Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.   Սեւրն Ու Սահմանագծումի Խորհուրդը

Խմբագրական. Սեւրն Ու Սահմանագծումի Խորհուրդը

Սեւրի պայմանագիրի հերթական նշումը անպայման մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ նախ եւ առաջ մտաբերել կու տայ Թուրքիոյ հետ սահմանագծման իրաւաքաղաքական գործընթացը: Այն շրջադարձային պատմական փուլը, որ հիմքն է տարածքային առումով մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնման: Սեւրի պայմանագիրի ստորագրումէն ամիսներ առաջ Սան Ռեմոյի համագումարին արդէն սկսած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանի յստակացման հարցով իրաւարարութեան գործընթացը: Այդ գործընթացն է փաստօրէն, որ յանգեցաւ Ուիլսընի իրաւարարութեան:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայաստանի Համար Վտանգաւոր  Զարգացումներով Յղի Շրջանի Պարզած Ներկայ  Իրավիճակը Նաեւ Կը Պահանջէ «Ո՛Չ» Ըսելու Վճռականութիւն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայաստանի Համար Վտանգաւոր Զարգացումներով Յղի Շրջանի Պարզած Ներկայ Իրավիճակը Նաեւ Կը Պահանջէ «Ո՛Չ» Ըսելու Վճռականութիւն»

Ստորեւ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յղած նամակը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին. «Վսեմաշո՛ւք պրն. վարչապետ, Քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն: Կը շնորհաւորենք Ազգային ժողովին ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ձեր նշանակումը` իբրեւ վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Արդարեւ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի պատմութեան վճռադրոշմ մէկ փուլին, դուք վերստին կը կոչուիք վարչապետի ծանր ու...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան Օրակարգով Գումարուած Է ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Առցանց Խորհրդակցութիւն

ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհրդի նախաձեռնութեամբ օգոստոսի 7-ին գումարուել է ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախմբերի եւ գրասենեակների առցանց խորհրդակցութիւն: Խորհրդակցութեանը մասնակցել են Հայ դատի Կեդրոնական խորհրդի անդամները, Հայ դատի տարածաշրջանային գրասենեակների, աւելի քան 30 երկրներում գործող Հայ դատի յանձնախմբերի պատասխանատուները եւ ՀՅԴ մարմինների ներկայացուցիչներ: Խորհրդակցական ժողովի հիմնական օրակարգը վերաբերել է Հայ դատի յանձնախմբերի եւ գրասենեակների կողմից Արցախի շահերի պաշտպանութեանը: Հաշուի առնելով...

Սաղաթէլեանը` Իշխանութիւններուն.  «Ձեր Բոլոր Բարեփոխումներուն Մեկնարկը  Կը Սկսի Մէկ Կէտէ` Ամրապնդել Ձեր Իշխանութիւնը»

Սաղաթէլեանը` Իշխանութիւններուն. «Ձեր Բոլոր Բարեփոխումներուն Մեկնարկը Կը Սկսի Մէկ Կէտէ` Ամրապնդել Ձեր Իշխանութիւնը»

Այն իշխանութիւնը, որ շրջափակած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը, այն Ազգային ժողովը, որուն պատգամաւորները իրենց կուսակցութեան ղեկավարին հրահանգով կազմակերպած են դատարաններու շրջափակումը, այդ իշխանութիւնը եւ այդ քաղաքական մեծամասնութիւնը իրաւունք չունին խօսելու արդարադատութեան համակարգին եւ արդարադատութեան համակարգին մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու մասին: Ազգային ժողովին մէջ իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան: «Յայտարարեցիք զտում, ըսիք` արդարադատութեան համակարգէն պիտի հեռացնէք չարաշահող...

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Այցելած Է  Երասխի Հատուածին Մէջ  Տեղակայուած Մարտական Յենակէտ

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Այցելած Է Երասխի Հատուածին Մէջ Տեղակայուած Մարտական Յենակէտ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս, Հայաստանի զինուած ուժերու պատրաստութեան ընդհանուր վարչութեան պետ - զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ, հազարապետ-զօրավար Անդրանիկ Մակարեանի եւ շարք մը սպաներու ընկերակցութեամբ, 10 օգոստոսին այցելած է հանրապետութեան հարաւարեւմտեան սահմանագօտի: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յատկապէս այցելած է Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական...

