Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.    Սումկայիթ- Պուտափեշտ-Թալիշ-Շուշի.   Համալրե՛Լ Ազրպէյճանի Ռազմական  Յանցագործութիւններու Թղթածրարը

Խմբագրական. Սումկայիթ- Պուտափեշտ-Թալիշ-Շուշի. Համալրե՛Լ Ազրպէյճանի Ռազմական Յանցագործութիւններու Թղթածրարը

Սումկայիթէն Կիրովապատ, անցնելով Պաքուի ջարդեր ու տակաւին Պուտափեշտի կացինահարում, թալիշցի տարեցներու սպանութիւն եւ անդամահատում, մինչեւ Հերհերի դպրոցականներու ռմբակոծում եւ արցախահայութեան դէմ ֆոսֆորային զէնքի օգտագործում` Ազրպէյճան համալրած է պատերազմական ոճրագործութիւններու թղթածրարը: Միջազգային ատեաններուն բազմաթիւ դիմումներ կատարուած են` դատապարտելու համար Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղային զտումի բազմաբնոյթ գործողութիւնները: Անհամարժէք արձագանգները տեղի տուած են, որ շարունակուին ռազմական յանցագործութիւններու շղթայական գործողութիւնները: Սումկայիթը ցեղային զտումի  ամէնէն վառ...

Պապիկեան Եւ Շոյկու Անդրադարձան  Հայաստանի Բանակի Արդիականացման  Եւ Բարեփոխումներուն

Պապիկեան Եւ Շոյկու Անդրադարձան Հայաստանի Բանակի Արդիականացման Եւ Բարեփոխումներուն

Երէկ` ուրբաթ, 25 փետրուար 2022-ին, Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուի հետ: Հանդիպումին ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ: Քննարկուեցան հայ-ռուսական երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով ռազմական համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Կողմերը բարձր գնահատեցին հայ-ռուսական դաշնակցային համագործակցութեան եւ քաղաքական երկխօսութեան կշռոյթը, Ռուսիոյ դերն...

Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Առջեւ

Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Առջեւ

Երէկ` ուրբաթ, 25 փետրուարին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ բողոքի ցոյց կատարեցին` Արցախի հայկական մշակութային յուշարձաններու ինքնութիւնը պահպանելու պահանջով: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Դադրեցուցէ՛ք սպիտակ ցեղասպանութիւնը», «Դադրեցուցէ՛ք մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը»: Անգամ մը եւս մենք ականատես կ՛ըլլանք ազրպէյճանական-թրքական հերթական ցեղասպանական քաղաքականութեան, ըսաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան:...

Երեսփոխան Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան  Քաղաքական Բեմը Յուզող Հարցերը

Երեսփոխան Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Բեմը Յուզող Հարցերը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին, այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Նախագահական պալատէն մեկնումի ընթացքին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը սերտէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող տուեալներն ու մանրամասնութիւնները` ճշդել կարենալու համար իր կեցուածքներն ու ընտրանքները:  

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Ջարդերուն 34-Ամեակին Եւ Պաքուի Ջարդերուն 32-Ամեակին Առիթով Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Յղեց Հաղորդագրութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Սումկայիթի ջարդերուն 34-ամեակին եւ Պաքուի ջարդերուն 32-ամեակին առիթով լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «27-29 փետրուար 1988-ին տեղի ունեցան Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութեան` ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուած ջարդերն ու զանգուածային տեղահանութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Սումկայիթը կը գտնուէր Պաքուէն 20-25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, բայց եւ այնպէս 3 օր` 27, 28 եւ 29 փետրուար...

Խմբագրական.    Նոր Նուարսակի Դաշնագիրի Կնքման Համար   (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Նոր Նուարսակի Դաշնագիրի Կնքման Համար (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Վարդանանց պատերազմը անհաւասար կռիւ էր: Հայկական եւ պարսկական զօրքերու, զինատեսակի, զինուորներու քանակի անհամեմատելիութիւնը սակայն պատճառ չէր, որ Վարդանանք երթային ինքնապաշտպանութեան գոյակռիւին: Ցեղային զտման քաղաքականութիւն էր, որ կը մղէր Պարսկաստանը: Բռնի կրօնափոխութեան պատճառը պարզապէս կարեւոր ճանապարհ էր այդ ընդհանուր ծրագիրի իրականացման: «Մահ իմացեալ»-ի կամ «ազատութիւն կամ մահ»-ի առարկայացումը փաստօրէն մերժումն էր ցեղային զտումին չենթարկուելու: Հաւանաբար անհրաժեշտ էր նախ Վարդանանց ճակատային առճակատումը,...

