«Ազդակ» ելեկտրոնային տարածքներու վրայ շարունակեց աշխուժացում ցուցաբերել: Այստեղ արդէն հասանելիութեան թիւերը վերահսկողութենէն դուրս են. կայքը կարելի է ըսել արդէն դարձած է դասական գոյութենական ելեկտրոնային տարածք, ուր տեղադրուած նիւթերու կապերը շրջանառութեան մէջ կը դրուին ո՛չ միայն ընկերային ցանցերով, այլ նաեւ` «Ուաթց ափ»-ի եւ «Վայպըր»-ի համակարգերով: Եթէ գումարենք նաեւ «Ազդակ»-ի նիւթերու ո՛չ միայն սփիւռքեան, այլ նաեւ արցախեան եւ յատկապէս հայաստանեան լրատուական կայքերու կողմէ կատարուող արտատպումները կամ արտատեղադրումները, արդէն հայ մամուլի տարածման եւ հասանելիութեան առումով կը յանգինք, զուսպ ըսելաձեւ գործածելու համար, բաւական նկատառելի մրցանշային թիւերու:
Տարբեր էր պարագան «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքին, որուն բովանդակութիւնը կեդրոնացաւ յատկապէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կատարած եւ ընդունած այցելութիւններուն, այդ առիթներով լիբանանեան լրատուադաշտին ու հանրային կարծիքին ուղղուած յայտարարութիւններուն, Լիբանանի Հայ դատի եւ քարոզչական մարմիններու հրապարակած հաղորդագրութիւններուն եւ յատկապէս արցախեան պատերազմի ընթացքին արաբական լրատուամիջոցներու հրապարակած առարկայական լրատուութիւններուն եւ մեկնաբանութիւններուն վրայ:
Թէ՛ համավարակի եւ թէ՛ յատկապէս տպագիրի աշխատանքը դժուարացուցած ֆինանսական տագնապի պատճառներով «Պզտիկ-Մզտիկ»-ը անցաւ ամբողջովին ելեկտրոնային դրութեան: Այս անցումը «Պզտիկ-Մզտիկ»-ը օժտեց լուսանկարներու շարժունակութեան արդիական ծրագիրով: Այս մարզին մէջ հաւանաբար տակաւին յաւելեալ աշխատանք կայ իրականացնելիք: Գոհացուցիչը այն է, որ ո՛չ միայն տպագիրի հասանելիութեան թիւը պահպանուած է, այլ կապի փոխանցման ճամբով նոր թիւեր գրանցած: «Պզտիկ- Մզտիկ»-ին կը հետեւին արդէն ո՛չ միայն Լիբանանի համապատասխան տարիքի, այլ նաեւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու երեխաները: Այս նոր աշխարհագրութիւնը այս դրութեամբ նոր ծրագրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը կը յուշէ:
Համավարակը պատճառ դարձաւ, որ «Ազդակ» շատ արագ մամլոյ լսարաններու կազմակերպման եւ իրականացման ձեւաչափը փոխէ: «Զում»-ը հնարաւորութիւն տուաւ, որ թէ՛ զեկուցաբերներու եւ թէ՛ յատկապէս մասնակիցներու առումներով լսարաններու աշխարհագրութիւնը հիմնովին ընդլայնի: Եւ այսպէս, գրեթէ շաբաթական դրութեամբ «Ազդակ» կազմակերպեց համահայկական հրատապ խնդիրներու` քաղաքական, մշակութային, լեզուաբանական, մասնագիտական լսարաններ: Կարելի եղաւ «Ազդակ»-ի շուրջ համախմբել Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն, Երեւանի պետական համալսարանէն, Երեւանի ամերիկեան համալսարանէն, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հայագիտական կեդրոններէն թէ Միջին Արեւելքի տարբեր համալսարաններէն պատմաբաններ, մշակութաբաններ, արխիւագէտներ, ցեղասպանագէտներ, միջազգայնագէտներ: Յուսադրիչ էր նաեւ զեկուցաբերներու կողքին մասնակիցներու թէ՛ աշխարհագրութիւնը եւ թէ՛ մասնագիտական որակը: Առաջարկներ հնչեցին բովանդակութիւնը գիտականին առընթեր համալրելու նաեւ քաղաքական հրատապ խնդիրներով յատկանշուող նիւթերով: Այս եւ նման առաջարկներու որոշման վերածելու համար լսարանի մասնակիցներուն յղելի հարցախոյզի պատրաստութիւնը ընթացքի մէջ է:
Ելեկտրոնային առումով «Ազդակ»-ի կողքին խորհրդատուութեամբ թէ յօդուածագրութեամբ հանդէս եկող երիտասարդ մարդուժի ներկայացուցիչներու մղումով «Ազդակ» որդեգրեց «Փէյփալ»-ի դրութիւնը, յատկապէս իր արտասահմանեան ընթերցողներէն նուիրատուութիւններ ստանալու համար: Այդ դրութիւնը գործեց ո՛չ միայն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին «Ազդակ»-ին հասցուցած վնասներէն դուրս գալու, այլ նաեւ տարբեր առիթներու եւ յատկապէս նման պայմաններուն մէջ թերթին աշխատանքները քաջալերելու առումով:
«Ազդակ»-ի «Էփ»-ը ունեցաւ ներբեռնողներու, նոր զգալի թիւ: Գուցէ` հայաստանեան, արցախեան եւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն առընթեր թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ համավարակի տարածման, ամէնօրեայ թարմացուող թիւերու ներկայացման եւ ընդհանրապէս ճգնաժամային փուլերու շտապ լուրերու թողարկման աշխատելաեղանակով:
Հնատիպերու եւ հանրային գործունէութիւն ունեցած անձնաւորութիւններու լուսանկարներ կամ արխիւներ թուայնացնելու աշխատանքը շարունակուեցաւ «Ազդակ»-ի յարկին տակ: «Ազդակ»-ի թուայնացուած հաւաքածոները արդէն սեփականութիւնն են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի արխիւային, հայագիտական կեդրոններու, մատենադարաններու եւ գրադարաններու մէջ: Գտնուեցան հովանաւորներ, որոնք հաւաքածոները նուիրեցին նման կեդրոններու, մամլոյ պատմութիւն ուսումնասիրողներուն համար շատ կարեւոր սկզբնաղբիւր մը գործնական իմաստով տրամադրելի դարձնելով գիտաշխատողներուն:
Վերջապէս, յատուկ ձեւով արձանագրելի իրադարձութիւն մը ամրագրուեցաւ, նախքան ճգնաժամերու բռնկումը: «Ազդակ»-ի եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնութեան միջեւ կայացաւ համաձայնութիւն. տարեսկիզբին Ազգային գրադարանին մէջ գումարուած հայ մամուլի գիտաժողովին հետեւեցաւ համաձայնութեան յայտարարութիւնը` Ազգային գրադարանը կը ստանձնէր «Ազդակ»-ի ամբողջ հաւաքածոյի մատենագիտութեան պատրաստութիւնը: Խումբ մը մատենագէտներ լծուած են արդէն այս աշխատանքին. նախատեսութիւնը այն է, որ «Ազդակ»-ի հարիւրամեակին թէ՛ տպագիր եւ թէ ելեկտրոնային տարբերակներով տրամադրելի կ՛ըլլայ «Ազդակ»-ի ամբողջ մատենագիտութիւնը: Ազգային գրադարանի համապատասխան բաժանմունքի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, հետագային մատենագիտական բաժինը միշտ թարմացնելու ուղղութեամբ:
Մեր հետագայ ծրագրումներուն մէջ ելեկտրոնային տարածքը յատուկ թիրախ պիտի շարունակէ մնալ` նկատի ունենալով լրատուական կայքերու կողմէ արդէն իսկ օգտագործուող արհեստական բանականութիւնը, այս միտումի արագակշռոյթ զարգացումը, գերարդիական տեղեկագիտութեան ընձեռած նորանոր կարելիութիւնները. բայց նաեւ` նոր համավարակներու կանխատեսումներով հեռավար եւ հեռակայ աշխատակարգի համաշխարհայնացումը: