Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցիները Պղծած Են Շուշիի  Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր Տաճարը

Ազրպէյճանցիները Պղծած Են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր Տաճարը

Ազրպէյճանցիները պղծած են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետիափորթ» թելեկրամեան ալիքը: Նշենք, որ հայերը Շուշիի մզկիթը վերանորոգած են եւ աւելի քան 28 տարի պահպանած:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կոչ Ուղղեց Մերժելու  Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Միջեւ Ստորագրուած  Փաստաթուղթը Եւ Հեռու Մնալու Ներքին  Ցնցումներ Յառաջացնող Քայլերէ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կոչ Ուղղեց Մերժելու Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Միջեւ Ստորագրուած Փաստաթուղթը Եւ Հեռու Մնալու Ներքին Ցնցումներ Յառաջացնող Քայլերէ

Կիրակի, 15 նոյեմբերին Անթիլիասի մայրավանքէն հայ ժողովուրդին ուղղած իր հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց «մերժելու օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն զինադուլի համաձայնութենէն անդին, երկդիմի ու անորոշ կէտերով լեցուն եւ վտանգալից հետեւանքներով յղի ներկայ փաստաթուղթը»: Ողջունելէ ետք հերոսաբար Արցախի հողը պաշտպանած մեր քաջ բանակը` ան ըսաւ, թէ «պատերազմը չէ աւարտած. հետեւաբար,...

Իմ Կոչս Է Հայ Դատի Զինուորներուն` Երբէք Թափը Չպակսեցնել

Իմ Կոչս Է Հայ Դատի Զինուորներուն` Երբէք Թափը Չպակսեցնել

«Իմ կոչս է Հայ դատի զինուորներուն, որ երբէք թափը չպակսեցնեն, նախ մեր ապրած երկիրներուն մէջ յատուկ աշխատանք տանելով, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինական աղբիւրները չորնան, Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը ամէն գնով հետապնդուի, եւ ամբողջ Հայութիւնը գործէ ի նպաստ բոլոր այն ապաստանեալներուն որոնք այսօր Արցախը լքած են ակամայ, որպէսզի անոնք վերադառնան իրենց տուները եւ որպէսզի չ՚իրականանայ մեր թշնամիի դարաւոր երազը՝ Արցախը...

Ռուսական Խաղաղապահ Զօրախումբի` Արցախի Մէջ  Տեղակայման Զուգահեռ, Երեւանի Մէջ Փաշինեանի  Հրաժարականը Պահանջող Ցոյցերը Շարունակուեցան

Ռուսական Խաղաղապահ Զօրախումբի` Արցախի Մէջ Տեղակայման Զուգահեռ, Երեւանի Մէջ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Ցոյցերը Շարունակուեցան

Երէկ` ուրբաթ, 13 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 16 կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք: Հանրահաւաքի կազմակերպիչներու հիմնական պահանջն էր  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք ներկայացուցին Արցախի պատերազմին պատճառով ստեղծուած իրավիճակէն ելքի իրենց տարբերակը: Ճիշդ նոյն ժամուն` կէսօրէ ետք 4:00-ին, կուսակցութիւններու բոլոր ղեկավարները հրաւիրուեցան Յատուկ քննչական ծառայութիւն` որոշակի բացատրութիւն տալու համար: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ...

Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն  Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Երէկ առաւօտ` ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Արդարեւ, նախագահը վեհափառ հայրապետին առաջարկեց, որ յաջորդ կիրակին` 22 նոյեմբերը, յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ կատարուի յիշատակի արարողութիւն: Յայտնենք, որ նախագահ Սարգսեան նոյն առաջարկը ներկայացուցած է նաեւ Ամենայն Հայոց...

