Որքան խորհրդարանական ընտրութեանց ժամկէտը կը մօտենայ, մտավախութիւնները առաւել եւս կը շեշտուին` օրըստօրէ կուտակուող այլազան արգելքներու լոյսին տակ: Արդարեւ, կարգ մը աղբիւրներ հարցականի տակ կ՛առնեն արտերկրի 220 հազար քուէարկողներու ընտրութեանց մասնակցութեան կարելիութիւնը` նկատի ունենալով արտերկրի դիւանագիտական մարզի պաշտօնեաներու բաց գործադուլի ազդարարութիւնը, իրենց ամսաթոշակներու ուշացման պատճառով: Նաեւ` դիւանագիտական նշանակումներու ձգձգման բերումով այս մարզի կազմերուն մէջ ստեղծուող մարդուժի բացը նոյնպէս կ՛արգելակէ ընտրութեանց հեզասահ ընթացքը, յատկապէս որ ընտրական պատկան մարմիններու անդամակցութեան կոչուած դատախազներէն շատեր արդէն իսկ մերժած են ընդառաջել ու մասնակցիլ ընտրական գործընթացին: Նոյն ծիրին մէջ անպաշտօն տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն, թէ յառաջիկայ մայիս ամսուան սկիզբէն սկսեալ դրամատնային մարզը պիտի առկախէ իր գործունէութիւնը, ինչ որ նոր ծանր հարուած կրնայ ըլլալ լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման ուղղութեամբ: Տակաւի՛ն, կան «հաշուի մէջ չեղող» անակնկալներ, որոնք կրնան շփոթի մատնել քուէարկողները եւ մետասաներորդ պահուն զանոնք մղեն «տունը մնալու» եւ մերժելու քուէատուփ ուղղուելէ ապահովական պատճառով: Այդպիսի վտանգներու նորագոյն օրինակը պատահեցաւ երէկ երեկոյեան, երբ տրցակ մը հացի պատճառով զինեալ միջադէպ պատահեցաւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ` ահ ու սարսափ ստեղծելով շրջանին մէջ: Իսկ ալիւրի, հացի, վառելանիւթի թէ ելեկտրական հոսանքի մշտանորոգ արգելքները, մնայուն պատրուակներ կրնան նկատուիլ ընտրական մարտահրաւէրը ձախողեցնելու միտողներուն մօտ:
Այսուհանդերձ` Դրական Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն
Գաղտնիք չէ, թէ Լիբանանի մէջ թնճուկները ընդհանրապէս քաղաքական համախոհութեամբ կը հարթուին: Այդ իմաստով, ուշագրաւ էր, երէկ` երկուշաբթի, 11 ապրիլին դիւանագիտական եռուզեռը, երբ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, շաբաթավերջին Պէյրութ վերադարձի պահէն ի վեր, լծուած է զանազան շփումներու, երկրի «բանալի» անձնաւորութիւններուն հետ, օգտուելով ռամատան ամսուան յատուկ իֆթարի աւանդական հաւաքներու կազմակերպումի առիթէն: Արդարեւ, երէկ երեկոյեան, նախօրօք փոխանցուած հրաւէրին ընդառաջելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մասնակցեցաւ դեսպան Պուխարիի Եարզէի մէջ նախաձեռնած իֆթարի երեկոյթին: Այս առիթով վարչապետ Միքաթի յայտնեց, թէ ինք ռամատան ամսուան ընթացքին պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Պուխարիին` անոր թափած ճիգերուն համար, յատկապէս` Ֆրանսայի հետ Լիբանանի գլխաւոր վեց մարզերու յատկացուելիք օժանդակութեանց թէ զօրակցութեան գծով:
Նաեւ` արտաքին իմաստով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական Ալեքսանտր Պոկտանով հեռաձայնային խորհրդակցութիւն ունեցած է վարչապետ Միքաթիի հետ` քննարկելով Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութեանց ամրագրման քայլերը: Այս ծիրին մէջ ռուս դիւանագէտը վերահաստատած է իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին` քաղաքական թէ տնտեսական ու կրթական առումով մաղթելով, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները բարեյաջող ելք կ՛ունենան:
Այս ծիրին մէջ դարձեալ իմացուեցաւ, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ մօտերս պիտի այցելէ Մոսկուա:
Նմանապէս դեսպան Պուխարի այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ արծարծեց Լիբանանի այժմու կացութիւնն ու այս գծով առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը:
Դեսպան Պուխարի այցելեց նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիանի: Ան այս առիթով «յիշեցուց», թէ ինք ներկայիս կուսակցական ղեկավարներու հետ խորհրդակցութիւններ կամ հանդիպումներ ունենալու մտադիր չէ: Ան վերահաստատեց Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանի հերքելով այս գծով դիւանագիտական յարաբերութեանց «առկախումը»:
Կը մնայ աւելցնել, որ ի պատիւ վարչապետ Միքաթիի տրուած իֆթարի երեկոյին զուգահեռ, երէկ Պէյրութ վերադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպանը, ինչ որ առաւել գերակշիռ կը թուի խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին Լիբանանի համար այնքան նպաստաւոր քայլ նկատուող դիւանագիտական զօրակցութեան առումով:


