Ֆրանսայի Ընկերվարական Կուսակցութիւնը 6-էն 9 Դեկտեմբեր Պատուիրակութիւն Պիտի Գործուղէ Լեռնային Ղարաբաղի Վիճայարոյց Շրջան
Ընկերվարական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, առաջին քարտուղար Օլիվիէ Ֆորէի գլխաւորութեամբ 6-էն 9 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ` «այս տագնապին պատճառած ցաւը կիսելու» եւ ատոր «լուծումները վերլուծելու» նպատակով: Այս մասին նշուած է Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ուրբաթ օր հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ: «Ի նշան հայ ժողովուրդին հետ մեր համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ ի լրումն Ազգային գրասենեակի 17 նոյեմբերի հռչակագիրին, Ընկերվարական կուսակցութիւնը 6-էն 9 դեկտեմբեր պատուիրակութիւն...




















