Գլխաւոր լուրեր

Երասխի Մէջ Թշնամիի Կրակոցէն  Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է.  Այլ Զինուոր Մը Զոհուած`  Գեղարքունիքի Մէջ

Երասխի Մէջ Թշնամիի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է. Այլ Զինուոր Մը Զոհուած` Գեղարքունիքի Մէջ

Երէկ` երկուշաբթի, 16 օգոստոս 2021-ի առաւօտեան ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները սադրանքի դիմեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան ուղղութեամբ` Երասխի հատուածին մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն հաղորդեցին, որ 16 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9:50-ի շուրջ, թշնամիի սահմանապահի արձակած կրակոցէն մահացու հրազէնային հարուած ստացաւ եւ զոհուեցաւ Հայաստանի բանակի N զօրամասի զինուոր, 1975-ի ծնունդ, աւագ ենթասպայ Վահան Թաթոսեան: «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը...

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Էր Իրենց  Տրամադրութեան Տակ Գտնուող Բոլոր Գործիքները  Օգտագործեն Ալիեւի Յարձակումը Դադրեցնելու Համար»  Կ՛ըսէ Փալոն

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Էր Իրենց Տրամադրութեան Տակ Գտնուող Բոլոր Գործիքները Օգտագործեն Ալիեւի Յարձակումը Դադրեցնելու Համար» Կ՛ըսէ Փալոն

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ֆրանք Փալոն կ՛ընդգծէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր գործիքները պէտք է օգտագործէ Ազրպէյճանի յարձակումը դադրեցնելու համար: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փալոն այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Անցեալ տարի արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ ատկէ ետք Հայաստանի հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնելը Ալիեւի` հաւատ չներշնչող փաստարկներու վառ օրինակն է: «Միացեալ Նահանգները պէտք չէ մեղադրեն...

Աքքարի Թլէյլ Գիւղաքաղաքին Մէջ.   Պենզինի Պահեստանոցի Մը Պայթումը  Կը Պատճառէ 28 Զոհեր Եւ 80 Վիրաւորներ

Աքքարի Թլէյլ Գիւղաքաղաքին Մէջ. Պենզինի Պահեստանոցի Մը Պայթումը Կը Պատճառէ 28 Զոհեր Եւ 80 Վիրաւորներ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի կիրակին Լիբանանի համար եղաւ ահռելի: Առաւօտեան լիբանանցիները արթնցան ցնցիչ տեսարաններով, պենզինի սիթեռնին պատճառած հրդեհին հուրով հրկիզուող քաղաքացիներու, ածխացած դիակներու լուսանկարներով եւ վիտէոներով, որոնք ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակուեցան` աւելի ուշ վերածուելով հիւանդանոցներէն հնչող աղաղակներու: Սահմռկեցուցիչ ու ահռելի պատկերներ, որոնք իւրաքանչիւր քաղաքացի կը մղեն բարձրաձայն հարցնելու նոյն հարցումը` «Աստուած իմ, տակաւին ի՞նչ պիտի տեսնենք», եւ ներքուստ ապրելու «Արդեօք...

Միքաթի. «Կառավարութեան Կազմութեան  Հաւանականութիւնը Աւելի Բարձր Է` Քան Հրաժարիլս»

Միքաթի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հաւանականութիւնը Աւելի Բարձր Է` Քան Հրաժարիլս»

Անցեալ շաբաթ յետմիջօրէին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ կայացաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Միքաթի նախագահ Աունին ներկայացուց կարգ մը նոր պահանջներ, որոնք քաղաքական որոշ ուժեր յայտնած են վարչապետին: Թէեւ հանդիպումը մնաց տեղեկատուութեան տեսադաշտէն հեռու, սակայն հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան երկու պետերը հաստատեցին, որ պիտի ջանան լուծել այդ պահանջներուն վերաբերող հարցերը: Միւս կողմէ, շաբաթ գիշեր նախագահ Աուն...

