Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համայնքի Մը Ինքնաօժանդակութեան Պատմութիւնը

January 5, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը մեր ընթերցողներու դատին կը յանձնուի «Ազդակ»-ի Ամանորի բացառիկը: Պայմանները մխիթարական չէին 2021-ի բացառիկի աւանդական հրատարակութեան ձեռնարկելու: Մեր ընթերցողները գիտեն, որ Ամանորի բացառիկը յագեցած կ՛ըլլայ առեւտրական զանազան հաստատութիւններու ծանուցումներով: Ծանուցումներու առատութիւնը եւ  յատկապէս տօնական առիթներով պատրաստուած գովազդային ձեւաւորում կրող էջերը տօնական մթնոլորտ կը հաղորդէին հրատարակութեան:

Ծանօթ պատճառներով այս տարի խախտած էր այս աւանդութիւնը:

Խմբագրութիւնը խորհրդակցութիւններու մէջ էր ձեւաչափային եւ բովանդակային փոփոխութիւններ կատարելու` վճռելով անպայման լոյսին բերել բացառիկը: Բովանդակային առումով  նպատակայարմար նկատուեցաւ կեդրոնանալ հաշուետուական թղթածրարներու պատրաստութեան վրայ. դժուար եւ բարդագոյն իրավիճակներու մէջ լիբանանահայ համայնքի կենսունակութիւն ապահոված հոգեւոր, ազգային, կուսակցական թէ բարեսիրական-  միութենական հաստատութիւններ եւ կառոյցներ կատարած էին անկարելին` զանազան բնոյթի օժանդակութիւններ եւ աջակցութիւններ ապահովելու համար լիբանանահայութեան: Ֆինանսական-տնտեսական, համավարակի, նաւահանգիստի պայթումի եւ արցախեան պատերազմի թողած արհաւիրքային հետեւանքներուն մէջ իրականացած են այն բոլորը, որոնց պարզապէս ամփոփումը բացառիկով կը ներկայացուի:

Ձեւաչափի առումով քննարկումի ենթակայ էին տարբերակներ: Յաւելուածի տեսքէն մինչեւ պրակային զանազան տարազներ:

Բացառիկը իր ներկայ տեսքով հրատարակելու վճռակամութիւն հաղորդեցին «Ազդակ»-ին հետեւողականօրէն աջակցող եւ թերթին աշխատանքները քաջալերող զուիցերիաբնակ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ, որոնք հերթական անգամ ստանձնեցին հրատարակութեան հովանաւորութիւնը:

Բացառիկի բովանդակութիւնը համայնքային առումով ինքնածառայութեան եւ ինքնաօժանդակութեան աշխատանքային հանրագումար մըն է: Սփիւռքեան առումով գուցէ եզակի երեւոյթ մը`  ծանրագոյն պայմաններու մէջ ինքնակազմակերպուելու, ամէնէն կենցաղային օժանդակութիւնները հասցնելու, նոյնիսկ ա՛յս պայմաններուն մէջ արցախահայութեան օժանդակութեան փութալու, եւ մանաւանդ վերականգնելու կամքը դրսեւորելու: Չընկրկելու եւ ոտքի մնալու այս դրսեւորումներն էին, որոնք մղեցին սփիւռքի տարբեր գաղութներն ու հայրենիքը օժանդակութեան ձեռք երկարելու հարուած ստացած լիբանանահայութեան:

«Ազդակ»-ի բացառիկը գաղութի պատմութեան կը յանձնէ այս առումներով ամբողջ տարուան մը տարողունակ գործունէութիւնը:

Նախորդը

Կատակ Չէ. Մոռցէ՜ք Ձեր Սխալ Սորվածները…

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Գուժեց Էլիաս Ռահպանիի Կորուստը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.