Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր. Մեր Ճանապարհային Կողմնորոշիչները. Դէպի 2021 (Դ. Վերջ)

Դեկտեմբեր 31, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարուան փակումին հետ չունինք այն համոզումը, որ կը վերանան նաեւ այս տարուան ընթացքին արձանագրուած տարբեր բնոյթի ճգնաժամերուն հետեւանքները: Համավարակի պատուաստանիւթը մոգական գաւազանի ազդեցիկութեամբ չէ՛, որ պիտի յաջողի ստեղծել մանրէազերծ միջավայր: Տակաւին չեն երեւիր լիբանանեան քաղաքական երկնակամարին վրայ  ամպերու հեռացումը եւ անոր անմիջականօրէն կապուած տնտեսական ու ֆինանսական տագնապի բարելաւման միտումները: Այս պայմաններուն մէջ է, որ պիտի շարունակուի աշխատանքը:

Հետեւաբար բարդ ու անորոշ պայմաններու մէջ յստակ ծրագիրներ մշակելն ու այդ մասին կանխաւ յայտարարելը իրատեսականօրէն ակնկալուած արդիւնքները չեն արձանագրեր: Միաժամանակ սակայն, ինքնահոսի կարելի չէ ձգել աշխատանքը: 8 էջով թերթը պէտք է շարունակէ լոյս տեսնել, 2 կայքերը պիտի շարունակեն օրական թարմացուիլ, մանկապատանեկանը` հերթական ամիս, ընկերային ցանցերը` օրական կշռոյթով հրապարակեն նիւթերու կապերը, թուայնացման բաժինը պիտի համալրէ ելեկտրոնային արխիւը նոր հաւաքածոներով, առցանց լսարանները պիտի պահեն գիտական միտքի ներկայացուցիչներու ցանցը, երիտասարդներու համար յատուկ աշխատանոցները պիտի գործեն, եւ «Ազդակ»-ը պիտի շարունակէ իր շուրջօրեայ ժամանակացոյցի կշռոյթով յատկանշուող աշխատանքը: Եթէ համախմբուելու առիթներ վերստեղծուին` անպայման նաեւ տեղի պիտի ունենան լսարանային քննարկումներն ու մամլոյ յօդուածներու հրատարակութիւններու շնորհահանդէսները:

Մեր արտասահմանեան ընթերցողներուն տագնապի օրերուն թերթին նեցուկ կանգնելու գործնական փաստերը կը քաջալերեն մեզ, որ աշխատանքին կարեւորութիւնը զգացող, անձնակազմին գործը գնահատող հեռակայ բարեկամներու ներկայութիւն մը կայ, որուն անմիջականութիւնը կը զգացուի ամէն անգամ, որ տագնապի դիմաց գտնուինք:

Համոզուած ենք, որ այդ ներկայութիւնը պիտի շարունակենք զգալ, յօդուածներու ուղարկումով, ելեկտրոնային քաջալերական նամակներով, նամականիի տարազին տակ մամուլի առաքելութիւնը ընդգծող գրութիւններով, «Ազդակ»-ի աշխատանքին առ ի քաջալերանք կատարուած նուիրատուութիւններով:

Մինչ, հակառակ ֆինանսական տագնապի յամեցման ու սրացման եւ ատոր արդիւնք` գնողականութեան կամ վճարունակութեան կտրուկ անկումին, լիբանանահայ ընթերցողին բաժանորդ մնալը կամ նոյնիսկ հազուագիւտ պարագաներու նոր բաժանորդագրութեան դիմումները պարտաւորեցնող են մեզի համար:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով պէտք է բացառել ընկրկումը կամ յանձնուողականութիւնը: Դժբախտաբար ամէն տարի կը համալրուին փակուող թերթերու անուններ, լիբանանեան, միջազգային թէ հայկական մակարդակներով:

Ճանապարհ ունինք անցնելիք իբրեւ լրատուամիջոց, մամուլ, բայց նաեւ իբրեւ գաղափարաքաղաքական միտքի կազմաւորման միջավայր: Կուսակցական մամուլի խմբագրատան մէջ աշխատանքային փորձ կուտակած մարդը, նոյնիսկ եթէ խմբագրութիւնը կամ լրագրութիւնը իր ասպարէզը չընտրէ, անպայման հանրային կեանքի իբրեւ մասնակից վաստկած կ՛ըլլայ յաւելեալ կէտ մը` միտքի արտադրութեան, միտքի բանաձեւման, գաղափարական կեցուածքի հանրայնացման ընդունակութեան առումներով:

«Ազդակ»-ը ուրեմն, վերը նշուած աշխատանքային ուղղութիւններուն առընթեր պարտի նաեւ կազմաւորման միջավայրի այդ դերի առաւելագոյն արդիւնաւորման համար աշխատիլ:

Այդ կը նշանակէ առանցքային բովանդակութիւն վերապահելով Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական վարքագիծին լսել առաջարկները, տեսակէտները, քննադատութիւնները եւ ըստ այնմ կիրարկել խմբագրական քաղաքականութիւնը:

Կը գիտակցինք, որ հեզասահ պիտի չընթանայ 2021-ի մեր երթը: Ունինք համոզումը սակայն, որ հաւաքական երթի բոլոր մասնակիցներով առաւելագոյնը պիտի ընենք անխափանութիւն ապահովելու համար:

Անխափանութեան համար պէտք ունինք «Ազդակ»-ի թիկունքին կանգնած մարդոց յօդուածներուն, նամակներուն, գնահատականներուն, քննադատութիւններուն եւ նուիրատուութիւններուն: Եւ վստահ ենք, որ կը ստանանք այդ բոլորը:

Բարի՛ երթ դէպի 2021:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Եթէ Մենք Արմատապէս Չփոխենք Դրուածքը, Նորէն Նոյն Կոտրած Տաշտակին Առջեւ Պիտի Յայտնուինք»

Յաջորդը

«Յունաստանը Կը Վախնայ Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւններէն Եւ Կ՛Ապաւինի Ուրիշներու Օգնութեան» Կ՛ըսէ Աքար

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?