Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Վեցեակի Հարթակը` Արգելապատ Արեւմուտքի  Տարածաշրջան Թափանցման Դէմ

Ակնարկ. Վեցեակի Հարթակը` Արգելապատ Արեւմուտքի Տարածաշրջան Թափանցման Դէմ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը մինչ սեպտեմբեր 27-ը եզակի այն ձեւաչափն էր, ուր աշխարհաքաղաքական բեւեռային ուժերը համատեղ կ՛իրականացնէին միջնորդական առաքելութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ: Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Միացեալ Նահանգները Եւրոպական Միութիւնը ներկայացնող Ֆրանսայի հետ կ՛աշխատէին տարածաշրջանին մէջ շահերու համընկնումի կէտերու շուրջ համաձայնութիւններ գոյացնել: Գլխաւոր այս խաղցողներու ներգրաւուածութենէն դժգոհ էին Անգարան եւ Թեհրանը` ձեւաչափէն եւ քաղաքական առեւտուրներէն դուրս մնացած ըլլալու փաստով: Պատահական չէր, որ...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ցոյցերը  Հետզհետէ Յաւելեալ Թափ Կը Հաւաքեն.  Բազմահազար Հայորդիներ Կը Միանան Փաշինեանի  Հրաժարականի Պահանջին

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ցոյցերը Հետզհետէ Յաւելեալ Թափ Կը Հաւաքեն. Բազմահազար Հայորդիներ Կը Միանան Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջին

Երէկ` երեքշաբթի, 15 դեկտեմբերին, քաղաքացիները «արժանապատուութեան երթ» կատարեցին` պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Երթը սկսաւ  Սասունցի Դաւիթի արձանին մօտակայքէն: Երթին մասնակիցները պարբերաբար կոչ ուղղեցին միանալու երթին, միանալու եւ ոչ ըսելու Նիկոլին: Անոնք կը վանկարկէին «Միացէ՛ք», «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր», «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»: Երթին կը մասնակցէին բազմահազար քաղաքացիներ: Երեւանի փողոցներուն մէջ վարորդները ազդանշաններով կ՛ողջունէին երթին մասնակիցները: Պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս կու գային ընդդիմադիր...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում  Ունեցաւ ՀՅԴ Ղեկավարութեան Հետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Ղեկավարութեան Հետ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախանցեալ օր` 14 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանին հետ: Քննարկուած է երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:  

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցած Է  Լրատուական Կայքերու Խմբագիրներու  Եւ Երիտասարդութեան Հետ

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցած Է Լրատուական Կայքերու Խմբագիրներու Եւ Երիտասարդութեան Հետ

Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան երէկ` երեքշաբթի, 15 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է հայաստանեան տասնեակէ մը աւելի լրատուական կայքերու խմբագիրներուն հետ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայրենիքի փրկութեան շարժումը: Քննարկման առանցքը եղած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, յատկապէս այն խնդիրները, որոնք կ՛առնչուին պատերազմին, անոր հետեւանքներուն, երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամին, շարժման հետագայ գործողութիւններուն եւ ծրագիրներուն: Վազգէն Մանուկեան ներկայացուցած...

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով  Երեւանի Մէջ Բազմահազար Հայորդիներու  Արժանապատուութեան Երթ

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով Երեւանի Մէջ Բազմահազար Հայորդիներու Արժանապատուութեան Երթ

Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի Վահագն Դաւթեան զբօսայգիէն երէկ երկուշաբթի, 14 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումին կազմակերպութեամբ բազմահազար քաղաքացիներու Արժանապատուութեան երթը: Երթին մասնակիցները պարբերաբար կոչ կ՛ուղղէին միանալու երթին, միանալու եւ ոչ ըսելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Անոնք կը վանկարկէին «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր», «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»: ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը կոչ ուղղեց...

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցաւ  Մտաւորականներու Հետ

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցաւ Մտաւորականներու Հետ

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան երէկ` երկուշաբթի, 14 դեկտեմբերին, հանդիպում ունեցած է մտաւորականներու եւ մշակոյթի գործիչներու հետ: «Այս խայտառակ եւ ամօթալի պարտութիւնը դառնութիւն կը յառաջացնէ ինծի նաեւ այն պատճառով, որ ես գիտեմ, որ այդ ամէնը կարելի էր կանխել»: Այս մասին երէկ մտաւորականներու եւ մշակոյթի գործիչներու  հետ հանդիպումին ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը: Վազգէն Մանուկեան...

