Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Եթէ Մենք Արմատապէս Չփոխենք Դրուածքը, Նորէն Նոյն Կոտրած Տաշտակին Առջեւ Պիտի Յայտնուինք»

Դեկտեմբեր 31, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 30 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ պատերազմին ընթացքին եւ յետպատերազմեան շրջանին ընկերային, անվտանգութեան, տեղեկատուական եւ այլ ոլորտներուն մէջ կամաւորական գործունէութեան նախաձեռնած տարբեր կազմակերպութիւններու եւ խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ:

«Այս պատերազմը ցոյց տուաւ, որ ժողովուրդը շատ միասնական է, կար օգնելու ու աջակցելու պատրաստակամութիւն: Անհատներու կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը հսկայական եղաւ` ե՛ւ սրտով, ե՛ւ մտքով, ե՛ւ գործով», հաստատեց նախագահ Սարգսեան` դիտել տալով, որ այսօր ալ այդ մէկը կը շարունակուի, որովհետեւ օգնութեան աշխատանք կը ծաւալեն մարդիկ, կազմակերպութիւններ, որոնց գործունէութեան ծիրին մէջ չէ նշուած կամ իրենց պարտականութիւնը չէ օգնութեան գործը, այլ պարզապէս անոնց սրտի խօսքն է: Այս առիթով հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նման մարդասիրական նախաձեռնութեան դիմած են ու կը դիմեն:

Նախագահը նշեց, որ բոլոր ոլորտներուն մէջ դժուարութիւնները կ՛աւելնան, ուստի զանոնք յաղթահարելու լաւագոյն ձեւը աշխատանքն է` շեշտելով, որ ներկաները այդ իրողութեան լաւագոյն վկաները կը հանդիսանան:

Պատասխանելով հանդիպման մասնակիցներուն հարցումներուն` հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ պէտք է փոխել մեր մօտեցումը պետութեան ու պետականութեան հանդէպ: «Մեր ազգային արժէքներն ու պետականութիւնը պէտք է կարողանանք ամէն օր պաշտպանել, կարողանանք ցոյց տալ, որ մենք ուժեղ ժողովուրդ ենք, արժանի ենք մեր նախնիներուն: Երբ ուժեղ ես, կազմակերպուած, միշտ կը յաղթես: Պէտք է ճիշդ ձեւաւորել զարգացման նախատիպը: Մենք 30 տարի ապրած ենք փակ նախատիպով: Միշտ հաւատացած եմ բաց նախատիպին», յայտնեց նախագահը` աւելցնելով, որ այսօր աշխարհը փոխուած է, ուստի Հայաստանը եւս պէտք է «բաց նախատիպ ունենայ, որովհետեւ մեր մեծագոյն առաւելութիւնը մենք ենք` հայերս: Իսկ մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որ սփիւռքէն մարդիկ չգան այստեղ, աշխարհի հնարաւոր պատնէշներ, Պերլինի պատեր կը կանգնեցնենք: Այնպէս ըրած ենք, որ յանկարծ չգան, թող այնտեղէն գումար ուղարկեն, մենք կը ծախսենք»:

Նախագահը շեշտեց, որ շատ կարեւոր է կրթութիւնը եւ արտասահմանի մէջ ապրող հազարաւոր լաւ կրթուած երիտասարդներու ներգրաւումը:

«Պէտք է հաշուեքննութիւն ընենք բոլոր ոլորտներուն մէջ` ժողովրդավարութենէն, ազատութենէն սկսեալ: Մենք ունինք պետութիւն, ուր ամէն ինչ անձնաւորուած է, բոլորը փրկիչ կը փնտռեն: Երբ հաստատութիւնը կ՛անձնաւորեցնես մարդու հետ, ատիկա աղէտ է: Առաջնորդներու կարիք կայ, ոչ թէ փրկիչի: Դուք երիտասարդ էք, ձեզմէ իւրաքանչիւրը առաջնորդ է: Պետական համակարգը լիարժէք չի գործեր: Ես չեմ կարծեր, թէ այսպէս ասած` «տզել-փչելով» կրնանք պետութիւն կառուցել: Եկէք համակարգային մօտեցում ունենանք: Կ՛առաջարկեմ` նախագահական հաստատութիւնը ըլլայ այն հարթակը, ուր կրնանք հաւաքուիլ եւ միասին մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համակարգ ստեղծել», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ի պատասխան սփիւռքի համախմբման վերաբերող հարցումին` նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս նշեց, որ պէտք է սփիւռքահայերը ներգրաւել, քաղաքացիութեան հետ կապուած պատնէշները վերցնել` յստակ ծրագիրով մը: «Երկրին մասին խօսելու ատեն պէտք է խօսիլ ազգին մասին` Ս. Փեթերսպուրկէն մինչեւ Լոս Անճելըս ապրող հայերուն, բոլորին: Մենք խնդիր ունինք արմատէն փոխել Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները: Այս առումով Հայաստանի նախագահը պէտք է ըլլայ բոլոր հայերուն նախագահը, Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ նաեւ բոլոր հայերուն կառավարութիւնը, լսէ անոնց եւ ներգրաւէ: Այսօր եկած է պահը: Վճռական պահ է, եւ պէտք է փոխել մեր մօտեցումները: Այդտեղ նոյնպէս ես պատրաստ եմ ձեզի` սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ աշխատելու», յայտնեց նախագահը` աւելցնելով, որ յոյս ունի, որ այս դժբախտութիւնն ու դժուարութիւնը մեզ կը ստիպեն, որ պետութիւնը նորէն կառուցենք, որովհետեւ շատ բան ուղղակի չկայ: «Բազմաթիւ ոլորտներու մէջ մենք կրնանք զերոյէն սկսիլ եւ ճիշդ կառուցել: Եթէ մենք արմատապէս չփոխենք, փորձենք կարկտաններ ընել, նորէն նոյն կոտրած տաշտակին դիմաց պիտի յայտնուինք: Կ՛առաջարկեմ համագործակցիլ, անշուշտ ոչ քաղաքական նպատակներով: Պարզօրէն ըսած եմ` չեմ պատրաստուիր վարչապետ ըլլալու, չեմ պատրաստուիր կուսակցութիւն ստեղծելու, գիտեմ, որ ունիմ պարտականութիւններ` այս շէնքին մէջ նստած: Մանաւանդ հիմա, երբ վիճակը ճգնաժամային է, այս կառոյցը կը դառնայ աւելի կարեւոր», շեշտեց ան:

Նախորդը

Վազգէն Մանուկեան Եւ Իշխան Սաղաթէլեան Տեսակցեցան Գործատուներու Հանրապետական Միութեան Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր. Մեր Ճանապարհային Կողմնորոշիչները. Դէպի 2021 (Դ. Վերջ)

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?