Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Մեծ Երթ` Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

Դեկտեմբեր 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 29 դեկտեմբերին, Արաբկիր վարչական շրջանի Վահագն Դաւթեան այգիի մօտակայքէն սկիզբ առաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի բողոքի երթը դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Քաղաքացիներու պահանջը մնաց անփոփոխ` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

«Իշխանութիւնը, հակառակ իր յայտարարութիւններուն, թէ բոլոր կարելիութիւնները ստեղծած է ընդդիմութեան գործունէութեան համար, կը մոռնայ իր ճնշող հիմնական զէնքերուն մասին` ոստիկանութիւն, Քննչական կոմիտէ եւ Յատուկ քննչական ծառայութիւն»,  երթին սկիզբը յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան:

Ան յիշեցուց, որ նախանցեալ օր Ազգային ժողովի շրջակայքը բողոքի ցոյցի ընթացքին ոստիկանութիւնը դիմեց շատ աւելի բիրտ միջոցներու, քան նախկին միջոցները. «Եթէ ոստիկանութեան մէջ նոր նշանակուածներ կան, որոնց ուշքն ու միտքը Նիկոլին համոզելն է, որ իրենք աւելի լաւ կրնան ծառայել անոր, քան Հայաստանի օրէնքներուն, պէտք է գիտնան, որ այդ օրէնքները օր մը պիտի կանգնին իրենց դիմաց, պիտի նային այդ պաշտօնեաներու աչքերուն մէջ ու պիտի պահանջեն խիստ պատասխան:

Ան յայտնեց, որ այսօր կը շարժին դէպի Յատուկ քննչական ծառայութիւն, պիտի ներկայացնեն իրենց դժգոհութիւնները, պահանջները` օրէնքը կատարել լիարժէք:

Գեղամ Մանուկեանը ըսաւ, որ իրենց պահանջը` «Առանց Նիկոլի Հայաստան», պիտի չդադրի, քանի որ վարչապետի աթոռին նստած խելագարը ամէն օր աւելի նոր խելագարութեան մը կը դիմէ, ամէն օր աւելի կը վատթարացնէ երկրին մէջ կեանքը:

«Այդ պատճառով մեր պահանջը կը մնայ նոյնը` «Առանց Նիկոլի Հայաստան», ըսաւ Գ. Մանուկեան:

Երթի ընթացքին յայտարարութիւններով հանդէս եկան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, անհատներ:

Քաղաքացիները պատշգամներէն ողջունեցին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով երթի մասնակիցները:

Երբ ընդդիմութեան երթը հասաւ Յատուկ քննչական ծառայութեան շէնքի մօտակայքը, անոնք ներկայացուցին իրենց պահանջները:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան նշեց. «Յատուկ քննչական ծառայութիւնը 2,5 տարի եղած է Նիկոլ Փաշինեանի ամէնէն հաւատարիմ հաստատութիւններէն մէկը: Այս հաստատութիւնը եղած է անհատապէս Նիկոլի հաւատարիմ հաստատութիւն: Նիկոլը գացող է, պիտի մնայ օրէնքը, Սահմանադրութիւնը իր ամբողջ խստութեամբ: Յատուկ քննչական ծառայութիւնը դեռ ունի ժամանակ գործադրելու մեր, բոլորին  օրէնքը: Յարուցեցէ՛ք քրէական գործ դաւաճանին դէմ», ըսաւ ան:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի իրաւական յանձնախումբի նախագահ Արթուր Ղազինեան` նշելով, որ մինչեւ հիմա ներկայացուած է երեք հաղորդում յանցագործութեան մասին, երեքն ալ պետական դաւաճանութեան յատկանիշներով, նաեւ յարուցուած է 2 քրէական գործ, որոնց մէջ ինք ներգրաւուած է. «Մէկը կը քննուի Յատուկ քննչական ծառայութեան, միւսը` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ: Երկու դէպքով ալ իբրեւ վկայ ներկայացուած են պետական դաւաճանութեան անհերքելի փաստեր», ըսաւ Ղազինեան:

Ան ընդգծեց, որ յանցագործութեան հաղորդումներէն մէկը կը վերաբերի  սահմաններու անխախտելիութեան, տարածքային ամբողջականութեան, նաեւ սահմաններու արտաքին անվտանգութեան նկատմամբ դիտաւորեալ գործած յանցագործութեան:

Իր կարգին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան` դիմելով Յատուկ քննչական ծառայութեան պետին եւ  անձնակազմին ըսաւ, դուք պարտաւոր էք կալանաւորելու թիւ մէկ դաւաճանը` Ն. Փաշինեանը:

Արծուիկ Մինասեան կարդաց Սասուն Խաչատրեանի երդման բնագիրը` նշելով, որ ան երդում տուած է ծառայելու օրէնքին, ինչ որ կը նշանակէ, որ պէտք է անյապաղ կալանաւորել Նիկոլ Փաշինեանը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը նաեւ նշեց, որ պէտք է դադրեցուին այն քրէական հետապնդումները, որոնք սկսած են ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն. Ճգնաժամ` Արցախի Պետական Կառավարման Համակարգին Մէջ

Յաջորդը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր. Երիտասարդ Մարդուժի Ներդրած Նոր Մեթոտաբանութիւնը (Գ.)

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?