Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.    Բանակցային Նոր Ուղենիշեր` Արցախի Ազգային Ժողովին Մէջ  (Արցախի Վերածնունդի Օրուան  Առիթով)

Խմբագրական. Բանակցային Նոր Ուղենիշեր` Արցախի Ազգային Ժողովին Մէջ (Արցախի Վերածնունդի Օրուան Առիթով)

Արցախեան շարժումի մեկնարկը 12 փետրուարին նշելու պետական հնչեղութիւնը ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէր Հատրութի մեկնարկային հանգամանքին վրայ: Իսկ այս հանգամանքը Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ուղղութեամբ կարեւոր ուղերձ էր: Փետրուար 20-ը կը մնայ խորհրդանիշ թուական` Արցախի վերածնունդը խորհրդանշող: Արցախի Ազգային Ժողովը շատ կարեւոր քայլ առաւ` փետրուար 20-ի նախօրեակին ընդունելով երկու կարեւոր փաստաթուղթ: Բռնագրաւուած տարածքներու մասին օրէնք ընդունելով փաստօրէն Արցախի Հանրապետութիւնը ուղենշեց արցախեան տարածքային...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հայաստանն ու Արցախը Միակամ Են Արցախահայութեան Իրաւունքներու եւ Հայրենիքի Միջազգային Ճանաչման Պայքարին Մէջ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է Արցախի վերածնունդի օրուան առիթով` նշելով, որ Հայաստանն ու Արցախը կը շարունակեն միակամ ըլլալ համազգային իղձերու իրականացման, պետականութեան եւ ինքնիշխանութեան, արցախահայութեան իրաւունքներու եւ հայրենիքի միջազգային ճանաչման համար արդար պայքարին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է. «1988 թուականի փետրուարի 20-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովրդական պատգամաւորների խորհուրդը կայացրեց պատմական որոշում`...

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Արցախեան  Շարժումի 34-Ամեակին Առիթով Յարգանքի  Տուրք Մատուցած Է Քաղաքային Յուշահամալիրին  Եւ Զինուորական Պանթէոնին Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Արցախեան Շարժումի 34-Ամեակին Առիթով Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Քաղաքային Յուշահամալիրին Եւ Զինուորական Պանթէոնին Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Արցախեան շարժումի 34-ամեակին առիթով, բարձրաստիճան պետական այրերու, զինուորականներու եւ  «Ի պաշտպանութիւն Արցախի» հասարակական նախաձեռնութեան Հայաստանէն հասած անդամներու ընկերակցութեամբ, 20 փետրուարին այցելած է քաղաքային յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, որ երկրին ղեկավարը եղած է նաեւ Ստեփանակերտի զինուորական պանթէոնին մէջ, ուր ծաղիկներ զետեղած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հերոսներու շիրիմներուն:  

Միւնիխի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են  Հայաստանի Եւ Իրանի  Արտաքին Գործոց Նախարարները

Միւնիխի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները

Միւնիխի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը 19 փետրուարին հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախարարները գոհունակութիւն յայտնած են երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական կապերու եւ փոխըմբռնման վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու դրական աշխուժութեան առնչութեամբ` պատրաստակամութիւն յայտնելով որակական նոր մակարդակի հասցնելու հայ-իրանական համագործակցութիւնը անվտանգային, առեւտրական, տնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան ու...

Միւնիխի Մէջ.  Վարչապետ Միքաթի Շրջանային Եւ Միջազգային  Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու Հետ  Քննարկեց Լիբանանի Յարաբերութիւնները

Միւնիխի Մէջ. Վարչապետ Միքաթի Շրջանային Եւ Միջազգային Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու Հետ Քննարկեց Լիբանանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին Միւնիխի մէջ շարունակեց իր հանդիպումները շրջանային եւ միջազգային բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Քննարկումի առարկայ դարձան Լիբանանի հետ տարբեր երկիրներու յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Վարչապետ Միքաթի, որ Միւնիխի մէջ կը մասնակցի ապահովութեան նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը, հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Փարիզի ջանքերը` բոլոր...

Արցախի Ազգային Ժողովի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի  Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայ Բնակչութեան  Զանգուածային Ջարդերու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Արցախի Ազգային Ժողովը Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Բանակցային Հոլովոյթին

Երէկ` ուրբաթ, 18 փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը Արցախի Վերածնունդի օրուան առիթով հրապարակեց յայտարարութիւն մը, զոր ներկայացուց պատգամաւոր Գեղամ Ստեփանեան, եւ որ ընդունուեցաւ 30 քուէով: Անոր մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի անցած ուղիին` շեշտելով, որ այսօր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է անյապաղ լծուի տագնապի լուծման աշխատանքներուն:  Յայտարարութեան մէջ յատկապէս կը նշուի, որ 1988 թուականի փետրուարեան օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները...

Ընդունուած Է «Արցախի Հանրապետութեան  Բռնազաւթուած Տարածքներու Մասին» Օրէնքը

Ընդունուած Է «Արցախի Հանրապետութեան Բռնազաւթուած Տարածքներու Մասին» Օրէնքը

Երէկ` ուրբաթ, 18 փետրուարին գումարուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ: Օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին առաջին ընթերցումով ընդունուած «Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթուած տարածքներու մասին», «Քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթի եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու նախաձեռնութեամբ ներկայացուած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը` Արցախի Վերածնունդի օրուան առիթով: Հիմնական զեկուցող պատգամաւոր Արթուր Յարութիւնեան նշած է, որ սահմանուած ժամկէտներու մէջ «Արցախի...

Հըզպալլա Կը Յայտարարէ «Հասսան» Անօդաչու  Թռչող Սարքի Ծնունդն Ու Կատարած  Գործողութեան Յաջողութիւնը

Հըզպալլա Կը Յայտարարէ «Հասսան» Անօդաչու Թռչող Սարքի Ծնունդն Ու Կատարած Գործողութեան Յաջողութիւնը

18 փետրուար 2022-ը լիբանանցիներուն համար կարելի է ամփոփել քանի մը երկվայրկեան տեւած իսրայէլեան կործանիչներու կողմէ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ գործած թռիչքներուն ձայներով, որոնք սարսափահար դարձուցին իր վախը տակաւին չյաղթահարած լիբանանցին: Վախի մթնոլորտին ու իրարանցումին մէջ իր միտքը արթուն ու հաւասարակշռուած պահել փորձող քաղաքացին, որ հազիւ հասած էր իր տան պատուհանները բանալ` իբրեւ բնազդ, արդէն իմացաւ, որ Լիբանանի մէջ ծնած է...

Փետրուարեան Ապստամբութեան  101-Ամեակին Առիթով`  67 Նորագիրներ Միացան  ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն

Փետրուարեան Ապստամբութեան 101-Ամեակին Առիթով` 67 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն

Երէկ երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն եւ տարբեր կոմիտէութիւններէ կուսակցութեան շարքերը մուտքի դիմում կատարողներու 67 թեկնածուներ տուին դաշնակցականի իրենց երդումը եւ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն: Օրուան կնքահայրը Տիգրան Ճինպաշեան բացատրեց Դաշնակցութեան կանոնագիրին, ծրագիրին, բարոյական սկզբունքներուն, գործելակերպին եւ աւանդութիւններուն կապուած խորհուրդները` շեշտելով, որ դաշնակցական դառնալով հայ անհատը յանձնառու կը դառնայ ծառայելու հայութեան...

Մարսէյի Հայերուն Բողոքը` Ազրպէյճանական  Ակումբին Դէմ. «Արցախը Հայաստան Է»

Մարսէյի Հայերուն Բողոքը` Ազրպէյճանական Ակումբին Դէմ. «Արցախը Հայաստան Է»

Ֆրանսական Մարսէյ քաղաքի հայ համայնքին ներկայացուցիչները, Մարսէյ-Քարապաղ «Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Վելոտրոմի դաշտին վրայ, բողոքի գործողութիւն կազմակերպեցին ազրպէյճանական ակումբին դէմ: Հարիւրաւոր հայեր, որոնք ներկայ էին այս մրցումին, պարզեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Արցախը Հայաստան է», «Ազրպէյճանը` յանցագործ երկիր»: Նշենք, որ մրցումը աւարտեցաւ ֆրանսական կազմին յաղթանակով` 3-1...

Խմբագրական.    Գծուող Եւ Չգծուող Զուգահեռներ  (Փետրուարեան Ապստամբութեան  101-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Գծուող Եւ Չգծուող Զուգահեռներ (Փետրուարեան Ապստամբութեան 101-Ամեակին Առիթով)

Ազատագրական շարժման պատմութեան կամ ընդհանրապէս մեր ժամանակակից պատմութեան շրջադարձային իրադարձութիւններու նշումի այժմէականացման փորձը օրինաչափ է հայ հրապարակագրութեան մէջ: Միշտ չէ, որ կարելի կ՛ըլլայ հարազատ աղերսներ գտնել պատմական եւ ժամանակակից իրադարձութիւններու խորհուրդներուն միջեւ: Պատմական դասերը սակայն էական են: Պատմութեան ճիշդ ընթերցումը, ազգային ոսպնեակի օգտագործման եւ ընկալման անհրաժեշտութիւնը հրամայական են զուգահեռներ գծելու, բայց յատկապէս գալիք մարտահրաւէրները դիմակայելու նախապատրաստութեան համար: Իսկ մարտահրաւէրները բազմաթիւ...

Արցախի Ազգային Ժողովի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի  Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայ Բնակչութեան  Զանգուածային Ջարդերու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Այսօր` Արցախի Խորհրդարանի Արտահերթ Նիստ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այսօր` ուրբաթ, 18 փետրուարին կը գումարէ արտահերթ նիստ մը: «Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 114-րդ յօդուածի 2-րդ մասի եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքի 37-րդ յօդուածի Ա. մասին համաձայն, Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն նախաձեռնութեամբ 18 փետրուար 2022-ին, ժամը 11:00-ին, պիտի գումարուի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ` նախաձեռնողներու սահմանած հետեւեալ օրակարգով. 1.- «Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթուած տարածքներու մասին» եւ «Քաղաքացիական օրէնսգիրքին...

Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան  Կոչ Կ՛ուղղէ` Աւելի Աշխուժ Կերպով Մասնակցելու  Արցախի Հարցով Կայուն Լուծումի Որոնման

Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Աւելի Աշխուժ Կերպով Մասնակցելու Արցախի Հարցով Կայուն Լուծումի Որոնման

Եւրոպական խորհրդարանը ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան գործադրութեան մասին 2021 թուականի տարեկան զեկուցումին մէջ վերահաստատած է իր շարունակական աջակցութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներուն, մասնաւորապէս անոնց անկախութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան` իրենց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի կամքը յարգելուն: Եւրոպական խորհրդարանը զեկուցումին մէջ կոչ ուղղած է լիարժէքօրէն կատարելու Հայաստանի հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, ընդգծած է Հարաւային Կովկասի...

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

Այս Բանաձեւով Եւրոպական Խորհրդարանը Սկզբունքային Շեշտադրումներ Կը Կատարէ Ի Հեճուկս Ազրպէյճանի` Իրականութիւնը Խեղաթիւրելու Ջանքերուն

Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը երէկ (նախանցեալ օր` չորեքշաբթի, 16 փետրուար 2022, «Ա.») հաստատեց Եւրոպական Միութեան «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան» տարեկան բանաձեւը, որ տակաւին 20 դեկտեմբեր 2021-ին  ընդունած էր Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը: Արցախեան տագնապին վերաբերող դրոյթները Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին մէջ ըստ էութեան մնացին անփոփոխ: Եւրոպական խորհրդարանը կը հաստատէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի...

Պըրրի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Կայացման, Թաէֆի  Համաձայնագիրի Գործադրութեան  Եւ Արաբ Եղբայրներուն Հետ Յարաբերութիւններուն  Պահպանման»

Պըրրի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման, Թաէֆի Համաձայնագիրի Գործադրութեան Եւ Արաբ Եղբայրներուն Հետ Յարաբերութիւններուն Պահպանման»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Գահիրէի մէջ մասնակցեցաւ Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 32-րդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին  արտասանեց Լիբանանի խօսքը` հաստատելով, որ արաբական աշխարհին մէջ տիրող կացութիւնը կ՛ենթադրէ անկեղծօրէն անդրադառնալ ճշմարտութիւններուն: Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է անդրադառնալ բոլոր վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնք առանց բացառութեան կը սպառնան արաբ ժողովուրդներուն: Ան նշեց, որ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, առողջապահական եւ ռազմավարական առումով արաբական...

Ազրպէյճանի Դատախազութեան` Արցախի  Հանրապետութեան Նախագահին Դէմ Ուղղուած  Յայտարարութիւնը Սպառնալիքի  Եւ Հայատեացութեան Հերթական Դրսեւորումն Է

Ազրպէյճանի Դատախազութեան` Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին Դէմ Ուղղուած Յայտարարութիւնը Սպառնալիքի Եւ Հայատեացութեան Հերթական Դրսեւորումն Է

Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ձերբակալելու սպառնալիքի լոյսին տակ երէկ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը, Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ Արդարութիւն կուսակցութիւնը հրապարակեցին հետեւեալ միացեալ յայտարարութիւնը. «Արցախի Հանրապետութեան նախագահի դէմ ուղղուած Ազրպէյճանի դատախազութեան` վերջերս արուած յայտարարութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան Արցախի ժողովրդի ու նրա պետականութեան դէմ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմից սպառնալիքի եւ հայատեացութեան հերթական դրսեւորում: Չնայած ներքին քաղաքական...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Կը Վերականգնէ Իր Մասնակցութիւնը Միջազգային Կազմակերպութիւններու Աշխատանքներուն

Երէկ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. 2021 թուականի դեկտեմբերի 7-ին հանդէս էինք եկել յայտարարութեամբ, որ կասեցնում ենք մեր մասնակցութիւնը միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւնների աշխատանքներին: Յայտարարութեան հիմքը եղել է մեր գործընկեր պատգամաւորների` ակնյայտ ապօրինի կալանաւորումը եւ այլ պատգամաւորների, այդ թւում` պատուիրակութիւնների մէջ ընդգրկուած, տեղաշարժի ապօրինի սահմանափակումը: Յայտարարութիւնից յետոյ մեր գործընկերներն ամիսներ տեւած ապօրինի կալանաւորումից ազատ արձակուեցին` մեր խմբակցութեան կողմից...

Նախագահ Աուն Ռիաշիի Հետ Քննարկեց  Վարչական Բարեկարգումի Պետական  Նախարարութեան Նուաճումները

Նախագահ Աուն Ռիաշիի Հետ Քննարկեց Վարչական Բարեկարգումի Պետական Նախարարութեան Նուաճումները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նաժլա Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան արձանագրած նուաճումները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց թուայնացման յեղաշրջումի ռազմավարութիւնը գործադրելու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անիկա պարտադիր անցք է` պայքարելու փտածութեան դէմ եւ ամրապնդելու թափանցիկութիւնը: Նախագահ Աուն շեշտեց միջնորդներու ախտին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցի քաղաքացիները օրինազանցութիւններէ...

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

«Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» ծրագիրի իրականացման քայլերու ծիրին մէջ ֆրանսական պատուիրակութիւն մը շաբաթասկիզբին այցելեց Պուրճ Համուտ: Արդարեւ, հարաւային Ֆրանսայի (Փրովանս, Ալփ, Քոթ Տ՛Ազիւր) շրջանի փոխնախագահ, Միջազգային գործակցութեան եւ ելեւմտական հարցերու յանձնակատար Ժան Փիեռ Քոլին, երկուշաբթի, 14 փետրուար 2022-ի առաւօտուն ժողով մը գումարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ` ներկայութեամբ անոր ընկերացող պատուիրակութեան եւ «ԱՒԻԹԵՄ»-ի...

«Ազդակ»-ի 44-րդ Առցանց Լսարան.   Ղազախստանը` Թուրանի Կարեւոր Երկիրներէն Մէկը

«Ազդակ»-ի 44-րդ Առցանց Լսարան. Ղազախստանը` Թուրանի Կարեւոր Երկիրներէն Մէկը

«Ազդակ»-ի 44-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր` «Ղազախստանը` թուրանական գարնան եւ ռուս-թրքական աքցանին մէջ», իսկ դասախօսը` Ղազախստանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Վազգէն Գավլագեան: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ յստակացուց, որ ներկայացուելիք նիւթը գիտական բնոյթ չունի, այլ` քաղաքական-վերլուծական: Ինք այնտեղ դիւանագիտական ծառայութեան աւելի քան 10-ամեայ փորձառութիւն ունի, հետեւաբար ներկայացուելիք նիւթին մէջ ներառուած են նաեւ գործուղման...

Page 319 of 797 1 … 318 319 320 … 797

Արխիւներ