Այցելութիւն Հայաստանի Դեսպանատուն Եւ Յուշագիրի Յանձնում

Այցելութիւն Հայաստանի Դեսպանատուն Եւ Յուշագիրի Յանձնում

Ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2020, կէսօրին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ  յուշագիր մը յանձնեց Հայաստանի պետութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յուշագիրը իր ամբողջութեամբ։ 10 նոյեմբեր 2020 թուականին, Հայաստանի  Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի դադրեցման համար ստորագրեց յանձնուողական ու պարտուողական եռակողմ համաձայնագիր մը՝ դուռը լայն բանալով Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու մեծամասնութեան զիջումին եւ կորուստին։ Վարչապետ...

Հոգեհանգիստ՝ ՀՄԸՄ-ի Նահատակներուն Եւ Ննջեցեալներուն Յիշատակին

Հոգեհանգիստ՝ ՀՄԸՄ-ի Նահատակներուն Եւ Ննջեցեալներուն Յիշատակին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տարեկան աւանդութիւն դարձած հոգեհանգստեան արարողութիւնը՝ միութեան նահատակներուն ու ննջեցեալներու, յատկապէս Արցախեան պատերազմին ինկած հերոսներուն, ՀՄԸՄ-ական նահատակներ՝ Գէորգ  Հաճեանին, Գրիգոր Ղազարեանին, Էրիկ Գալստեանին, Արտակ Մարտիրոսեանին, Հայկ Դերիկլեանին, Արտակ Իշխանեանին եւ Արմէն Առուստամեանին յիշատակին տեղի պիտի ունենայ այս կիրակի, 15 նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պարարագի: «Քորոնա» ժահրին պատճառով երկրին...

Խմբագրական.   Ստորագրուած Փաստաթուղթը Հակասահմանադրական Է

Խմբագրական. Ստորագրուած Փաստաթուղթը Հակասահմանադրական Է

Ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութեան փաստաթուղթը արցախեան պատերազմական գօտիի սահմաններէն հեռացած է եւ ներառած Հայաստանի տարածքներուն վրայ թրքական-ազրպէյճանական պահանջներու իրականացման յանձնառութիւններ: Նման պայմաններ ընդունելով` հայկական կողմը լրիւ ներքաշուած է Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութեան էութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան վերափոխելու Պաքուի երկարատեւ ռազմավարական ծրագիրին մէջ: Հրադադարի պայմանականութիւնը դէպի հայաստանեան տարածքներ առաջնորդելով եւ նման պայմաններու պաշտօնական վաւերացումով, Երեւան իր համաձայնութիւնը կու տայ բանակցութիւններէն Ստեփանակերտը դուրս մղելու ազրպէյճանական առաջադրանքին: Այստեղ...

Երկրորդ Օրն Ըլլալով Վարչապետ Փաշինեանի  Հրաժարականը Պահանջող Ցոյցերը Շարունակուեցան`  Պայքարը Մինչեւ Վերջ Շարունակելու Վճռակամութեամբ

Երկրորդ Օրն Ըլլալով Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Ցոյցերը Շարունակուեցան` Պայքարը Մինչեւ Վերջ Շարունակելու Վճռակամութեամբ

Երէկ` հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու նախաձեռնած հանրահաւաքի մասնակիցները Մատենադարանի մօտակայքէն երթով ուղղուեցան դէպի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնք: Նախանցեալ օր եւ երէկ հանրահաւաքներու վայրերէն եւ իրենց գրասենեակներէն բերման ենթարկուած են մօտ 100 ցուցարար եւ բողոքող: Բերման ենթարկուելէ ետք ձերբակալուած են Բարգաւաճ Հայաստան, Հայրենիք եւ ՀՅԴ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Ձերբակալուածներու շարքին են Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

2020 թուականի նոյեմբերի 10-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմից պատերազմը դադարեցնելու մասին ստորագրուած յայտարարութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան պարտուողական եւ նուաստացուցիչ մի փաստաթուղթ, որը ո՛չ միայն մեծագոյն յանցագործութիւն է հայրենիքի եւ ողջ հայ ազգի շահերի, իղձերի եւ նպատակների նկատմամբ, այլ, նաեւ, միանշանակօրէն վտանգում եւ ոտնահարում է հայ ժողովրդի ներկայ եւ գալիք սերունդների անկախ, անվտանգ եւ զարգացող երկրում ապրելու,...