Իրանի Դեսպանութիւնը Պատասխանեց Ազրպէյճանցի  Երեսփոխաններուն` Հաստատելով  Կապոյտ Մզկիթին Իրանական Ըլլալը

Իրանի Դեսպանութիւնը Պատասխանեց Ազրպէյճանցի Երեսփոխաններուն` Հաստատելով Կապոյտ Մզկիթին Իրանական Ըլլալը

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը արձագանգեց Երեւանի Կապոյտ մզկիթ այցելած ազրպէյճանցի երեսփոխաններուն, որոնք իրանական ճարտարապետական կոթողը կոչած էին «ազրպէյճանական յուշարձան»: Դեսպանատունը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հայերէն, պարսկերէն եւ անգլերէն գրութիւններով հրապարակեց մզկիթին եւ այնտեղ պարսկերէնով կատարուած պատմական արձանագրութիւններուն լուսանկարը: «Իրանական արուեստի խորհրդանիշը` Կապոյտ մզկիթը, վերջին երեք տասնամեակներուն աշխուժօրէն գործած է իբրեւ Հայաստանի մէջ բնակող իսլամներու աղօթատեղի եւ հաւաքատեղի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային...

Իշխան Սաղաթէլեան Ընդունեց Եւրոպական  Խորհրդարանի Պատգամաւորները

Իշխան Սաղաթէլեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորները

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 23 փետրուարին ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի` Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտը եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Եոազես Օլեգասը. հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ-ի անդամներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեանը, Արթուր Խաչատրեանը, Քրիստինէ Վարդանեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը: Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց ՀՅԴ-ի...

Երեւանի Արձագանգը`  Ռուսիա-Ազրպէյճան Հռչակագիրին

Երեւանի Արձագանգը` Ռուսիա-Ազրպէյճան Հռչակագիրին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան 23 փետրուարին յայտարարեց, թէ Երեւան կը յուսայ, որ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ ստորագրուած հռչակագիրը յաւելեալ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ` յառաջ մղելու Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ընդունուած եռակողմանի երեք յայտարարութիւններու դրոյթներու իրականացումը: Ըստ անոր, ասիկա կրնայ նպաստել նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային...

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն

5 մարտին կ՛ամբողջանայ «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակը: Խմբագրութիւնը որոշած է նոյն օրուան թիւը ամբողջութեամբ յատկացնել այդ առիթին: Նման յոբելեան մը աւելի բնականոն պայմաններու մէջ կրնար շուքով նշուիլ` թէ՛ հրատարակչական եւ թէ՛ ալ ձեռնարկներու կամ մամուլի առնչուած տարբեր նիւթերու նուիրուած համաժողովներու առումով: Խմբագրութիւնը արդէն ստացած է «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան առիթով հայ մամուլին եւ «Ազդակ»-ի դերակատարութիւնը վերլուծող յօդուածներ: Մեր էջերը բաց են նման առանցքներ...

Ակնարկ.    Ուքրանիան` Չինաստանի Յարաբերակցութեամբ  Եւ Մինչեւ Արցախի Ճանաչումի Սպառնալիքը

Ակնարկ. Ուքրանիան` Չինաստանի Յարաբերակցութեամբ Եւ Մինչեւ Արցախի Ճանաչումի Սպառնալիքը

Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ճանաչումը բեկումնային կարեւոր քայլ կարելի է նկատել  այսօրուան  աշխարհակարգին մէջ բեկումնային փոփոխութիւն բերելու առումով: Կանուխ է սակայն հաստատելը, որ առաջադրուած նոր առանցքը անպայման կը կայանայ: Իրադարձութիւնները անհրաժեշտ է դիտարկել Չինաստանի յարաբերակցութեամբ: Ուաշինկթընը  մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած է, որ իր գլխաւոր հակառակորդն ու մրցակիցը Չինաստանն է, որ առ այսօր տնտեսական գերակայ բեւեռ է....

Բողոքի Ցոյց Երեւանի Մէջ` Եւրանեսթի  Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նիստերուն  Ազրպէյճանցի Պատգամաւորներու  Մասնակցութեան Դէմ

Բողոքի Ցոյց Երեւանի Մէջ` Եւրանեսթի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նիստերուն Ազրպէյճանցի Պատգամաւորներու Մասնակցութեան Դէմ

Երէկ` 22 փետրուարին հայ հասարակական, քաղաքական շրջանակներու ներկայացուցիչներ բողոքի ցոյց կատարեցին Երեւանի մէջ` Մարզահամերգային համալիրի շէնքին առջեւ, ուր կ՛ընթանային Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնախումբերու նիստերը: Երեւանը հիւրընկալեց Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի Բիւրոյի եւ 2 յանձնախումբերու միացեալ նիստերու պատուիրակները, որոնց կարգին ներկայացուցիչներ կան ինչպէս Եւրոպական խորհրդարանէն, այնպէս ալ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու խորհրդարաններէն, որոնց կարգին` Ազրպէյճանէն: Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի բակը բազմամարդ էր:...

