Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աշխարհասփիւռ Ուսանողական Միութիւններու Առցանց Խորհրդաժողովը

Տեղի Ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աշխարհասփիւռ Ուսանողական Միութիւններու Առցանց Խորհրդաժողովը

12-13 Փետրուար 2022_ին, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Խուրհուրդի Ուսանողական Յանձնախումբի կազմակերպած Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ Ուսանողական Միութիւններու առցանց խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի՝ Նիկոլ Աղբալեան, Լիբանանի՝ Զաւարեան, Սուրիոյ՝ Քրիստափոր, Իրանի՝ Յովնան Դաւթեան, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի՝ Շանթ եւ Գանատայի՝ Արմէն Գարօ ուսանողական Միութիւններէն ներկայացուցիչներ, Ուսանողական Յանձնախումբէն անդամներ, Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատուները եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Հարցերու ներկայացուցիչ ընկերը: Առաջին օրուան օրակարգով իւրաքանչիւր միութիւն...

Միրզոյեան Եւ Լաւրով Միտքեր Փոխանակած Են  Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Վերաբերեալ

Միրզոյեան Եւ Լաւրով Միտքեր Փոխանակած Են Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Վերաբերեալ

Երէկ` երեքշաբթի, 15 փետրուարին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան 9 նոյեմբեր 2020-ին, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմանի յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին: Զրուցակիցները ընդգծեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու վերաբերող քայլերու ձեռնարկումը եւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերով մեքանիզմներու...

Մուրատ Փափազեան. «Հայաստանի  Եւ Սփիւռքի Միասնականութիւնը  Մեր Գլխաւոր Պաշարն Է

Մուրատ Փափազեան. «Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Աշխատանքներուն Մէջ Արցախը Պիտի Մնայ Առաջնահերթութիւն»

Ֆրանսայի հայ համայնքի 2022 թուականի աշխատանքներու առանցքին մէջ իբրեւ առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ Արցախը: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին նշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: Ան տեղեկացուց, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն լրջագոյն աշխատանք տարած են Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ, նոյն աշխուժութեամբ պիտի շարունակեն 2022 թուականին: Խօսելով օրերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հայ համայնքի...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մամլոյ Գրասենեակի  Աշխատակիցին Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մամլոյ Գրասենեակի Աշխատակիցին Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը` ողջունելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամլոյ գրասենեակի աշխատակից Թոմաս Մալարտի յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերէր Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովի 3 փետրուարին կատարած այն յայտարարութեան, թէ Ազրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է «տեղացի եւ օտարերկրացի մասնագէտներէ» կազմուած «աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն նպատակն է այսպէս կոչուած «աղուանական տաճարներէն» ջնջել «հայերու ձգած կեղծ...

Խմբագրական.    Կարգավիճակը` Շուշիով Եւ Հատրութով

Խմբագրական. Կարգավիճակը` Շուշիով Եւ Հատրութով

Արցախեան ազատամարտի հերթական նշումները ընդհանրապէս փետրուար 20-ին են: Թուականը կը խորհրդանշէ Երեւանի զանգուածային բողոքներու շարքի սկիզբը: Ըստ էութեան, սակայն, շարժումը մեկնարկած է Արցախէն: Աւելի յստակ` Հատրութի ցոյցերն են, որոնք հասած են Ստեփանակերտ, այնտեղէն անցնելու համար Երեւան, եւ ապա` սփիւռքի տարբեր երկիրներ: Այս տարի նկատուեցաւ պետական յատուկ քաղաքական միտում փետրուար 12-ը նկատելու սկզբնակէտ` արցախեան ազատամարտեան շարժումին: Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը այստեղ`...

