Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքը Դարձեալ Ծաղկազարդուեցաւ Մեր Ժողովուրդին Զաւակներով

April 11, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծաղկազարդի տօնին առիթով զարդարուած Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ամէնէն շատ գոյն ու կեանք կու տան մանուկները` ոմանք մանկական լրջութեամբ հետեւելով Ս. եւ անմահ պատարագին, ուրիշներ վազվզելով շրջափակի զարդարանքներուն շուրջ կամ յիշատակի նկարներ առնելով:

Կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան:

Բազմաթիւ հայորդիներու մասնակցութեամբ աւանդական մանուկներու թափօրէն ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրապետական խօսքը յղեց վեհարանէն: Նախ եւ առաջ, ան գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ահաւասիկ դարձեալ առիթը ունեցանք ի մի համախմբուելու եւ միասնաբար մեծաշուք հանդիսութեամբ նշելու մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը: Ի տես բազմահազար հայորդիներու ներկայութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ մեր հաւատքը խորացնող եւ մեր յոյսը ամրացնող տեսարան է սա, յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ ներկայիս, դժուար օրեր ապրած ենք ու կ՛ապրինք, սակայն մեր հաւաքական հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով կրցած ենք դիմագրաւել եւ յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն, եւ հայրապետական խրախուսանքով եւ Քրիստոսի խօսքը ուղղելով` ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ժողովուրդ հայոց»: Մի՛ վախնար որեւէ չարէ ու չարիքէ: Հաւա՛տք ունեցիր, որպէսզի հաւատքով դիմակայենք ամէն տեսակ դժուարութիւն ու մարտահրաւէր: Խօսքը ուղղելով լիբանանահայութեան` վեհափառը անգամ մը եւս վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` իր գահակալով, միաբանութեամբ, թեմական եւ ժողովական կառոյցներով, լիբանանահայութեան կողքին է: «Ամէն իմաստով քեզի հետ պիտի շարունակենք ըլլալ, որովհետեւ Լիբանանի հայութիւնը կարեւոր դեր ունի ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ, իբրեւ Լիբանանի գլխաւոր համայնքներէն մէկը, այլ նաեւ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին: Հետեւաբար, սա պահուն, վերանորոգենք մեր հաւատքը, կամքը ու յոյսը. համախմբուինք մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներուն շուրջ, եւ վստա՛հ եղէք, երբ միակամ ենք, կրնանք ամէն տեսակ չար ու չարիք հեռացնել մեր կեանքէն եւ շարունակել մեր կազմակերպ ու կենսունակ կեանքը»: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց հաւատացեալները հրաւիրելով Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ հաւատքո՛վ դիմաւորելու, որպէսզի Անոր ներկայութեամբ մեր կեանքը ծաղկազարդուի հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներով:

Վեհափառ հայրապետին խօսքէն ետք, փոքրիկները բարձրացան անոր մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:

Դռնբացէքի Արարողութիւն

Կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի խորհրդաւոր հոգեպարար արարողութիւնը` Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:

Արարողութեան աւարտին, յաւուր պատշաճի քարոզեց Շահան արք. Սարգիսեան: Մեկնելով օրուան խորհուրդէն` բանալու Աստուծոյ արքայութեան դուռը` սրբազանը ընդգծեց, որ մարդիկ յաճախ հետաքրքրուած են իրենց տան, պաշտօնին, ունեցուածքին դռները փակելով: Ան ըսաւ, որ այլոց առջեւ դուռ փակելով մենք մեր առջեւ փակած կ՛ըլլանք հաղորդութեան եւ սիրոյ դռները, որուն համար եկաւ Տէրը` միակ Դուռը Երկնքի Արքայութեան, բանալու բոլոր անոնց առջեւ, որոնք հեզութեամբ, խոնարհութեամբ, զղջումով, յանձնառութեամբ կը մօտենան այդ Դրան եւ կը մտնեն ողորմութեան լոյսին մէջ:

Նախորդը

Ծաղկազարդի Տօնը` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.