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը  Եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը Նշուեցան  Համանուն Վանքի Համալիրին Մէջ

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը Եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը Նշուեցան Համանուն Վանքի Համալիրին Մէջ

Լիբանանի ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ չենք կրնար մեր աղաչական հայեացքը երկինք չյառել` խնդրելու եւ աղերսելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը: Հաւատացեալ ուխտաւորը իր հայեացքը հաւատքով ուղղելով Աստուածամօր փրկարար դերին պիտի կարենայ դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր. իսկ հաւատքը մշտական վերանորոգման ընթացքի մէջ ըլլալով, եկեղեցին կը ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ իր հոգեպարար արարողութիւններուն եւ հոգեթով քարոզախօսութիւններուն ընդմէջէն: Արդարեւ, նախագահութեամբ Արամ Ա....

Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախը Հայաթափելու  Ազրպէյճանի Փորձերը Ձախողած Են»

Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախը Հայաթափելու Ազրպէյճանի Փորձերը Ձախողած Են»

Արցախի մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը թէեւ մէկ կողմէ շատ իւրայատուկ է, բայց ընդհանուր առմամբ հանգիստ է: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով վերջին օրերուն արցախեան-ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ արձանագրուած դէպքերուն եւ ազրպէյճանական զինուժի ռազմական սադրանքներուն: Բաբայեան շեշտեց, թէ էական չէ, թէ ի՛նչ զինատեսակներ կը գործածէ ազրպէյճանական զինուժը Արցախի դէմ, քանի որ...

«Թող Ուժային Նախարարութիւնները Յանձնուին  Փոքր Համայնքներուն Եւ Հակառակը»  Առաջարկեց Յ. Բագրատունի

«Թող Ուժային Նախարարութիւնները Յանձնուին Փոքր Համայնքներուն Եւ Հակառակը» Առաջարկեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Միտիա Ֆեքթըրի Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին ստորագրութենէն ի վեր հայ համայնքը միշտ ներկայացուած է Լիբանանի կառավարութիւններուն մէջ, ըլլան անոնք ազգային միասնականութեան կառավարութիւններ կամ նոյնիսկ միագոյն դահլիճներ: «Լիբանանի կառավարութիւններուն մէջ հայ համայնքը միշտ ներկայացուած է, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ իր ներկայացուցիչը ունեցած է երկրին կառավարութիւններուն մէջ», նշեց...

Լիբանանի Պայմանները Իսկապէս  Դժոխային Կը Դառնան

Լիբանանի Պայմանները Իսկապէս Դժոխային Կը Դառնան

Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները իսկապէս սկսած են դժոխային դառնալ` իբրեւ հետեւանք վառելանիւթի չգոյութեան, որուն պատճառով նաեւ ելեկտրականութեան տագնապին, հիւանդանոցներու տագնապին, սղութեան, անօթութեան, աղքատութեան, որոնց վրայ երէկ աւելցաւ նաեւ հացի տագնապը: Անքուն, բնական կերպով սնունդ չստացող եւ իր մարդկային տարրական կարիքներէն զրկուած լիբանանցի քաղաքացին կրնայ հաստատել, որ պետութիւնը զինք ողջ-ողջ կը սպաննէ: Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին պենզինի կայարաններուն եւ փուռերուն դիմաց...

Հաղորդագրութիւն  (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)

Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի յարգելի՛ բնակիչներ, Լիբանանն ու իր ժողովուրդը վերջին տարիներուն կը դիմագրաւեն իրերայաջորդ տագնապներ ու դժուարութիւններ, որոնք վերջին ամիսներուն վատթարանալով ապրուստի տարրական անհրաժեշտութիւններու ապահովումը տառապալից մարտահրաւէր դարձուցին ժողովուրդին: Այս տագնապներէն նորագոյնը վերջին երկու օրերուն երկրին մէջ մազութի բաշխումի դադրեցումն էր, որուն հետեւանքները կը կրեն բոլոր բնագաւառները, ներառեալ սեփական ելեկտրածին շարժակները: Շրջանին մէջ գործող քարիւղային ընկերութիւնը` «Քորալ Օյլ», նախապէս հասկացողութիւն եւ...

