Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Հռոմի Պապին Ներկայացուց Հայ Գերիներուն Նկատմամբ Ազրպէյճանական Խոշտանգումները

October 8, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին ներկայացուց հայկական կողմի գերիներուն նկատմամբ ազրպէյճանական խոշտանգումները:

Այս մասին կը տեղեկացնեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմէն` նշելով, որ հանդիպումէն առաջ Ս. Աթոռի ծառայութիւնը տեղեակ պահուած է, որ պապին հետ անհատական ձեռքսեղմումի ժամանակ երկխօսութիւն գրեթէ պիտի չըլլայ, կարելի է միայն ողջունել` 1-2 վայրկեան առաւելագոյն տեւողութեամբ:

«Երբ սրբազան քահանայապետը մօտեցած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ներկայացուցած է վերջինիս եւ ըսած, որ Արման Թաթոյեանը յատուկ խօսք ունի ըսելիք: Այդ պահուն, Թաթոյեան նախ երախտագիտութիւն յայտնած է Հռոմի պապին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմական յարձակումները դադրեցնելու, Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու վերաբերեալ յայտարարութիւններուն համար», կը նշեն Թաթոյեանի գրասենեակէն:

Այնուհետեւ Արման Թաթոյեան նշած է, որ հայ գերիներուն մէկ մասը կեանքի սպառնալիքի տակ է եւ անօրինական կերպով կը պահուի Ազրպէյճանի մէջ, նաեւ խօսուած է Հայաստանի սահմանային բնակչութեան դէմ ազրպէյճանական խախտումներուն մասին: Ան նաեւ պապին յանձնած է իր ըսածները ապացուցող զեկուցումներ:

Ըստ լուրը հաղորդող աղբիւրին, Ֆրանչիսկոս պապը առած է զեկուցումները, բացած, թերթատած եւ տեսած է նաեւ դաժանութիւններուն վերաբերող նկարները: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է այդ կարեւոր զեկուցումներուն համար` նշելով, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ քննարկած են այդ հարցը: Ըստ Մարդու իրաւունքներու գրասենեակին, պապը յանձնարարած է իր օգնականին` ուսումնասիրել եւ իրեն առանձին ներկայացնել զեկուցումներուն բովանդակութիւնը:

Ներկայացուած է երեք զեկուցում. առաջինը, այսպէս կոչուած «Ռազմաւարի պուրակ»-ին, երկրորդը` Ազրպէյճանի պատասխանատուութեան մասին է` հայ գերիները խոշտանգելու, իսկ երրորդը` գերիներու ցուցմունքները իբրեւ քրէական գործի հիմք ծառայեցնելու մասին է:

 

Նախորդը

Փաշինեան Եւ Փութին Անդրադարձան Շրջանին Մէջ Տիրող Իրավիճակին

Յաջորդը

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Բողոքի Ցոյցը` Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.