Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառուկեան. «Դիրքորոշումս Չէ Փոխուած. Իրավիճակէն Միակ Ելքը Փաշինեանի Հրաժարականն Է»

Դեկտեմբեր 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 29 դեկտեմբերին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ներկայացնող եւ Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը:

Գագիկ Ծառուկեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ըսած է այն, ինչ որ ըսած է նաեւ հրապարակային ելոյթներով:

«Դիրքորոշումս չէ փոխուած: Ուզած է հանդիպիլ, ես չեմ մերժած,  հանդիպած եմ: Ինչ որ հրապարակային ըսած եմ, ըսած եմ նաեւ անոր: Ըսած եմ, որ ստեղծուած իրավիճակէն միակ ելքը իր հրաժարականն է վայրկեան առաջ», ըսաւ Ծառուկեան:

Գագիկ Ծառուկեան աւելցուց, որ մնացած հարցերը պէտք է ուղղել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Մարուքեանի Հետ Հանդիպումը

Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումին ներկայացուցած է Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան դիրքորոշումը: Այդ մասին Մարուքեան յայտնեց վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

«Մենք առաջարկած ենք, որ վարչապետը տայ հրաժարական, խորհրդարանը ընտրէ նոր վարչապետ, ձեւաւորուի անցումային կառավարութիւն այն ուժերէն, որոնք համաձայնութիւն ունին տուեալ վարչապետի թեկնածուին վերաբերեալ, կառավարութեան մէջ ընդգրկուին մասնագէտներ, որոնք իրենց ոլորտներուն մէջ յաջողութեան հասած մարդիկ են», «Արմէնփրես»-ին հաղորդումով` ըսաւ ան:

Ըստ անոր, պէտք է երկրի ներքաղաքական անկայունութիւնը կայունացնել եւ նախապատրաստել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: «Այդ ընթացքին քննարկելի է նաեւ Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու հարցը, որուն մասին արդէն քանի մը անգամ խօսած եմ», նշեց Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան ղեկավարը:

 

Նախորդը

Վերապահ Կեցուածքներու Մթնոլորտին Մէջ Կառավարութեան Կազմութեան Քաղաքական Ենթահողի Նախաքայլերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Յայտարարութիւն. Ճգնաժամ` Արցախի Պետական Կառավարման Համակարգին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?