Արմէն Ռուստամեան.  «Արցախը Պէտք Է Մնայ Հայկական»

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախը Պէտք Է Մնայ Հայկական»

«Մեր պայքարը արդար պայքար է, մեր պայքարը ազնիւ պայքար է, այդ սուտի, կեղծիքի մթնոլորտը, այստեղ հաւաքուելով` կոտրենք վերջապէս: Մեզ խաբած են, մեզ անընդհատ պահած են կեղծիքի մէջ: Ի՛նչ կը խօսէին եւ ո՛ւր հասանք, ստեղծեցին երկու աշխարհ, ստեղծեցին վիրտուալ աշխարհ, ուր մենք կը յաղթէինք, եւ իրական աշխարհ, ուր մենք պարտուեցանք, եւ ասոր մեղաւորը մէկ մարդ է` Նիկոլը», Ազատութեան հրապարակին մէջ հանրահաւաքի...

Բագրատունի-Պասիլ Հանդիպում

Բագրատունի-Պասիլ Հանդիպում

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցերն ու յառաջիկայ փուլի հեռանկարները: Յ. Բագրատունի եւ Պասիլ ընդգծեցին երկկողմանի դաշինքին ամրութիւնը` ընդգծելով Հզօր Լիբանան համախմբումին մէջ քաղաքական եւ օրէնսդրական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ...

Խմբագրական. Համազգային Նոր Մեկնարկ  Ապահովելու Համար

Խմբագրական. Համազգային Նոր Մեկնարկ Ապահովելու Համար

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութիւնը յետանկախ Հայաստանի ամենապարտուողական եւ միակողմանի զիջումներ ներառող փաստաթուղթն է: Հայկական ուժերը կը հեռանան ոչ միայն բանակցային փաստաթուղթերու մէջ նշուած տարածքներէն, այլ նաեւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը ձգեն կարգավիճակի ճշդման համար միջազգային ընտանիքի կողմէ ընդունուած եւ նկատի առնուած քաղաքներ (նախկին ԼՂԻՄ-ի սահմաններ): Գրչի հարուածով համաձայնութիւն կը տրուի նաեւ Կոպըլի կամ Քի Ուեսթի առաջադրած Նախիջեւանէն...

Բազմահազար Հայորդիներ Մերժեցին Յանձնուողական Համաձայնագիրը Եւ Պահանջեցին Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը

Բազմահազար Հայորդիներ Մերժեցին Յանձնուողական Համաձայնագիրը Եւ Պահանջեցին Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը

Երէկ` չորեքշաբթի, 11 նոյեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ կազմակերպութեամբ 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններու խորհուրդին տեղի ունեցաւ բազմամարդ հանրահաւաք, որուն  ընթացքին ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներն ու ներկաները պահանջեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ ձեւակերպեցին իրենց պահանջները: Կազմակերպող կուսակցութիւններն են` «Ազատութիւն», «Ազգային անվտանգութիւն», «Ազգային օրակարգ», «Ազգային ժողովրդավարական միութիւն», «Ազգային համաձայնութիւն», «Ալեանս առաջադիմական ցենտրիստական», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Դեմոկրատական այլընտրանք», «Երկիր ծիրանի», «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն», «Համերաշխութիւն», «Հայաստանի ժողովրդավարական...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

Երէկ ուշ գիշերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի  կայանի լրատուական ծառայութեան ղեկավար Գեղամ Մանուկեանի բերման ենթարկուելէն ետք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Քիչ առաջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ) հրաւիրուեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը: Աւելի վաղ Հայաստանի Հանրապետութեան Ոստիկանութիւն բերման էր ենթարկուել «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Գեղամ Մանուկեանը, ով...

