Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Կազմութիւնը  Կը Շարունակէ Մնալ Անորոշ,  Վառելանիւթի Տագնապը Կը Մնայ Տիրական,  Իսկ Կարգ Մը Շրջաններու Մէջ «Օժերօ»-ի  Ծառայութիւնները Կը Դադրին

Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Անորոշ, Վառելանիւթի Տագնապը Կը Մնայ Տիրական, Իսկ Կարգ Մը Շրջաններու Մէջ «Օժերօ»-ի Ծառայութիւնները Կը Դադրին

Ճիշդ է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր այցելուներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին յոյս յայտնեց, որ յաջորդող օրերը դրական զարգացումներ ընդգրկեն` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով, սակայն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրները հաստատեցին, որ ան նախագահ Աունի հետ հանդիպումի ժամադրութիւն մը չէ ճշդած տակաւին` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով յաւելեալ լաւատեսութեան պատճառ չկայ: Անպաշտօն աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ այսօր յետմիջօրէին վարչապետ...

225 Միլիոն Տոլարի Յատկացում` Վառելանիւթի  Ժամանակաւոր Նպաստ Տրամադրելու Նպատակով

225 Միլիոն Տոլարի Յատկացում` Վառելանիւթի Ժամանակաւոր Նպաստ Տրամադրելու Նպատակով

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին կը մնայ անորոշ, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ յաջորդ հանդիպումին մասին տակաւին ոչինչ յստակ է: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շաբաթ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց արտակարգ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ վառելանիւթի տագնապը: Ներկայ գտնուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, հանրապետութեան...

Սէյիտ Նասրալլա. «Վառելանիւթով Բեռցուած  Իրանեան Երկրորդ Նաւը Քանի Մը Օրէն Պիտի Նաւարկէ,  Եւ Անոր Պիտի Յաջորդեն Այլ Նաւեր»

Սէյիտ Նասրալլա. «Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Երկրորդ Նաւը Քանի Մը Օրէն Պիտի Նաւարկէ, Եւ Անոր Պիտի Յաջորդեն Այլ Նաւեր»

Հըզպալլայի մարտական առաջնորդներէն Ապպաս Եաթամայի նահատակութեան եօթնօրէքին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նահատակ մարտիկին յատկանիշներուն, Դիմադրութեան մէջ անոր կազմաւորումին, նուիրուածութեան եւ զոհողութիւններուն: Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ճակատամարտերը ամերիկեան դեսպանատունը կը մղէ` աւելցնելով, որ 2005-էն ի վեր անոնք կը ձախողին: «2006-էն անոնք գրաւ դրած էին ճզմելու Դիմադրութիւնը....

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Մեկնարկը Կատարեց  «Լիբանանցի Երիտասարդութեան Խորհրդարան»-ին

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Մեկնարկը Կատարեց «Լիբանանցի Երիտասարդութեան Խորհրդարան»-ին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շաբաթ, 21 օգոստոս 2021-ին, հրապարակեց թիւ 75/1/2021 որոշումը, որուն հիման վրայ մեկնարկը կատարուեցաւ «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ին: Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այդ որոշումը կ՛ընդգրկէ «խորհրդարան»-ի ստեղծման խորհուրդին կազմութիւնը` նախագահութեամբ Վ. Օհանեան-Գէորգեանի: Խորհուրդին փոխնախագահը պիտի ըլլայ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ: Խորհուրդը պիտի մշակէ «Լիբանանցի երիտասարդութեան խորհրդարան»-ին ծրագիրը, աշխատանքի գործիքակազմը, վարչական եւ ելեւմտական...

«Պուրճ Համուտը Պէտք Է Կանգուն Մնայ Իր Համահայկական Արժէքին Եւ Կարեւորութեան Համար» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Մարտիկ Պօղոսեան

«Պուրճ Համուտը Պէտք Է Կանգուն Մնայ Իր Համահայկական Արժէքին Եւ Կարեւորութեան Համար» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Մարտիկ Պօղոսեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս չորեքշաբթի, 11 օգոստոս 2021-ին այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտ եւ Ազգային առաջնորդարանի «Ե. Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայութեան եւ Պուրճ Համուտի կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկումի նիւթ դարձան լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու այս առնչութեամբ տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ այս տագնապին վերաբերող յառաջիկայի ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի նախաձեռնած «Սեն...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պաքուն Պէտք Է Շատ Յստակ  Հասկնայ, Որ Հայաստանի Ապաշնորհ  Իշխանութիւններու  Գոյութիւնը Չի Կրնար Հիմք Հանդիսանալ  Հայաստանի Անվտանգութեան Կազմաքանդման Համար»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստան Լուրջ Խնդիրներ Ունի Իր Արտաքին Յարաբերութիւններուն Մէջ»

«Փաստինֆօ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով Արարատ Միրզոյեանի արտաքին գործոց նախարար նշանակման, յայտնեց, որ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ ոեւէ արհեստավարժ դիւանագէտ չուզեց մտնել այս պատասխանատուութեան տակ, եւ երկու-երեք ամիս փնտռտուքներէ ետք այս ծանր իրավիճակին մէջ արտաքին գործոց նախարար նշանակուեցաւ` այս ալ քաղաքական որոշումով: Անոր համաձայն, գործող իշխանութեան վարած քաղաքականութեան անլրջութեան...

