Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Եւ Իսի Լա Մուլինօ Քաղաքի Փոխքաղաքապետը
Հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը` ընկերակցութեամբ Իսի Լա Մուլինօ (Ֆրանսա) քաղաքի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի: Յայտնենք, որ փոխքաղաքապետին նախաձեռնութեամբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդեղէնի ու հագուստեղէնի հայթայթման ծրագիր մը իրականացուած էր: Ան Լիբանան եկած էր այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ աշխատանքներ կատարելու: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց...




