Նշելով, Որ Վարձկաններու Մասնակցութիւնը Հարցը Կը Վերածէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմի.   Բագրատունի. «Եթէ Ուրանամ Ինքնութիւնս Ու Արմատներս` Օր Մըն Ալ Կրնամ Ուրանալ Լիբանանեան Պատկանելիութիւնս»

Որպէսզի Իրապէ՛ս Յաղթենք

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Հայոց ցեղասպանութենէն 105 տարի ետք, համայն հայութեան դէմ նոյն թշնամիին կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին պարտուեցանք: Հայ ժողովուրդը գերեզմանելու ձգտող համաթուրանական ծրագիրի ժառանգորդները անգամ մը եւս փորձեցին նոր ցեղասպանութեամբ մը ծունկի բերել հայութիւնը: Եթէ յաջողած ըլլար Թուրքիան իր ցեղասպանական ծրագիրին մէջ, արդէն կարիքը պիտի չունենար 44 օրուան պատերազմ շղթայազերծելու, այս անգամ` թուրանական ուղղուածութեամբ այլ երկրի մը` Ազրպէյճանի միջոցով: Փաստօրէն, 105...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Մինսքի Խմբակի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպաններուն եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին յղեց նամակ մը, որուն մէջ դատապարտեց 27 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Թուրքիոյ եւ Լիպիայէն ու Սուրիայէն ահաբեկչական վարձկաններու ամբողջական աջակցութեամբ շղթայազերծուած յարձակումը: Մարմինը իր նամակին մէջ նշեց. «Դժբախտաբար թշնամական արարքները կասեցնելու համաձայնութիւնը գոյացաւ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակէն` տագնապի...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Ստեփանակերտի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Ընկերվարական  Կուսակցութեան Ղեկավարին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Ստեփանակերտի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարին Հետ

Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Օլիվիէ Ֆորի, 7 դեկտեմբերին այցելեց Ստեփանակերտ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պատգամաւոր Իզապէլ Սանթիակօ, ծերակուտականներ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ, Մարի-Արլեթ Քարլոթթի եւ կուսակցութեան միջազգային հարցերու պատասխանատու Ժան-Մարք Ժերմեն: Պատուիրակութեան կ’ընկերակցէր ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուն: Պատուիրակութիւնը այցելեց Ստեփանակերտի ՀՅԴ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ կառուցողական...

Ազրպէյճան Խախտեց 9 Նոյեմբերի Հրադադարի  Յայտարարութիւնը` Յարձակելով Հատրութի Շրջանի  Հին Թաղեր Եւ Խծաբերդ Գիւղերուն Վրայ

Ազրպէյճան Խախտեց 9 Նոյեմբերի Հրադադարի Յայտարարութիւնը` Յարձակելով Հատրութի Շրջանի Հին Թաղեր Եւ Խծաբերդ Գիւղերուն Վրայ

Ազրպէյճանական կողմը 12 դեկտեմբերին վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերուն ուղղութեամբ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկած են համարժէք միջոցառումներ` թշնամիի աշխուժութիւնը ճնշելու համար: Նշենք, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ 11 դեկտեմբերին` ժամը 20:40-ին, պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ թշնամին ձեռնարկած է...

Վազգէն Մանուկեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի  Ու Արցախի Հանրապետութիւններու Զինուած  Ուժերու Ղեկավարութեան, Համագործակցելով  Ռուսական Խաղաղապահ Զօրքերուն Հետ,  Ընդունիլ Անհրաժեշտ Որոշումներ»

Վազգէն Մանուկեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի Ու Արցախի Հանրապետութիւններու Զինուած Ուժերու Ղեկավարութեան, Համագործակցելով Ռուսական Խաղաղապահ Զօրքերուն Հետ, Ընդունիլ Անհրաժեշտ Որոշումներ»