Հայաստանի Կառավարութեան  Կազմը Յստակացաւ

Հայաստանի Կառավարութեան Կազմը Յստակացաւ

Արդէն իսկ կազմուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կազմը եւ յստակացան նախարարութիւններն ու նախարարները, որոնք կը կազմեն հետեւեալ պատկերը. Նիկոլ Փաշինեան` Հայաստանի վարչապետ, Սուրէն Պապիկեան եւ Մհեր Գրիգորեան` փոխվարչապետներ, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար` Նարեկ Մկրտչեան, առողջապահութեան նախարար` Անահիտ Աւանեսեան, արդարադատութեան նախարար` Կարէն Անդրէասեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարար` Անդրանիկ Փիլոյեան, արտաքին գործոց նախարար` Արարատ Միրզոյեան, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար` Վահագն Խաչատուրեան, տնտեսութեան նախարար` Վահան...

Մինչ Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթը  Կը Շարունակուի, Վառելանիւթի  Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի

Մինչ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Շարունակուի, Վառելանիւթի Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի

Լիբանանցիները կը շարունակեն տառապիլ վառելանիւթի տագնապէն: Քաղաքացիներուն նուաստացումը կը շարունակուի պենզինի կայարաններուն դիմաց անոնց գոյացուցած հերթերուն ընդմէջէն: Ճիշդ է, որ կացութիւնը վատ է եւ ահռելի, սակայն վատագոյնն ու սարսափելին այն է, որ պենզինի եւ մազութի պահեստներուն սպառումէն ետք երկիրը ենթարկուած է լրիւ կանգ առնելու, մութի մատնուելու, եւ հորիզոնին վրայ լուծման ոչ մէկ նշոյլ կ՛երեւի: Երէկուան նորութիւններուն ծիրին մէջ երեւան ելաւ...

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատ.   «Լուծումը Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին  Կառավարութեան Կազմութիւնն Է»   Շեշտեց Պըրրի

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատ. «Լուծումը Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութեան Կազմութիւնն Է» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի նիստին, որ յատկացուած էր կարդալու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այն նամակը, որ կը վերաբերէր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ վառելանիւթին յատկացուող նպաստը կասեցնելու որոշումէն ետք երկրին տնտեսական ու ապրուստի պայմանները քննարկելու եւ համապատասխան որոշում տալու: Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյնիի մահուան յիշատակը: Նիստին ընթացքին...

Ճատրակ.  Էլինա Դանիէլեան Արժանացաւ  Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տիտղոսին

Ճատրակ. Էլինա Դանիէլեան Արժանացաւ Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տիտղոսին

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, որ եկաւ բարձր պահելու Հայաստանի անունը` դառնալով տիտղոսակիր: Առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովելով` Էլինա Դանիէլեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի նոր ախոյեան: *** Հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան երէկ` ուրբաթ, 2 օգոստոսին, հռչակուեցաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Նշենք, որ անոր կատարած այս իրագործումը, նկատուեցաւ բաւական կարեւոր`...

Ազգային Ժողովը Փակ Քննարկում Կատարեց  Սահմանին Իրադրութեան Վերաբերեալ.  Զինուած Ուժերը Կը Վերահսկեն  Երկրի Սահմաններուն

Ազգային Ժողովը Փակ Քննարկում Կատարեց Սահմանին Իրադրութեան Վերաբերեալ. Զինուած Ուժերը Կը Վերահսկեն Երկրի Սահմաններուն

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 օգոստոսին, Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ սահմանի իրավիճակին վերաբերեալ փակ քննարկում, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան ներկայացուցիչը: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան գլխաւոր վարչութեան պետ-ընդհանուր փոխհրամանատար զօր. Էդուարդ Ասրեան` նշելով, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, ինչպէս` արեւելեան սահմանագօտիին, այնպէս ալ` Երասխ-Սադարակ ուղղութեամբ ստեղծուած վիճակին-մարտավարական իրադրութեան...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արցախը Երբեք  Չի Կրնար Ըլլալ Ազրպէյճանի Մաս,  Ասիկա Բացառուած Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արցախը Երբեք Չի Կրնար Ըլլալ Ազրպէյճանի Մաս, Ասիկա Բացառուած Է»

«Մեր մտահոգութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակներու շուրջ չեն փարատած»: Այս մասին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով խորհրդարանին մէջ սահմանային իրավիճակին շուրջ փակ քննարկումին: Իշխան Աաղաթէլեան ընդգծեց, որ իրենց մտահոգութիւնները պայմանաւորուած են սահմանային իրավիճակի լարուածութեամբ: «Արդէն քանի ամիս է, թշնամին երկու ուղղութիւններով ներխուժած է Հայաստանի սահմաններէն ներս, այս ժամանակահատուածին մէջ...

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Ընդունեց  ՀՅԴ Խմբակցութեան Անդամները

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Ընդունեց ՀՅԴ Խմբակցութեան Անդամները

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 օգոստոսին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անձնակազմին հետ: Ողջունելով խմբակցութեան անդամները` Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատեց կուսակցութեան դերն ու նշանակութիւնը յատկապէս հայապահպանութեան, Հայ դատի, արցախեան հիմնախնդրի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, անվտանգութեան հարցերը միշտ օրակարգի վրայ պահելու առումով. «Պատահական չէ, որ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը նկատած եմ ամենայն հայոց կուսակցութիւն: Իմ կարծիքովս,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի  Եւ Արեւմտեան Ամերիկայի  Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Չորեքշաբթի, 18 օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ երկար հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս սփիւռքի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած հարցեր, նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան գծով կատարուող աշխատանքներուն:    

Այցելութիւն` Առողջապահութեան Նախարարի  Պաշտօնակատար Համատ Հասանի

Այցելութիւն` Առողջապահութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Համատ Հասանի

Լիբանանը հարուածող «Քորոնա» համաճարակի 4-րդ ալիքին լոյսին տակ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան այցելեցին առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց լոյսին տակ որոշուեցաւ Մեթնի պարագային Տահըր Պաշեք հիւանդանոցի «Քորոնա»-ի բաժանմունքը վերաբանալ,...

Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Երասխի Սահմանապահ Ուղեկալներ

Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Երասխի Սահմանապահ Ուղեկալներ

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին այցելեց Արարատի մարզի Երասխ բնակավայրի սահմանային շարք մը ուղեկալներ: Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունէն հաղորդեցին, որ դեսպանը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան Արարատի սահմանապահ ջոկատի հայ եւ ռուս սահմանապահներուն հետ:

Ազրպէյճան Կրակ Բացաւ  Սոթքի Ուղղութեամբ.  Թշնամին Ունի Մէկ Սպաննուած  Եւ Մէկ Վիրաւոր

Ազրպէյճան Կրակ Բացաւ Սոթքի Ուղղութեամբ. Թշնամին Ունի Մէկ Սպաննուած Եւ Մէկ Վիրաւոր

Երէկ` երեքշաբթի, 17 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 2:45-էն սկսեալ, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի, մասնաւորապէս` Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ` վիրաւորելով Հայաստանի զինուած ուժերու ծառայող մը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնեցին, որ զինուորին կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ժամը 4:30-ի դրութեամբ կրակոցները շարունակուեցան: Հայկական կողմին կատարած հակազդող գործողութիւններուն...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Պաքուի Սադրիչ Գործողութիւններու Ակնյայտ Նպատակն Է Վտանգել Մագլցումը Թուլացնելու Ջանքերը»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց ազրպէյճանական կողմի` Հայաստանի հետ սահմանին 16-17 օգոստոսին կատարած սադրիչ գործողութիւնները, որոնք ակնյայտօրէն կը նպատակադրեն վտանգել մագլցումի թուլացման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը եւ խաթարել շրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը: Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 16 օգոստոսին ազրպէյճանական զինուած ուժերը սադրիչ գործողութիւններու ձեռնարկեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ հատուածներուն մէջ` Երասխ բնակավայրի, Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի մօտակայքը եւ Գեղարքունիքի...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պաքուն Պէտք Է Շատ Յստակ  Հասկնայ, Որ Հայաստանի Ապաշնորհ  Իշխանութիւններու  Գոյութիւնը Չի Կրնար Հիմք Հանդիսանալ  Հայաստանի Անվտանգութեան Կազմաքանդման Համար»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պաքուն Պէտք Է Շատ Յստակ Հասկնայ, Որ Հայաստանի Ապաշնորհ Իշխանութիւններու Գոյութիւնը Չի Կրնար Հիմք Հանդիսանալ Հայաստանի Անվտանգութեան Կազմաքանդման Համար»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահ Ի. Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն. «Դրացի երկրի ղեկավարը երէկ նորէն ինքն իրեն թոյլ տուած է մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը վիրաւորող արտայայտութիւններ: Միջազգային ահաբեկչական ուժերու եւ այլ պետութիւններու ներգրաւումով` մեր ժողովուրդին նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմէն ետք, Ալիեւը ակնյայտօրէն նպատակ ունի կարճ ժամանակահատուածի մէջ ամբողջապէս կազմաքանդել Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային համակարգը:...

Պաապտայի Մէջ.   «Կառավարութեան Կազմութենէն Քանի Մը Մեթր  Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուինք»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութենէն Քանի Մը Մեթր Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուինք» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:50-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը չեն քննարկած` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութենէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին: «Ամէն ջանք ի գործ կը դնենք վերացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները եւ...

Page 353 of 797 1 … 352 353 354 … 797

Արխիւներ