Ազրպէյճանի Բանակը Կրակ Բացաւ  Սեւ Լիճի Մէջ Տեղակայուած Հայկական  Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանի Բանակը Կրակ Բացաւ Սեւ Լիճի Մէջ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

  7 օգոստոսին` ժամը 11:40-էն 12:00 ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները անգամ մը եւս դիմեցին սադրանքի` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայ-ազրպէյճանական սահմանի Սիւնիքի մարզի, մասնաւորապէս` Սեւ լիճի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Հայ սահմանապահներուն պատասխան գործողութիւններուն լոյսին տակ հակառակորդին կրակոցները լռեցին: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:  

Պաշտպանութեան Նախարարը Հրահանգեց  Կասեցնել Հայաստանի Սահմանը Հատելու`  Ազրպէյճանական Բոլոր Փորձերը

Պաշտպանութեան Նախարարը Հրահանգեց Կասեցնել Հայաստանի Սահմանը Հատելու` Ազրպէյճանական Բոլոր Փորձերը

Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան խստօրէն հրահանգեց կասեցնել Հայաստանի սահմանը հատելու` Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը: 8 օգոստոսին երրորդ զօրամիաւորման ղեկավար կազմին եւ ենթակայ ստորաբաժանումներուն ներկայացնելով զօրամիաւորման նոր նշանակուած հրամանատար, գնդապետ Ալեքսանտր Ցականեանը` Կարապետեան մասնաւորաբար յայտարարեց. «Հակառակորդը ոչ մէկ ձեւով պէտք չէ նոյնիսկ մտածէ ներթափանցել մեր տարածքը, ասիկա ձեր խնդիրն է: Ատոր համար, հրամանատարը եւ զօրամասի հրամանատարները, ստորաբաժանումներու հրամանատարները` սկսած դիրքի հրամանատարէն, ամէն իրաւունք...

Գեղամ Ստեփանեան. «Ազրպէյճանի Բանակի  Յենակէտը Սպառնալիք Է Հին Շէնի  Խաղաղ Բնակչութեան Համար»

Գեղամ Ստեփանեան. «Ազրպէյճանի Բանակի Յենակէտը Սպառնալիք Է Հին Շէնի Խաղաղ Բնակչութեան Համար»

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան այցելեց Շուշիի շրջանի Հին Շէն համայնք, ուր հանդիպում ունեցաւ համայնքի ղեկավարին եւ բնակիչներուն հետ, ծանօթացաւ զանոնք յուզող խնդիրներուն: Այցելութենէն ետք Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ գիւղը մինչեւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմը ունեցած է 187 բնակիչ, որոնցմէ ընդամէնը 86-ը ներկայիս մնայուն կերպով կը բնակին գիւղին մէջ:  Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նշեց, որ գիւղացիներուն վերադարձին...

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը  Այսօր Պիտի Այցելէ Հայաստան

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Այսօր Պիտի Այցելէ Հայաստան

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 9-10 օգոստոսին պիտի գտնուի Հայաստան: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուին հանդիպումներ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակ: Նախապէս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հրաւիրած էր միասին այցելելու Հայաստան-Ազրպէյճան սահման: Յիշեցնենք, որ Հայաստանը...

Սէյիտ Նասրալլա. «Ինչ Ալ Ըլլան Դժուարութիւնները`  Դիմադրութեան Նուաճումներուն Տէր Կը Կանգնինք,  Իսկ Թշնամիին Ուժերը Իրենց Գոյութեամբ Մտահոգ Են»

Սէյիտ Նասրալլա. «Ինչ Ալ Ըլլան Դժուարութիւնները` Դիմադրութեան Նուաճումներուն Տէր Կը Կանգնինք, Իսկ Թշնամիին Ուժերը Իրենց Գոյութեամբ Մտահոգ Են»

2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին 15-ամեակին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 7 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ թշնամիին ուժերը իրենց գոյութեամբ մտահոգ են: «Ով որ արգիլած է եւ կը շարունակէ արգիլել սիոնական գոյացութեան կողմէ Լիբանանի ռմբակոծումը, Դիմադրութեան հետ հսկայ բախումի մատնուելու առումով անոր վախն է: 2006-ին իրականացած...

Կրկին Լարուածութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանի Երասխի Հատուածին Մէջ

Կրկին Լարուածութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանի Երասխի Հատուածին Մէջ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ` 6 օգոստոսին հաղորդեց, որ նոյն օրը կէսօրուան ժամը 12:10-ի շուրջ, ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք միջդիրքային հատուածի խոտերուն մէջ հրդեհ ծագեցաւ: Նախարարութիւնը յայտնեց,  որ հայկական կողմը հակազդեց եւ հակառակորդին կրակը լռեցնելու գործողութիւններու ձեռնարկեց: Աւելի ուշ` երեկոյեան շուրջ ժամը 6:00-ին,...

Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ  Ընտրուեցաւ Իշխան Սաղէաթէլեան

Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ Ընտրուեցաւ Իշխան Սաղէաթէլեան

«Հայաստանի Սահմանդրութեամբ խորհրդարանական ընդդիմութեան վերապահուած Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին համար ընտրուեցաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 103 պատգամաւորներ` 64 թեր, 37 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, 2 քուէաթերթիկ նկատուեցաւ անվաւեր: Ազգային ժողովի փոխնախագահ ընտրուած Իշխան Սաղաթէլեան քուէարկութեան արդիւնքներուն հրապարակուելէն ետք շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ «Հայաստան» դաշինքի օգտին քուէարկած քաղաքացիներուն եւ թէ՛ «Հայաստան» դաշինքը չընտրածներուն...

Մերժուեցաւ Խորհրդարանական Ընդդիմութեան  Առաջարկը` Արցախի Հարցով  Մնայուն Յանձնախումբ Ստեղծելու

Մերժուեցաւ Խորհրդարանական Ընդդիմութեան Առաջարկը` Արցախի Հարցով Մնայուն Յանձնախումբ Ստեղծելու

Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ չվաւերացուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր ` «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններուն կողմէ առաջարկուած Արցախի հարցերով մնայուն յանձնախումբ ստեղծման նախագիծը, որ ներկայացուեցաւ 6 օգոստոսին, եւ որուն թեր քուէարկեց 33 պատգամաւոր, դէմ` 0, իսկ ձեռնպահ քուէարկեցին 68 պատգամաւորներ: «Հայաստան» խմբակցութենէն Արթուր Խաչատրեան այս յանձնախումբին գծով արտայայտուելով ըսաւ. «Եթէ մենք կ՛ընդունինք, որ այսօր Հայաստանի հիմքը Արցախն է, Արցախը եղած է...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Զարգացումներ  Եւ Փոխադարձ Ռմբակոծում, Որոնք Կը Խանգարեն  Ներքին Լիբանանեան Անդորրը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Զարգացումներ Եւ Փոխադարձ Ռմբակոծում, Որոնք Կը Խանգարեն Ներքին Լիբանանեան Անդորրը

Երէկ կէսօրէ առաջ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան ապահովական խախտումներ, երբ Հըզպալլա հակադարձեց օր մը առաջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած ռմբակոծումներուն: Այս գործողութեամբ Հըզպալլա ամրագրեց եւ վերահաստատեց 2006-ին հաստատած իր այն մարտավարութիւնը, որ «ի՛նչ որ ռմբակոծէք, մենք համահաւասար հակազարկով կ՛անդրադառնանք»: «Բացատնե՞ր կը ռմբակոծէք, բացատներ կը ռմբակոծենք»: Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախման ոճի սկզբունքները պարզուեցան եւ հաստատուեցան, սակայն ներքին լիբանանեան...

Պաապտայի Մէջ.   «Լռութիւնը Կը Մնայ Աւելի Խօսուն,  Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը  Իրենց Աւարտին Կը Մօտենան»   Շեշտեց Նեժիպ Միքաթի

Պաապտայի Մէջ. «Լռութիւնը Կը Մնայ Աւելի Խօսուն, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Իրենց Աւարտին Կը Մօտենան» Շեշտեց Նեժիպ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները: Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ դէպքերը արագութեամբ կը յառաջանան` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ տիրած...

Կոչ

Կոչ

2021 թ. օգոստոսի 4-ին լրանում է Պէյրութի նաւահանգստում տեղի ունեցած պայթիւնի մէկ տարին: Այդ պայթիւնի հետեւանքով Լիբանանի ժողովուրդը եւ նրանց մէկ մասնիկը կազմող լիբանանահայութիւնը կրեց մարդկային, բարոյական եւ նիւթական մեծ վնաս: Պայթիւնը յաջորդեց մինչ այդ Լիբանանում ծայր առած ու մոլեգնող քաղաքական եւ տնտեսական տագնապին եւ 2020թ. թագավարակի պատճառած առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ահաւոր վիճակին: Միջին Արեւելքի մեր միւս կարեւոր գաղթօճախ`...

Իշխան Սաղաթէլեանի Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ.  «Այս Իշխանութիւնն Անկարող Է Լուծել Մեր Երկրի  Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները,  Ուստի Այս Իշխանութեան Հետ Ապագայ Չկայ»

Ազգային Ժողովի Ընդդիմութեան Վերապահուած Փոխնախագահը Երէկ Ալ Չընտրուեցաւ. Խորհրդարանական Մեծամասնութիւնը Երկու Անգամ Ձախողեցուց Ընտրութիւնը

4-րդ օրն ըլլալով Հայաստանի Ազգային ժողովը շարունակեց ձեւաւորել խորհրդարանի նախագահութեան կազմը: Նորընտիր խորհրդարանին մէջ նիստի եւս մէկ օր անցաւ թէժ մթնոլորտի մէջ: Իշխող մեծամասնութիւնը` «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, շարունակ ձախողեցուց ըստ Սահմանադրութեան պահանջի խորհրդարանական ընդդիմութեան հասնելիք Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին Իշխան Սաղաթէլեանի ընտրութիւնը: Խորհրդարանը չէ յաջողած ատիկա ընել` թէ՛ առաջին, եւ թէ՛ 2-րդ փորձին: «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները կրկին առաջադրած...

Իշխան Սաղաթէլեանի Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ.  «Այս Իշխանութիւնն Անկարող Է Լուծել Մեր Երկրի  Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները,  Ուստի Այս Իշխանութեան Հետ Ապագայ Չկայ»

Իշխան Սաղաթէլեանի Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ. «Այս Իշխանութիւնն Անկարող Է Լուծել Մեր Երկրի Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները, Ուստի Այս Իշխանութեան Հետ Ապագայ Չկայ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահի թեկնածու առաջադրուած Իշխան Սաղաթէլեանի` 4 օգոստոս 2021-ին Ազգային ժողովի ամպիոնէն ունեցած ելոյթը ամբողջութեամբ. «Սիրելի՛ հարենակիցներ, Ազգային ժողովի նիստին առցանց հետեւող մեր քաղաքացինե՛ր, Ազգային ժողովի բարձր ամպիոնից առաջին հերթին խօսքս ուղղում եմ ձեզ: Այսօր «Հայաստան» դաշինքի կողմից առաջադրուել եմ Ազգային ժողովի փոխնախագահի թեկնածու: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերու  Յիշատակի Մոմավառութեան Առիթով.  Բագրատունի. «Այս Ոճիրին Զոհ Գացած  Ոեւէ Նահատակի Արեան Մէկ Կաթիլը Գերիվեր Է  Ամէն Անձեռնմխելիութենէ»

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերու Յիշատակի Մոմավառութեան Առիթով. Բագրատունի. «Այս Ոճիրին Զոհ Գացած Ոեւէ Նահատակի Արեան Մէկ Կաթիլը Գերիվեր Է Ամէն Անձեռնմխելիութենէ»

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով երեքշաբթի, 3 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, մոմավառութիւն կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, երեսփոխաններ Ալեքսան Մաթոսեանի, Յակոբ Թերզեանի, քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու, թաղապետներու, հոգեւոր հայրերու, ինչպէս նաեւ` կուսակցական, ընկերային եւ հասարակական...

Հովանաւորութեամբ Երեք Համայնքապետներուն.  Աղօթքի Հոգեւոր Արարողութիւն` Ի Յարգանս  Լիբանանի Եւ Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն

Հովանաւորութեամբ Երեք Համայնքապետներուն. Աղօթքի Հոգեւոր Արարողութիւն` Ի Յարգանս Լիբանանի Եւ Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կից գտնուող Ժաարայի աստիճաններուն վրայ: Արարողութեան հանդիսապետեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ձեռնարկին ներկայ...

Page 355 of 797 1 … 354 355 356 … 797

Արխիւներ