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ. Զգուշացման Կոչ

Վերջին օրերուն «Քորոնա» ժահրի տարածումը նոր թափ ստացած է եւ բազմապատկուած է «Քորոնա»-ով վարակումներու թիւը։ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ճգնաժամային իրավիճակը, դեղորայքի բացակայութիւնը, վառելանիւթի բացակայութեան պատճառով հիւանդանոցներու դիմագրաւած դժուարութիւնները մեզի յաւելեալ անել իրավիճակի առջեւ կը կանգնեցնեն։ Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք, որ նախազգուշական բոլոր միջոցները խստօրէն յարգուին։ Ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու կողքին, անհրաժեշտ է դիմակներ կրել եւ հականեխիչ նիւթեր աւելի յաճախակիօրէն օգտագործել։ Հաւաքական...

Խմբագրական.   Վերականգնիլ Սեփական Օրինակներով

Խմբագրական. Վերականգնիլ Սեփական Օրինակներով

Լիբանանեան արհաւիրքային պայմաններուն մէջ Պուրճ Համուտի մէջ համայնքային մակարդակով արձանագրուած իրադրութիւնը բազմաթիւ ուղերձներ կը յղէ եւ նոր զսպանակում կու տայ մեր վերականգնողական աշխատանքներուն: Չյուսալքուելու, դիրքերը չլքելու, վերանորոգ թափով աշխատանքները շարունակելու եւ այս գաղութին կեդրոնական հանգամանքը պահպանելու բոլոր նախադրեալները պարզուեցան չորեքշաբթի օր վեհափառ հայրապետի Պուրճ Համուտ կատարած այցելութեամբ: Այո՛, ծանր են պայմանները. չըսելու համար աննախադէպօրէն ծանրագոյն: Համավարակ, նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքներ, ֆինանսական...

Հայ Դիրքապահները Լռեցուցած Են Թշնամիին  Կրակը Երասխի Հատուածին Մէջ.  Պաշտպանութեան Բանակը Կանխած Է Շփման Գիծը  Հատելու` Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Փորձը

Հայ Դիրքապահները Լռեցուցած Են Թշնամիին Կրակը Երասխի Հատուածին Մէջ. Պաշտպանութեան Բանակը Կանխած Է Շփման Գիծը Հատելու` Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Փորձը

Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 12 օգոստոսի ժամը 17:20-էն սկսեալ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ թշնամիին կրակը լռեցուած է: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան: Ըստ աղբիւրին, ժամը 19:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն...

Ազգային Ժողովը Ընտրեց 12 Մնայուն  Յանձնախումբերու Նախագահները

Ազգային Ժողովը Ընտրեց 12 Մնայուն Յանձնախումբերու Նախագահները

Հայաստանի Ազգային ժողովը ընտրեց 12 մնայուն յանձնախումբերու նախագահները: Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը ներկայացուց յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութեան քուէարկութեան արդիւնքները: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու ընտրուած նախագահներու անունները: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ ընտրուած է Հերիքնազ Տիգրանեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն): Առողջապահութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ ընտրուած է Նարեկ Զէյնալեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն): Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ...

Ռիատ Սալամէ Կ՛որոշէ Վերջ Տալ  Վառելանիւթի Նպաստին.   Հանրապետութեան Նախագահն Ու Ընթացիկ  Հարցերու Կառավարութիւնը Կը Մերժեն Որոշումը

Ռիատ Սալամէ Կ՛որոշէ Վերջ Տալ Վառելանիւթի Նպաստին. Հանրապետութեան Նախագահն Ու Ընթացիկ Հարցերու Կառավարութիւնը Կը Մերժեն Որոշումը

Նախանցեալ օր ուշ գիշերին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ վառելանիւթին տրամադրուած նիւթական նպաստը դադրեցնելու մասին Կեդրոնական դրամատան որոշումը, ինչ որ պատճառ դարձաւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ճամբաներու փակումին եւ կարգ մը խուլիկանութիւններու ու անկարգութիւններու: Այս որոշումին լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն հրաւիրեց նախագահական պալատ: Կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարուեցաւ նիստ մը, որուն նախագահեց...

