Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Տիւրզի Համայնքի Նորընտիր Հոգեւոր Պետին

October 8, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի տիւրզի համայնքի նորընտիր հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապու Մունայի, համայնքի Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ:

Վեհափառը ողջունելով շէյխ Ապու Մունայի ընտրութիւնը մաղթեց, որ իր նուիրեալ աշխատանքով ո՛չ միայն տիւրզի համայնքը առաւել ծաղկի ու բարգաւաճի, այլ նաեւ կարեւոր նպաստ բերէ Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդման: Լիբանանը ըլլալով համայնքային երկիր` իւրաքանչիւր համայնք իր իւրայատուկ դերը ունի Լիբանանի յառաջդիմութեան ու հզօրացման մէջ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան յիշեցուց, որ Շուֆի շրջանին մէջ հին ժամանակներէն ի վեր հայեր բնակութիւն հաստատած են, յատկապէս Ազունիէի հայ բուժարանին ծառայութիւնը, որ հայ-տիւրզի գոյակցութեան շօշափելի արտայայտութիւնը եղած է:

Շէյխ Սամի Ապու Մունա իր կարգին իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին այցելութեան ու բարեմաղթութեանց համար: Ան ըսաւ, որ վեհափառը ո՛չ միայն հինէն կը ճանչնայ, այլ նաեւ հիացումով հետեւած է իր ելոյթներուն, Լիբանանէն ներս թէ դուրս, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մարզին մէջ: Նորընտիր շէյխը նաեւ յատուկ յարգանքով արտայայտուեցաւ հայութեան մասին` իբրեւ երկրի կարեւոր համայնքներէն մէկը, իր կարգին շեշտելով միջկրօնական գործակցութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ հիմքը Լիբանանի ինքնութեան:

Լսելով վեհափառ հայրապետին այցելութեան մասին` հանդիպումին միացաւ նաեւ տիւրզի համայնքի նախկին հոգեւոր պետը` շէյխ Ապու Մուհիպ Նայիմ Սայիտ Հասանը: Ան եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ համայնքին մասին եւ շեշտեց միջկրօնական գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Կոմիտաս արք. Օհանեան, Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, Սարգիս աբղյ. Աբրահամեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Իսկ շէյխ Ապու Մունայի կողքին ներկայ էին տիւրզի դպրոցներու ընդհանուր պատասխանատուն, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչը եւ շէյխին աւագ որդին:

Նախորդը

Հայ Դպրոցը Կը Մնայ Լիբանանահայ Մեր Ժողովուրդի Գիտակից Կամքին Վաւերական Վկայութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.