Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր. Երիտասարդ Մարդուժի Ներդրած Նոր Մեթոտաբանութիւնը (Գ.)

Դեկտեմբեր 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդ մարդուժի ներգրաւման փորձերը, արդէն դասական ընկալումով, հեզասահ չընթացան այս տարի: Ապագայ լրագրողներու այս տարուան փաղանգը, հետեւելէ ետք աշխատանքի տեսական բաժինին, կը նախապատրաստուէր անցնելու գործնական աշխատանքի յատուկ փուլին: Գործնականը իր հերթին ունէր երկու ենթաբաժին` խմբագրատան մէջ աշխատանոցային եւ ապա համայնքի զանազան կեդրոններ այցելելով յատուկ նիւթեր պատրաստելու: Այս երկրորդն էր հիմնականին մէջ, որ կարելի չեղաւ իրականացնել յատկապէս համավարակի, ապա մեծ պայթումին պատճառով: Նկատեցինք սակայն, որ Ապագայ լրագրողները աշխուժ ներկայութիւն եղան յատկապէս Պատանեկանի եւ Երիտասարդականի հրատարակչական եւ ընդհանրապէս տեղեկատուական աշխատանքներուն մէջ` յօդուածներ ստորագրելով, հարցազրոյցներ վարելով եւ այդ բոլորը ընկերային ցանցերու միջոցով լայնապէս տարածելով:

Մեզի սպասող իրավիճակներու ընդառաջ ապագայ լրագրողներու դասընթացքային թէ վարժողական բաժինները վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք ոչ անպայման իբրեւ բովանդակութիւն, այլ իբրեւ աշխատելաձեւ` հեռակայ դրութիւն օգտագործելու հարկադրանքով:

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան համար հետաքրքրական փորձառութիւն եղաւ Ուսանողականի էջի խմբագրական կորիզին հետ աշխատելու առիթը: Քննարկումի նիստեր, որոնցմէ ետք էջի բովանդակութեան նախագիծերու վերափոխում, այնուհետեւ «Ազդակ»-ի դիմագրաւած տագնապի յաղթահարման համար նոր ուղիներու որդեգրման խորհրդատուութիւն:

Այստեղ նկատեցինք, որ եթէ յօդուածագրութեան, գաղափարական առանցքներու արծարծման առումով  մեր երիտասարդ հրապարակագիրները «Ազդակ»-ի խմբագիրներու խորհուրդին պէտք ունին, ապա «Ազդակ»-ը ի՛նք պէտք ունի մեր ուսանող մարդուժի ձեռք ձգած փորձառութիւնը կիսելուն` թերթի աշխատանքներու յաւելեալ արդիականացման առումով:

«Ազդակ»-ի ընթերցողներու ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպած ըլլայ զաւարեանական այն աշխատասիրութիւնը, որ կ՛արծարծէր արտագաղթի նիւթը համապատասխան վիճակագրական տուեալներով: Խմբագիրներու հետ քննարկումէ բխած այս անհրաժեշտ թղթածրարի բացումը յանգեցաւ առարկայական, թիւերով, պատկերներով եւ հետագայ միտումներ կանխատեսող հրատարակուած նիւթի ամբողջութեան:

Մենք համոզուեցանք, որ գործ ունինք իր տեսակէտները, վերլուծումներու եզրայանգումները գիտական աշխատակարգով օժտող խումբի հետ, որ յաճախ սուր կերպով մեր հանրային երեւոյթները քննադատելու կողքին գիտէ հետագայ աշխատանքներու հունաւորման ուղի ցոյց տալ հանրային ղեկավարութիւն ստանձնած տարբեր հաւաքականութիւններու:

Առարկայականութիւնը հանրային ղեկավարման համար անհրաժեշտ նախադրեալ է իբրեւ մեթոտաբանութիւն: Իսկ առարկայականութեան ձեռք բերման համար հարցախոյզները, վիճակագրութիւնները եւ անոնց հիման վրայ պատկերներու յառաջացումը կարեւոր բաղադրիչներ են: Գործը մասնագիտական է, եւ մեր իրականութիւնը շահած է երիտասարդ մասնագէտներու մարդուժը, որ կրնայ ճշգրիտ գնահատականներ ձեւաւորել հրատապ նիւթերու մասին:

Առարկայականութիւնն ու քարոզչութիւնը երբեմն հաշտ չեն ընթանար իրարու հետ: Այս նուրբ երանգներու սահմանազատումը, կուսակցական վարքագիծի գերադասումով իրողութեան ծալքերու իրազեկումը, յամենայն դէպս կ՛օգնեն աշխատանքներու ծրագրաւորման համար:

Այս նախադէպը եզակի պիտի չմնայ անշուշտ: «Ազդակ» պիտի շարունակէ քննարկումներն ու տարբեր հրատապ, համահայկական նշանակութիւն ունեցող նիւթերու մասին վիճակագրութիւններ եւ եզրակացութիւններ պատրաստելու ընդունակ ուսանող մարդուժի հետ աշխատիլ, նոր թղթածրարներ հրամցնելու համար մեր համայնքի տարբեր ոլորտներու մէջ դերակատար եղող մարդոց` միշտ գերադասելով կառուցողականութիւնը եւ ներկայ ժամանակներուն համահունչ աշխատելու հրամայականը: Խորհրդակցութեան մէջ ենք տպագիր թերթի մասին այսօրուան հանրային կարծիքին մասին թիւերով, տուեալներով իրազեկուելու համար աշխատանքը կազմակերպելու: Կարեւոր, թերեւս անշրջանցելի աշխատանք` երկարաժամկէտ ծրագրումներ եւ խմբագրական քաղաքականութիւն մշակելու համար:

Իսկ այս եղանակը սկզբունքով պէտք է իր ազդեցութիւնը ունենայ մեր պարագային թերթի աշխատանքներու վերակազմակերպման համար: Միաժամանակ անիկա նաեւ որոշումներու գործընթացին անուղղակիօրէն մաս կը դարձնէ այն ընթերցողները, որոնք կարծիք պիտի յայտնեն թերթի խմբագրական բաժանմունքներուն, վարչական տնօրինումներուն, սակագինին, թերթէն բացակայող նիւթերուն, լեզուական հարցերուն եւ տակաւին  մեր կողմէ չնախատեսուած, բայց ընթերցողը յուզող տարբեր հարցերուն մասին:

Չենք պատրաստուիր վարդագոյն թիւեր կամ ներբողական կարծիքներ ձեռք բերելու այս աշխատանքէն: Կը պատրաստուինք մեր ընթերցողներէն իմանալու բացթողումները, անտեսուած բաժինները, զարգացնելիք կէտերը:

Նախորդը

Բողոքի Մեծ Երթ` Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?