եկեղեցւոյ մուտքին նախարար Օհանեան-Գէորգեան դիմաւորուեցաւ Ապուլ...

ԶՈՄ-ի Նախաձեռնութեամբ.  Լիբանանի Քաղաքական Ուժերու Եւ Կուսակցութիւններու Երիտասարդական-Ուսանողական Միութիւններուն Ներկայացուեցաւ Ղարաբաղի Տագնապն Ու Ներկայի Վիճակը

ԶՈՄ-ի Նախաձեռնութեամբ. Լիբանանի Քաղաքական Ուժերու Եւ Կուսակցութիւններու Երիտասարդական-Ուսանողական Միութիւններուն Ներկայացուեցաւ Ղարաբաղի Տագնապն Ու Ներկայի Վիճակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական ուժերու եւ կուսակցութիւններու երիտասարդական-ուսանողական միութիւններուն միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէն Վերա Եագուպեան: Այս հանդիպման նպատակն էր միութիւններուն ծանօթացնել...

Իսի Լէ Մուլինոյէն 15 Թոն  Օժանդակութիւն Լիբանանին

Իսի Լէ Մուլինոյէն 15 Թոն Օժանդակութիւն Լիբանանին

Երէկ «Ազդակ» ընդունեց այցելութիւնը Իսի Լէ Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանին, որուն կ՛ընկերակցէր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան: Տնօրէնութեան հետ կայացած զրոյցին ընթացքին Արթիւր Խանճեան զեկուցեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետ Սանթինի առաջադրած է լիբանանցի ժողովուրդին օժանդակութեան ծրագիր մշակել, որուն պատասխանատուութիւնը յանձնած է փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանին: Խանճեան ըսաւ, որ գործնական նկատուած է տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի կառոյցին եւ...

Արայիկ Յարութիւնեան. «Շուշին Անառիկ  Պահելու Համար Կը Գործադրուին Բոլոր Ջանքերը»

Արայիկ Յարութիւնեան. «Շուշին Անառիկ Պահելու Համար Կը Գործադրուին Բոլոր Ջանքերը»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 5 նոյեմբերին այցելեց Շուշի, հանդիպում ունեցաւ քաղաքի պաշտպաններուն հետ, տեղւոյն վրայ քննարկեց թշնամիին բազմաքանակ ուժերուն դէմ պայքարի ռազմավարութիւնը: «Արհեստավարժ զինուորականներու եւ կամաւորականներու ջանքերով ստեղծուած պաշտպանական ամրութիւնները եւ տղաներու վճռականութիւնը յոյս կը ներշնչեն, որ բերդաքաղաքը անառիկ պահելու համար կը գործադրուին բոլոր կարելի ջանքերը: «Շուշին իր հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներով ու աւանդութիւններով, մեր մեծագոյն ժառանգութիւններէն է, որ...

Քանատայի Լաւալ Քաղաքը Ճանչցաւ  Արցախի Անկախութիւնը

Քանատայի Լաւալ Քաղաքը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Քանատայի Քեպեք նահանգի Լաւալ քաղաքի 4 նոյեմբերին տեղի ունեցած  քաղաքապետական խորհուրդի նիստի ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց յատուկ բանաձեւ մը, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Բանաձեւի գլխաւոր կէտով խորհուրդը կը ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուի Արցախի վրայ կատարուած թուրք-ազրպէյճանական ռազմական յարձակումը եւ կոչ կ՛ուղղուի Քանատայի դաշնակցային կառավարութեան ու Քեպեք նահանգի կառավարութեան, որպէսզի սատարեն Արցախի տագնապին գծով...

Միացեալ Նահանգներու Էնկլվուտ-Քլիֆս Քաղաքը  Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Էնկլվուտ-Քլիֆս Քաղաքը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգի Էնկլվուտ-Քլիֆսի քաղաքապետ Մարիօ Քրանիաք 4 նոյեմբերին քաղաքապետարանին անունով բանաձեւ որդեգրած է` ճանչնալով Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ դատապարտելով ազրպէյճանական եւ թրքական յարձակումները Արցախի հայերուն վրայ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: «Իմ համեստ կարծիքս այն է, որ խելամիտ մարդոց հետ միշտ կարելի է գտնել խաղաղութեան...

Page 405 of 797 1 … 404 405 406 … 797

Արխիւներ