Յ. Բագրատունի Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան  Այցելեցին «Սանթա Մարիա» Բժշկական Կեդրոն

Յ. Բագրատունի Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին «Սանթա Մարիա» Բժշկական Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային հարցերու պատասխանատու Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեցին «Սանթա Մարիա» բժշկական կեդրոն, ուր անոնք դիմաւորուեցան հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյնա Ժոզեֆ Հարպի եւ հանրային կապերու տնօրէն Ռիթա Ֆայեզ Ղոսընի կողմէ: Յ. Բագրատունի եւ Վ. Օհանեան-Գէորգեան շրջեցան բժշկական կեդրոնին մէջ եւ այցելեցին հոն բժշկուող պարագաներուն ու տարեցներուն, ինչպէս նաեւ կեդրոնին մասին բացատրութիւններ լսեցին...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Հայկական Իրաւական Կեդրոնը Ազրպէյճանի Կողմէ Սպաննուած Հայ Ռազմագերիներու Գործով Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Մէջ Սկսած Է Իրաւական Գործընթաց

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ արձանագրուած Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (Էյ.Էլ.Սի.), համագործակցաբար Հայաստանի մէջ արձանագրուած Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին հետ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ նոր գործեր ներկայացուցած է, որոնցմով Ազրպէյճանը կը մեղադրուի հայ ռազմագերիներու եւ պատանդառութեան մէջ գտնուող անձերու մահուան համար: ՄԻԵԴ ներկայացուած թղթածրարին մէջ նշուած են թիւով...

Պաքու Երեւանը Մեղադրած Է «Հայ Զինուորներ  Ապօրինաբար Լեռնային Ղարաբաղ Տեղափոխելու Համար»

Պաքու Երեւանը Մեղադրած Է «Հայ Զինուորներ Ապօրինաբար Լեռնային Ղարաբաղ Տեղափոխելու Համար»

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանը մեղադրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հայկական զինեալ ուժերու անձնակազմի անօրինական տեղակայման համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է: «Վերջին օրերուն կը նկատուին Հայաստանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտումով, իր զինեալ ուժերու անձնակազմի վերատեղակայման դէպքեր ազրպէյճանական տարածքներու մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Պիտի Չմասնակցի Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստին

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Չմասնակցի Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստին

Երէկ երեկոյեան Հայկական երեսփոխանական պլոքը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց խորհրդարանի գումարելիք այսօրուան նիստին օրակարգը: Մեկնելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի այն յայտարարութենէն, թէ անհրաժեշտ է հեռու մնալ աւելորդաբանութիւններէ եւ համախոհութիւն գոյացնել` չկորսնցնելու համար ճշմարտութեան եւ արդարութեան հասնելու բուն նպատակը, պլոքը որոշեց չմասնակցիլ խորհրդարանի այսօրուան նիստին: Նշենք, որ երեսփոխան Յ. Բագրատունի «Նիտա Ուաթան»-ի հետ...

Մեծ Թիւով Երեսփոխանական Պլոքներ  Կը Մերժեն Մասնակցիլ Պըրրիի  Հրաւիրած Այսօրուան Նիստին

Մեծ Թիւով Երեսփոխանական Պլոքներ Կը Մերժեն Մասնակցիլ Պըրրիի Հրաւիրած Այսօրուան Նիստին

Խորհրդարանը բաղկացնող մեծ թիւով երեսփոխանական պլոքներ երէկ մերժեցին մասնակցիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած այսօրուան նիստին, որ պիտի գումարուէր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ` քննարկելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին կատարուած ամբաստանութիւնը, ըստ 13/90 օրէնքի թիւ 22 կէտին: (Նշենք, որ 13/90 օրէնքը կը վերաբերի Նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին): Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Հզօր Լիբանան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ.  «Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի  Աշխատանքներուն Շարունակութիւնը  Մենք Կը Նկատենք Հրամայական»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ. «Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն Շարունակութիւնը Մենք Կը Նկատենք Հրամայական»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 11 օգոստոսին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին այցելեց Պուրճ Համուտ եւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երեսփոխաններուն եւ նախարարի պաշտօնակատարին, լիբանանահայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային իշխանութեան անդամներուն, պետական պաշտօնեաներուն, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, մամուլի եւ տեղեկատուական մարզի գործիչներուն հետ, որոնց յայտնեց իր զօրակցութիւնը` գաղութին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն դէմ յանդիման,...

Page 354 of 797 1 … 353 354 355 … 797

Արխիւներ