«Հայ Երեսփոխանը Ունի Երկու Պաշտօն`  Ներկայացնել Լիբանանցիները Եւ Պաշտպանել  Լիբանանահայութեան Իրաւունքները»   Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Հայ Երեսփոխանը Ունի Երկու Պաշտօն` Ներկայացնել Լիբանանցիները Եւ Պաշտպանել Լիբանանահայութեան Իրաւունքները» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դերակատարութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի աշխատանքներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտին եւ այդ ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներու մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու եւ թղթածրարներու: Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը սկսած է նահանջ արձանագրել, իսկ լիբանանահայութեան թիւը` նուազում, Յ. Բագրատունի յայտնեց,...

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանատունը` Պատասխանելով  Ապտուլայեւային.  «Միայն Համապարփակ Լուծումը Կրնայ Լուծել  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւնները»

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանութիւնը Կողմերը Կը Քաջալերէ Ըստ Կարելւոյն Շուտ Համանախագահները Ընդունիլ Շրջանին Մէջ

Միացեալ Նահանգները կողմ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու շրջան այցելութեան ըստ կարելւոյն արագ կազմակերպման: Այս մասին «Նիուզ»-ի գրաւոր հարցումին ի պատասխան ըսած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն` մեկնաբանելով Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ Պաքուն պիտի շարունակէ խափանել ղարաբաղեան տագնապով զբաղելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի փորձերը: «Իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ Միացեալ Նահանգները յանձնառու են շարունակելու ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական քաղաքական լուծման...

Նոր Սիս Թաղամասին Մէջ Ժողովրդային  Դիմաւորումի Արժանանալով`  «Հայ Ըլլալը Կը Նշանակէ Մեր Հաւաքական  Կեանքին Մասնակից Դառնալ»  Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Նոր Սիս Թաղամասին Մէջ Ժողովրդային Դիմաւորումի Արժանանալով` «Հայ Ըլլալը Կը Նշանակէ Մեր Հաւաքական Կեանքին Մասնակից Դառնալ» Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երէկ` կիրակի, 13 փետրուար 2022-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Այս առիթով կիրակի առաւօտեան ժամը 10:15-ին, ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ վեհափառ հայրապետին: Ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ...

Քալիֆորնիոյ Եւ Սիւնիքի Միջեւ  Հաստատուած Են «Քոյր-Նահանգային»  Յարաբերութիւններ

Քալիֆորնիոյ Եւ Սիւնիքի Միջեւ Հաստատուած Են «Քոյր-Նահանգային» Յարաբերութիւններ

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ 10 փետրուարին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը որդեգրած է բանաձեւ մը, որով Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին միջեւ կը հաստատուին նահանգային-մարզային համագործակցութեան յարաբերութիւններ: Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի 62 անդամ դարձած են յիշեալ բանաձեւի համահեղինակ: Որդեգրուած բանաձեւով Քալիֆորնիան համերաշխութիւն կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին, ատով նաեւ կ՛ենթադրուի գործադրել երկուստեք փոխշահաւէտ կրթական, տնտեսական եւ մշակութային...

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ»  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւնները Պիտի Չմասնակցին Իշխանութիւններուն Ստեղծած Քննիչ Յանձնախումբի Աշխատանքներուն

Երէկ` ուրբաթ, 11 փետրուար 2022-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեցին, թէ պիտի չմասնակցին իշխանութիւններուն ստեղծած` 44-օրեայ պատերազմի հարցերով քննիչ յանձնախումբի աշխատանքներուն: Ստորեւ` յայտարարութիւնը. «Յայտնի է, որ իշխանութիւնները 44-օրեայ պատերազմի հարցերով քննիչ յանձնաժողով են ստեղծել: Հարկ է նշել, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններում Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողովների ստեղծումը ընդդիմադիր ուժերի հիմնական գործիքակազմերից...

Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի Մէջ  Եւրոպական Միութեան  Պատուիրակութեան Շէնքին Առջեւ

Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Շէնքին Առջեւ

Երէկ` ուրբաթ, 11 փետրուար 2022-ին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները բողոքի ցոյց կատարեցին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան շէնքին առջեւ` իրենց ընդվզումը արտայայտելով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու կազմաքանդման, խորացող բռնաճնշումներուն եւ դատական իշխանութեան անկախութիւնը ոտնահարող կոպիտ միջամտութիւններուն նկատմամբ եւրոպական կառոյցներուն դրսեւորած անտարբերութեան, յաճախ նաեւ այս արատաւոր երեւոյթներուն գծով ցուցաբերած խրախուսական քաղաքականութեան առնչութեամբ: «Յարգանքի տուրք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան յիշատակին» խորագիրը կրող...

Շիի Նախարարներուն Կարծիքով` 2022-ի  Պետական Ամավարկը Սահմանադրական  Շրջագիծի Մէջ Չէ Վաւերացուած

Շիի Նախարարներուն Կարծիքով` 2022-ի Պետական Ամավարկը Սահմանադրական Շրջագիծի Մէջ Չէ Վաւերացուած

Նախանցեալ օր կարգ մը լրատուամիջոցներ տեղեկացուցած էին, թէ Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան բարկացած են այն իրականութեան համար, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին օրակարգէ դուրս զինուորականներու նշանակումներ կատարուած են: Երէկ առաւօտեան այս լուրերուն շրջանառութիւնը շարունակուեցաւ, իսկ աւելի ուշ` գրեթէ յետմիջօրէին, բացայայտուեցաւ այլ լուր մը, որուն համաձայն, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէի բջիջային հեռաձայնէն անձնական տեղեկութիւններ սպրդած են: Շիի նախարարներու...

Հայաստանի Դեսպանը Սլիմին Յանձնեց  Երեւանի Մէջ Պաշտպանութեան Արհեստագիտութեան  Նուիրուած Միջազգային Ցուցահանդէսին  Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Հայաստանի Դեսպանը Սլիմին Յանձնեց Երեւանի Մէջ Պաշտպանութեան Արհեստագիտութեան Նուիրուած Միջազգային Ցուցահանդէսին Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի, երէկ այցելեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի: Դեսպան Աթաբէկեան Սլիմին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին յղուած հրաւէր մը` մասնակցելու համար Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Arm High Tech 2022» պաշտպանութեան եւ արհեստագիտութեան Գ. միջազգային ցուցահանդէսին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի...

Հայաստան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Գօտիին Մէջ Փաստահաւաք Առաքելութեան  Իրականացումը Կը Նկատէ Հրատապ

Հայաստան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Փաստահաւաք Առաքելութեան Իրականացումը Կը Նկատէ Հրատապ

Հայաստան 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Օտրի Ազուլէի կողմէ ներկայացուած առաջարկը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ փաստահաւաք առաքելութեան իրականացումը, կը նկատէ առաջնահերթ եւ հրատապ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Երեւան կը սատարէ այս առաքելութեան կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչման` «Զինուած տագնապի պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954-ի Լա Հէյի ուխտին եւ անոր կից երկու արձանագրութիւններուն համահունչ:

«Հայաստանի Օրակարգին Վրայ Միութենական  Պետութեան Կազմ Մտնելու Հարց Չկայ»  Կ՛ըսէ Արմէն Գրիգորեան

«Հայաստանի Օրակարգին Վրայ Միութենական Պետութեան Կազմ Մտնելու Հարց Չկայ» Կ՛ըսէ Արմէն Գրիգորեան

Հայաստանի օրակարգին վրայ Միութենական պետութեան կազմ մտնելու հարց չկայ: Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի օրակարգին վրայ կա՞յ Միութենական պետութիւն մտնելու հարց: «Հայաստանի օրակարգին վրայ նման հարց չկայ, եթէ նման հարց չկայ, դիրքորոշումս այն է, որ Հայաստանը ինքնիշխան պետութիւն է, ժողովրդավար պետութիւն է եւ պէտք է շարունակէ...