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հրապարակած է կոչ մը, որուն մէջ անդրադարձած է Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրքերու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ պահանջած է Հայաստանի եւ Արցախի Զինուած ուժերու ղեկավարութենէն, համագործակցելով նշեալ ուժերուն հետ տալու անհրաժեշտ որոշումներ` ապահովելու երկրին եւ ժողովուրդին  անվտանգութիւնը: Կոչին ամբողջութիւնը` ստորեւ. «Մենք բարձր ենք գնահատում ռուսական խաղաղապահ զօրքերի առաքելութեան իրականացումն Արցախում, սակայն որեւէ երկրում...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում  Ունեցած Է Վազգէն Մանուկեանի Հետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Վազգէն Մանուկեանի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան կայքէն կը տեղեկացնեն, որ հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է խորհրդարանական եւ  արտախորհրդարանական կուսակցութիւններէ կազմուած Հայրենիքի փրկութեան շարժումի`  վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանին հետ: Քննարկուած է երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցած Է Վազգէն Մանուկեանի Հետ Կիրակի, 13 դեկտեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած է խորհրդարանական եւ...

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

2020 թուականի աշնանը Արցախի Հանրապետութեան դէմ միջազգային ահաբեկիչների ներգրաւմամբ եւ Թուրքիայի բացայայտ մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմից սանձազերծած պատերազմի արդիւնքում հրադադարի հաստատման նպատակով նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնից ընդամէնը մէկ ամիս յետոյ գրանցուեցին փխրուն խաղաղութիւնը խախտելու բացայայտ գործողութիւններ. ս.թ. դեկտեմբերի 11-ին եւ 12-ին Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր, Խծաբերդ գիւղերի եւ քրիստոնէական Կատարօ հանրայայտ վանքի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ձեռնարկել են բացայայտ յարձակողական...

Ակնարկ.  Տարածաշրջանային Հարթակի  Ձեւաւորման Շարժառիթները

Ակնարկ. Տարածաշրջանային Հարթակի Ձեւաւորման Շարժառիթները

Պաքուի զօրահանդէսին Ազրպէյճանի նախագահին հնչեցուցած յոխորտանքները հայկական տարածքներու պատկանելիութեան առումով նորութիւն չեն: Նման առիթներու Պաքուն յայտնաբար պիտի շարունակէ բարձրաձայնել, իր տարածքներուն մասին նման յերիւրանքներ: Նման յայտարարութիւններ ներքին սպառման համար նկատառելի նիւթեր են, մանաւանդ պատերազմի արդիւնքի անմիջականութեան լոյսին տակ: Առաւելապաշտ մօտեցումները Ալիեւ ընտանիքի իշխանութեան վերահաստատման նպաստող քայլեր են, որոնք ըստ երեւոյթին կը քաջալերուին Անգարայի կողմէ: Հեռու է պատահականութեան տեսութիւնը` Պաքուի զօրահանդէսը...

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող  Արժանապատուութեան Բազմամարդ Երթ,  Փողոցներու Փակում Եւ Ձերբակալութիւններ

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Արժանապատուութեան Բազմամարդ Երթ, Փողոցներու Փակում Եւ Ձերբակալութիւններ

11 դեկտեմբերին բազմաթիւ քաղաքացիներ «Արժանապատուութեան երթ»-ով շարունակեցին պահանջել Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք մայրաքաղաքի կեդրոնական` Սարեան-Լէօ, Աբովեան, Փակ Շուկայ փողոցներով, Մաշտոցի պողոտայով, Բաղրամեան պողոտայով, Սայաթ Նովա փողոցով, Տէրեան փողոցով ինքնաշարժներով եւ յետիոտն ուղղուեցան Ֆրանսայի հրապարակ` բացագանչելով «Նիկո՛լ, դաւաճան, հեռացի՛ր»: Ոստիկանները, ըստ սովորութեան, բռնի ուժ կիրարկեցին ցուցարարներուն վրայ` բերման ենթարկելով շուրջ 40 ցուցարարներ, որոնց կարգին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոն Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Ղեկավարներուն Յայտարարութիւնները Եւ Միջազգային Հանրութեան Ուշադրութիւնը Կը Հրաւիրէ

2020 թուականի դեկտեմբերի 10-ին Պաքւում անցկացուած զինուորական շքերթի ժամանակ Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներն իրենց թոյլ են տուել ատելութեան խօսք պարունակող, հայապատկան տարածքներում հայ ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեանը սպառնացող, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների տարածքային ամբողջականութիւնը կասկածի տակ դնող յայտարարութիւններ: Ազրպէյճանի ղեկավարը չի խորշել հերթական անգամ Սիւնիքը, Գեղարքունիքն ու մայրաքաղաք Երեւանը համարել որպէս ազրպէյճանապատկան տարածքներ: Աւելի՛ն, իր հերթին Թուրքիայի ղեկավարը, վկայակոչելով Էնվեր փաշային,...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում.  Նիկոլ Փաշինեանի Հեռացումը  Դարձել Է Համազգային Պահանջ

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում. Նիկոլ Փաշինեանի Հեռացումը Դարձել Է Համազգային Պահանջ

Երէկ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Ամէն օր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին են միանում Հայաստանի նորանոր համայնքներ ու բնակավայրեր: Այդ պահանջով հանդէս են եկել մեր երկրի գիտակրթական, մշակութային, առողջապահական, փաստաբանական եւ այլ հանրոյթներ, սփիւռքի կառոյցներ, գործարարներ, անգամ ուժային ոլորտի ներկայացուցիչներ: Նիկոլ Փաշինեանի եւ նրա կառավարութեան անյապաղ հեռանալու պահանջով փողոց են դուրս եկել տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ: Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումը դարձել...

«Սեւրի Դաշնագրին Բազմաթիւ Յօդուածներու  Հիման Վրայ Կառուցուած Են  Մեր Իրաւաքաղաքական Կռուանները»  Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

«Սեւրի Դաշնագրին Բազմաթիւ Յօդուածներու Հիման Վրայ Կառուցուած Են Մեր Իրաւաքաղաքական Կռուանները» Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

«Ազդակ»-ի առանց 19-րդ լսարանին զեկուցեց Հայաստանի գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան: Ան խօսեցաւ հայ-թրքական սահմանագծման-սահմանապատման եւ իրաւարար վճիռի արդիականութեան մասին: Ներկայացնելով Սեւրի պայմանագիրին հիմնադրոյթները` ան լուսարձակի տակ առաւ Սեւրի նախորդած ժամանահատուածին իրականացած նախապատրաստական աշխատանքները: Իրաւական առումով Սեւրի եւ իրաւարար վճիռի իբրեւ փաստաթուղթեր անջատելու կարեւորութիւնը շեշտելով` ան ընդգծեց, որ իրաւարարութիւնը...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին Կոչը` Համայնքներու Ներկայացուցիչներու Վարկաբեկումը Անյապաղ Դադրեցնելու

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին Կոչը` Համայնքներու Ներկայացուցիչներու Վարկաբեկումը Անյապաղ Դադրեցնելու

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը 10 դեկտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ Նիկոլ Փաշինեանի ազգադաւ բռնապետական վարչակարգը, հոգեվարքի ցնցումներու մէջ փորձելով երկարաձգել իր գոյութիւնը, բռնաճնշումներ կը գործադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան այն համայնքներու ղեկավարներուն եւ աւագանիներու անդամներուն նկատմամբ, որոնք հայրենադաւ ու ծախու վարչակարգի անյապաղ հրաժարականը կը պահանջեն: «Փաշինեանին եւ մարզերում գործող նրա մանկլաւիկներին, բռնակալի ապօրինի հրահանգներին հնազանդ եւ կամակատար դարձած որոշ ուժային...

Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Հանրահաւաքով Շարունակեց  Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը

Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Հանրահաւաքով Շարունակեց Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող տարբեր նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին Հայաստանի մէջ: Արդարեւ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը 10 դեկտեմբերին այս նպատակով հանրահաւաք կատարեց կառավարութեան շէնքին առջեւ, ուր նոյն ատեն կը գումարուէր կառավարութեան նիստը: Քաղաքացիները «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Հեռացի՛ր», «Հայաստանը առանց Նիկոլի» բացագանչութիւններով կը պահանջէին Փաշինեանի հրաժարականը: Կառավարութեան շէնքին առջեւ կանգնած էին մեծաթիւ ոստիկաններ, ոստիկանութեան յատուկ ստորաբաժանումներ կը հսկէին շէնքին: Քաղաքացիները եւ արցախեան պատերազմի խումբ...

Page 398 of 797 1 … 397 398 399 … 797

Արխիւներ