Իշխան Սաղաթէլեան Կոչ Ուղղեց Ստեղծելու  Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ.  «Այս Պահէն Սկսեալ Իշխանութիւնը Գոյութիւն Չունի»

Իշխան Սաղաթէլեան Կոչ Ուղղեց Ստեղծելու Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ. «Այս Պահէն Սկսեալ Իշխանութիւնը Գոյութիւն Չունի»

Այսօր հայ ժողովուրդը, համայն հայութիւնը ունի մէկ գլխաւոր նպատակ` փրկել Արցախը, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Արցախը փրկելու համար մենք պէտք է սկսենք ազգային ազատագրական պայքար: Մենք այս պահին ձեւաւորում ենք հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ: Ողջ հայ ժողովրդին եւ համայն հայութեանը կոչ ենք անում ոտքի կանգնել եւ փրկել Արցախը: Արցախը փրկելու...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Յորդորը ՀՀ Վարչապետին. Անցնցում Հեռացէք Բեմէն

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Յորդորը ՀՀ Վարչապետին. Անցնցում Հեռացէք Բեմէն

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հայ աշխարհը սահմռկեցուցիչ ցնցումի մէջ է։ Բացայայտուած է այն ահաւոր համաձայնագիրը, որ գաղտնի բանակցութիւններէ ետք միանձնեայ պատասխանատւութեամբ ստորագրած է ՀՀ վարչապետը թշնամիին թողելով անոր յափշտակած Արցախեան հողատարածքները. միաժամանակ խոստացած է յանձնել այլ շրջաններ եւս եւ ընդունած է թշնամիին մնացեալ բոլոր նուաստացուցիչ պայմանները։ Կացութիւն մը, որու նախերգանքը կը զգացուէր օրեր առաջ. այդ պատճառով ալ ընդդիմադիր...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է  Արմէն Ռուստամեանի Եւ Արծուիկ Մինասեանի Հետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Արմէն Ռուստամեանի Եւ Արծուիկ Մինասեանի Հետ

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ քաղաքական ուժերու հետ իր նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանի հետ: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է երկրին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին, մասնաւորապէս` ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի...

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Ընդհանուր  Հրամանատարը Հանդիպում Ունեցած Է Բարգաւաճ  Հայաստան, Հայրենիք Եւ ՀՅԴ Կուսակցութիւններու  Ղեկավարներուն Հետ

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարը Հանդիպում Ունեցած Է Բարգաւաճ Հայաստան, Հայրենիք Եւ ՀՅԴ Կուսակցութիւններու Ղեկավարներուն Հետ

Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարը հանդիպում ունեցած է Բարգաւաճ Հայաստան, Հայրենիք եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Մասնակիցները կարեւոր նկատած են մեր երկրի կայունութիւնը, պետութիւնը ցնցումներէ զերծ պահելը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայաստանի զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի պետը հանդիպել է Բարգաւաճ Հայաստան,...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ստորագրուած Փաստաթուղթի  Պայմաններուն Հետ Մենք Չենք Կրնար Համակերպուիլ»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ստորագրուած Փաստաթուղթի Պայմաններուն Հետ Մենք Չենք Կրնար Համակերպուիլ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հիւրընկալուած է «5-րդ ալիք» պատկերասփիւռի կայանի «Հարցազրոյց» հաղորդաշարէն: «Պէտք չէ վհատիլ, մենք ցեղասպանութիւն տեսած ենք, բայց ոտքի  կանգնած: Պէտք է համախմբուինք, ազգային պետութիւն ստեղծենք,  ընթանանք յառաջ: Այլընտրանք չկայ», նշած է Իշխան Սաղաթէլեան:

Page 404 of 797 1 … 403 404 405 … 797

Արխիւներ