Երէկ` երկուշաբթի, 11 ապրիլին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյ հանդիպում ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ շեշտեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ ու տեւական լուծման անհրաժեշտութիւնը: Այս պարունակին մէջ Ռոքֆոյ եւս շեշտեց Ֆրանսայի շահագրգռութիւնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի պահպանման եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ:
Զրուցակիցները հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակեցին շրջանային հարցերու եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող անվտանգային հիմնախնդիրներու վերաբերեալ:


