Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պռօշեան Գիւղի Զօրաց Պանթէոնին Մէջ. ՀՅԴ-ի Շարքեր Մուտքի Երդման Արարողութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2021-ին, Պռօշեանի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վարնկաթաղի զոհերու տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն: Խորհրդանշական այս օրը երդում տուին եւ ՀՅԴ-ի շարքերուն միացան շուրջ 35 նորագիրներ:

Երդման արարողութիւնը կատարուեցաւ արցախեան առաջին պատերազմի հերոս Պետոյի շիրիմին վրայ, նոյն պանթէոնին մէջ կը հանգչի նաեւ հերոս Կարօտը. անոնց կողքին ամփոփուած են 6 հոկտեմբեր 2020-ին Վարնկաթաղի մէջ զոհուած 24 հերոսէն 17-ին մարմինները: Նաեւ այդ պանթէոնը տեղափոխուած է Սրխաւենդի մէջ` Պետրոս Ղեւոնդեանի զոհուած վայրը տեղադրուած յուշակոթողը, զոր ՀՅԴ վաշտերէն մէկուն անդամները, 50 օր Արցախի հիւսիսային հատուածի անվտանգութիւնը ապահովելէ ետք, երբ սրտի կսկիծով տեղեկացած էին, որ Քարվաճառը եւս պիտի յանձնուի առանց կրակոցի, Պետրոս Ղեւոնդեանի յուշաքարը իրենց հետ դուրս բերած են շրջանէն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան` խօսքը ուղղելով նորագիրներուն ըսաւ. «Դուք կամաւորներ էք, որ այս օրերուն կը միանաք մեզի, մեր գործին եւ պիտի շարունակէք այն պայքարը, որ սկսած ենք 130 տարի առաջ»:

Կամաւորական գումարտակի փոխհրամանատար Պորիս Տէր Յովհաննիսեան շեշտեց, որ երդման արարողութեան վայրը` Զօրաց պանթէոնը պատահաբար չէ ընտրուած, ուր կը ննջեն դաշնակցական այն տղաները, որոնք դաշնակցականի երդումը իրենց արեան գնով ապացուցեցին:

«Մենք ճիշդ այդ կը սպասենք դաշնակցականէն: Կանոնագիրին մէջ ալ կայ` դաշնակցականը այն անհատն է, որ կ՛ընդունի Դաշնակցութեան ծրագիրը, կանոնագիրը, որոշումները, գործելակերպը եւ ամէն ջանք պէտք է թափէ, որ կենսագործէ այդ որոշումները: Այս տղաները հսկաներ են, հայոց պատմութեան երկինքին մէջ աստղեր են փայլուն: Ոմանց դուք կը ճանչնաք, ոմանց` ոչ, բայց անոնք մեր պատմութեան, վերջին պատերազմի նուիրեալներէն էին, որոնք մէկ վայրկեան նոյնիսկ չվարանեցան` երդումը ի կատար ածելու, հայրենիքը փրկելու, ամբողջականութիւնը պահպանելու, ընկերներու կեանքը փրկելու համար: Դուք, որ կու գաք` նոյն ճշդապահութեամբ եւ կարգապահութեամբ, նոյն հպարտութեամբ եւ վճռականութեամբ, երդում պիտի տաք եւ խոստանաք, որ պիտի շարունակէք մեր ընկերներուն ճամբան», շեշտեց ան` խօսքը ուղղելով նորագիրներուն:

Օրուան կնքահայրը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նորագիրներուն ըսաւ, որ Դաշնակցութեան անդամ դառնալը դժուար չէ, դժուար է դաշնակցական մնալը, իսկ երդում տալ կը նշանակէ ամբողջ կեանքի ընթացքին` երդման վայրկեանէն, մնալ կուսակցութեան անդամ, մնալ հաւատարիմ Դաշնակցութեան ծրագիրին, կանոնագիրին եւ որոշումներուն:

Խօսելով արարողութեան վայրի ընտրութեան մասին` Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ պանթէոնին մէջ կը հանգչին արցախեան երկու պատերազմներուն կռուած եւ զոհուած մօտ 3 տասնեակ ազատամարտիկներ, որոնք թերեւս չեն ստացած հերոսի շքանշան, բայց իրականութեան մէջ անոնք հերոսներ են:

«Հերոսներ են նաեւ մեր մէջ գտնուող շատ ընկերներ, որոնք կրկին մասնակցած են արցախեան երկու պատերազմներուն եւ բախտի բերմամբ չեն զոհուած: Նպատակը զոհուիլը չէ, այլ անմնացորդ նուիրուիլը այն նպատակին, որուն համար երդում պիտի տաք: Այսօր իսկապէս դժուար է դաշնակցական ըլլալը, որովհետեւ իշխանութեան գլխուն ունինք քաղաքական ուժ մը, որ իր էութեամբ եւ ուղղուածութեամբ ապազգային է: Այսինքն` մեր պայքարը ո՛չ միայն արտաքին թշնամիին դէմ է, այլ նաեւ մեր պետութեան, իշխանութեան դէմ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան` շեշտելով. «Դուք պատասխանատու որոշում տուած էք»:

 

Նախորդը

Մաթարելլա. «Մինսքի Խմբակի Համանախագահութիւնը Այն Ձեւաչափն Է, Ուր Կարելի Է Գտնել Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Կայուն Եւ Խաղաղ Լուծումը»

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Վարնկաթաղի Հերոսներու Գործը Պիտի Շարունակուի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?