44-Օրեայ Պատերազմի Հանգամանքները  Ուսումնասիրելու Նպատակով Ստեղծուեցաւ  Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ

44-Օրեայ Պատերազմի Հանգամանքները Ուսումնասիրելու Նպատակով Ստեղծուեցաւ Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրութեան նպատակով ստեղծուեցաւ Ազգային ժողովի քննիչ յանձնախումբ: Այս մասին նշուեցաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Յակոբ Արշակեանի ստորագրած յայտարարութեան մէջ: Յանձնախումբի լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբը: Յանձնախումբ ստեղծելու առաջարկ կառավարութեան ներկայացուցած էր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը, պատերազմէն ետք, սակայն Էտմոն Մարուքեանի ղեկավարած խմբակցութեան առաջարկին օրին իշխանութիւնը ընթացք չէր տուած: Իշխող «Քաղաքացիական...

Ազգային Ժողովի «Հայաստան»  Խմբակցութեան  Ներկայացուցիչներու Ասուլիսը

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներու Ասուլիսը

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը, երէկ` 10 փետրուարին ամփոփած է խորհրդարանական քառօրեայի աշխատանքները: Խմբակցութեան ներկայացուցիչները հանդէս եկած են մամլոյ ասուլիս-զրոյցով: «Սուտը, ձեռնածութիւնը, ուրացումը Քաղաքացիական պայմանագիրի ձեռագիր է: Երեք տարի անոնք Հայաստանը կը կառավարեն սուտով, ձեռնածութիւններով, անցեալի ուրացումով», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ նախանցեալ օր Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին «Հանրակրթութեան...

«Հայ Երեսփոխանը Ունի Երկու Պաշտօն`  Ներկայացնել Լիբանանցիները Եւ Պաշտպանել  Լիբանանահայութեան Իրաւունքները»   Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Հայ Երեսփոխանը Ունի Երկու Պաշտօն` Ներկայացնել Լիբանանցիները Եւ Պաշտպանել Լիբանանահայութեան Իրաւունքները» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի չորեքշաբթի, 9 փետրուար 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դերակատարութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի աշխատանքներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտին եւ այդ ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներու մասնակցութեան: Յ. Բագրատունի խօսեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահին եւ Ազգային ազատ հոսանքին հետ ՀՅԴ-ի...

Ակնարկ.   Լուքաշենքոյին Պէտք Է Յուշեն Իր Երթալիք Տեղը

Ակնարկ. Լուքաշենքոյին Պէտք Է Յուշեն Իր Երթալիք Տեղը

Պիելոռուսիոյ նախագահին հեգնական յայտարարութիւնները Հայաստանի նկատմամբ առաջին անգամը չեն, որոնք կը կատարուին. նախընթացներ ունին: Բնականաբար պատահական չեն կամ լեզուի սայթաքումներով չեն բացատրուիր նման պահուածքի հետեւողականութիւնը հաստատող արտայայտութիւնները: Առաջին հերթին մտածումը կը զարգանայ այն ուղղութեամբ, որ քաղաքական շարժառիթը Պաքուի հետ յարաբերութիւններու յաւելեալ սերտացման միտումներն են, եւ առաւելաբար տնտեսական գործարքներու խորացման տանող վարքագիծի դրսեւորումներու շարք է արձանագրուածը: Պիելոռուսիան Ռուսիոյ դաշնութեան մարզի կարգավիճակի...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատասխանած Է Լուքաշենքոյի Յայտարարութեան

Նախանցեալ օր Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ ռուսական «Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած էր Ռուսիա-Պիելոռուսիա միութենական պետութեան մասին եւ այդ ծիրին մէջ վարկաբեկող արտայայտութիւններ ունեցած էր Հայաստանի հասցէին: Պիելոռուսիոյ նախագահը ըսած էր. «Պիելոռուսիան արդէն այնտեղ է: Կը կարծեմ, Ղազախստանի համար լաւ դաս էր: Եթէ կ՛ըսէք ժամկէտը 15 տարի է, վստահ եմ, որ Ուքրանիան այնտեղ պիտի ըլլայ, եթէ սխալներ...

Page 320 of 797 1 … 319 320 321 … 797

Արխիւներ