Վազգէն Մանուկեան. «Հասարակութեան Լայն Շերտերը Պէտք Է Քննարկումներու Սկսին` Երկրի Ապագային Վերաբերեալ»
Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ, անկախ իր կարծիքէն, Նիկոլ Փաշինեան այս կամ այն ձեւով պիտի հեռանայ, ասիկա անխուսափելի է, հարցը այն է, թէ մինչեւ երթալը որքա՛ն վնաս պիտի հասցնէ ժողովուրդին եւ պետութեան: Ան նշեց, որ ժամանակաւոր կառավարութեան համար ընտրուած է 1 տարի ժամկէտ, որովհետեւ այժմ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելը անհեթեթութիւն է,...




