Արցախ Կ՛ողջունէ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի  Անկախութիւնը Ճանչնալու Ռուսիոյ Որոշումը

Արցախ Կ՛ողջունէ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Անկախութիւնը Ճանչնալու Ռուսիոյ Որոշումը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ողջունած է Ռուսիոյ նախագահին կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու անկախութիւնը ճանչնալու որոշումը: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ: Ռուսիոյ նախագահին որոշումը ողջունած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան:    

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Արցախի Նախագահին Եւ Հայաստանի Նախկին Երկու Նախագահներուն Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցելը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի 2-րդ եւ 3-րդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ քրէական հետապնդումներ յարուցելը` զանոնք կոչելով «շինծու եւ հակահայ նկատառումներով թելադրուած»: «Արցախի քաղաքացիական անձերու արտադատական սպանութիւններու եւ հայ ռազմագերիներու բռնի անհետացումներու մէջ ներգրաւուած անձեր յայտնաբերելու, ինչպէս նաեւ շրջան ահաբեկիչներ բերելու յանցագործ ցանցերը բացայայտելու ջանքեր գործադրելու փոխարէն,...

«Կը Յուսանք, Որ Ծածուկ Չարաշահումի  Նոր Ձեւեր Չեն Գտնուիր»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կը Յուսանք, Որ Ծածուկ Չարաշահումի Նոր Ձեւեր Չեն Գտնուիր» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Խորհրդարանը իր նախանցեալ օրուան նիստին վաւերացուցած է մրցակցութեան օրէնքը եւ ջնջած արտակարգ ներկայացուցչութեան դրութիւնը, սակայն հիմնականը օրէնքի գործադրութիւնն է: Յուսանք, որ չարաշահողները չեն գտներ շուկային մէջ սակերը բարձրացնելու նոր ձեւեր, եւ չեն պարտադրեր ծածուկ չարաշահում, որուն պատճառով քաղաքացիներուն տառապանքը կրնայ շարունակուիլ»:...

Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Շրջանային  Անվտանգութեան Հարցեր

Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Շրջանային Անվտանգութեան Հարցեր

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն տեղեկացուցին, որ երէկ` երկուշաբթի, 21 փետրուար 2022-ին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին ռուս-ուքրանական յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ շրջանային անվտանգութեան հարցեր: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ երկու երկիրներուն ղեկավարները միտքեր փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ: Երկու կողմերը ընդգծեցին 9 նոյեմբեր 2020-ի,...

Ազրպէյճանը Հայաստանի Նախկին Նախագահներ  Ռոպերթ Քոչարեանի Եւ Սերժ Սարգսեանի Հանդէպ  Հետախուզում Յայտարարած Է

Ազրպէյճանը Հայաստանի Նախկին Նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի Եւ Սերժ Սարգսեանի Հանդէպ Հետախուզում Յայտարարած Է

Երէկ` երկուշաբթի, 21 փետրուար 2022-ին, Ազրպէյճանի ռազմական դատախազութեան յատուկ հետաքննութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Էմիլ Թաղիեւ յայտնեց, որ Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդէպ հետախուզում յայտարարուած է: Ըստ ազրպէյճանցի դատախազին, Քոչարեանն ու Սարգսեանը կը հետախուզուին 1988 թուականէն ծաւալած իրենց գործունէութեան համար: «1988 թուականի փետրուարէն վերոնշեալ անձերը հայերուն եւ ազրպէյճանցիներուն միջեւ ազգային թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանելու նպատակով (Ստեփանակերտ) քաղաքի կազմակերպութիւններուն...

Ազրպէյճան «Նեղացած Է» Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարի Խօսքերէն

Պաքու. «Հայաստանը Պատմութենէն Ոչ Մէկ Դաս Քաղած Է»

«Հայաստանը պատմութենէն ոչ մէկ դաս քաղած է», երէկ յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` մեկնաբանելով ղարաբաղեան շարժման 34-ամեակին առիթով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կիրակի օր հրապարակած յայտարարութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը կը նպաստէ ազգամիջեան թշնամանքի հրահրման եւ կը վկայէ այդ երկրի անպատասխանատուութեան մասին, կը վկայէ,...

Խորհրդարանը Ջնջեց Արտակարգ  Ներկայացուցչութեան Դրութիւնը Եւ Վաւերացուց  Կեդրոնական Դրամատան Գաղտնիութեան  Օրէնքի Վերացման Երկարաձգումը

Խորհրդարանը Ջնջեց Արտակարգ Ներկայացուցչութեան Դրութիւնը Եւ Վաւերացուց Կեդրոնական Դրամատան Գաղտնիութեան Օրէնքի Վերացման Երկարաձգումը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէր 22 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան պահանջեց օրակարգի վրայ աւելցնել երկու օրինագիծեր, որոնք կը վերաբերին պետական մարզին համար դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքի վերացման, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան գաղտնիութեան օրէնքի վերացման երկարաձգումին` իրաւական հաշուեքննութիւնը շարունակելու նպատակով:...

Փութին Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Տոնեցքի  Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններուն  Անկախութիւնը

Փութին Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններուն Անկախութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ստորագրեց Տոնպասի երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն` Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրները: Փութինը եւ Տոնպասի երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն ղեկավարները կնքեցին բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրներ: Փութին առաջարկեց Ռուսիոյ խորհրդարանին վաւերացնել Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններուն անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրները: Նշեալ որոշումէն ետք Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ քննարկած է վերջին...

Page 318 of 797 1 … 317 318 319 … 797

Արխիւներ