Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Իրան Օտար Երկիրներուն Պիտի Չարտօնէ Իր Յարաբերութիւնները Խզել Դրացի Երկիրներուն Հետ, Ներառեալ Հայաստանը»

Հոկտեմբեր 5, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի չարտօնէ, որ արտաքին միջամտութիւնը խզէ դրացի երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները: «Մեհր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ բանակցութիւններու աւարտին կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան:

«Այսօր մենք համաձայնած ենք զարգացնել համագործակցութիւնը տնտեսութեան, առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ: Առեւտուրն ու Հայաստանէն անցնող տարանցիկ ճամբան շահագործելը երկու երկիրներուն համար փոխադարձ մտահոգութեան նիւթերէն են», ըսած է իրանցի նախարարը:

«Մենք մշակած ենք հոլովոյթ մը, որ պիտի արտօնէ արագօրէն վերակենդանացնել երկու երկիրներու տարանցիկ ճամբաները եւ ուղիները: Առաջին շաբաթներուն մենք առաւել մեծ աշխուժութիւն պիտի տեսնենք երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ: Մեր շրջանը եւ մեր դրացիները ծանր կացութեան մէջ են որոշ հատուածներու մէջ սիոնական վարչակարգի եւ ահաբեկիչներու ներկայութեան պատճառով», աւելցուցած է ան:

Ապտոլլահեան շեշտած է, որ իրենք «պիտի չարտօնեն որոշ երկիրներու ազդել դրացի երկիրներու, ներառեալ Հայաստանի հետ Իրանի յարաբերութիւններուն վրայ»: «Մեր շրջանը ոչ մէկ պարագայի պիտի հանդուրժէ նոր բարձրագոչ պահանջներ: Շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները պէտք է լուծուին շրջանի ժողովուրդներուն կողմէ` առանց արտաքին միջամտութեան», շեշտած է Ապտոլլահեան:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, հանդիպումին ընթացքին երկու նախարարները ընդգծեցին շրջանային կայունութիւնը վտանգող գործողութիւններուն անթոյլատրելիութիւնը եւ կարեւոր նկատեցին շրջանային նոր մարտահրաւէրներու հասցէագրման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային երթեւեկի միջանցք ստեղծելու մասին բազմակողմանի hամաձայնագիրի ստորագրութիւնն ու արդիւնաւէտ կիրարկումը:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ուժանիւթի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու մարզերուն մէջ համագործակցութեան: Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Գորիս-Կապան ճամբու այլընտրանք հանդիսացող ուղիի կառուցման ընթացքին եւ արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ «Կազ` ելեկտրականութեան դիմաց» ծրագիրի հեռանկարներուն շուրջ:

Նախորդը

«Երեւանէն Ստացուած Դրական Ազդակները Սահմանազատման Հոլովոյթի Կառուցողական Զարգացման Յոյս Կը Ներշնչեն» Կ՛ըսէ Ապտուլայեւա

Յաջորդը

Լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեան Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակակիր

RelatedPosts

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան  Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ
Հայկական

Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Հանդիպումները Հայաստանի Մէջ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Վեհափառ  Հայրապետին Եւ Յունաստանի Կրթութեան,  Կրօնական Հարցերու Ու Մարմնակրթութեան Նախարարին Միջեւ
Հայկական

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստիւ Կը Դատապարտէ Հայ Հոգեւորականներուն Շարունակուող Ձերբակալութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?