Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցաւ Մշակոյթի Եւ Արուեստի Գործիչներուն Հետ

December 31, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան 30 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներուն հետ:

Ներկայացնելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը` Մանուկեան անդրադարձաւ պատերազմի վերսկսման, հայկական կողմին կրած պարտութեան պատճառներուն, այդ բոլորին իբրեւ հետեւանք յառաջացած խնդիրներուն եւ անոնց լուծման կարելիութեան:

«Մարդը, որ իր գործը կը տապալէ, պէտք է հեռանայ: Տապալման պատճառներուն մասին խօսիլը այլ հարց է: Իսկ ստեղծուած խնդիրները ան չի կրնար լուծել, քանի որ նախ իր կարողութիւնները չեն բաւեր, նաեւ անոր նկատմամբ ո՛չ երկրի ներսը, ո՛չ ալ դուրսը վստահութիւն կայ», յայտնեց ան:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածուն ներկայացուց շարք մը հարցեր, որոնք ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորման պարագային պիտի դառնան առաջնային եւ վայելեն կառավարութեան ամբողջական ուշադրութիւնը: Անոնք են` բանակի արդիականացում, Արցախի հարցի վերականգնում ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ձեւաչափով, բնական դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւններու վերականգնում եւ վերաիմաստաւորում, ֆինանսատնտեսական եւ ընկերային հրատապ ծրագիրներու իրականացում` երկիրը խորացող ճգնաժամէն դուրս բերելու համար, մարդկային ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործում եւ այլն:

Կարեւոր նկատելով նշուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ մտաւորականութեան, մշակոյթի գործիչներուն անմիջական դերակատարութիւնը` Մանուկեան նշեց, որ պատրաստ է համագործակցելու արարող, մեր պետութեան ապագայով մտահոգ բոլոր կարող ուժերուն հետ:

Հանդիպման առանցքային հարցերէն մէկը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջն էր: Ըստ ներկաներուն, ստեղծուած փակուղիէն դուրս գալու, իրավիճակը մեղմացնելու եւ երկրի ապագան չվտանգելու գլխաւոր նախապայմանը գործող վարչապետի եւ կառավարութեան հեռացումն է:

Մշակոյթի ոլորտի ներկայացուցիչները, երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող իրենց մտահոգութիւններէն բացի, անդրադարձան նաեւ մշակոյթի խնդիրներուն, ներկայացուցին զիրենք յուզող հարցերն ու առաջարկները: Մշակոյթի գործիչները նշեցին, որ կը պատրաստուին աշխուժ շարժում ձեւաւորելու եւ մտաւորականութեան ձայնը առաւել լսելի եւ գործնական դարձնելու հասարակական կեանքին մէջ:

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի ԱԱԾ-ի Ղեկավարներու Հանդիպում

Յաջորդը

Վազգէն Մանուկեան Եւ Իշխան Սաղաթէլեան Տեսակցեցան Գործատուներու Հանրապետական Միութեան Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.