Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Հայաստանին Օգնել Սահմանը Պաշտպանելու Եւ Բանակը Հզօրացնելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ապրիլ 9, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի բացման ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Հայաստանին օգնել սահմանը պաշտպանելու եւ բանակը հզօրացնելու գործին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Մենք` իբրեւ Հայաստանի առանցքային դաշնակից, պիտի շարունակենք ձեզի օգնել պաշտպանունակութիւնը հզօրացնելու եւ սահմաններու պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու հարցին մէջ», ըսած է Լաւրով:

Ան նշած է, որ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի երկու երկիրներու ԱՊՀ-ի, ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան:

«Հայաստանը հիմա կը նախագահէ ՀԱՊԿ-ի մէջ, ուստի առաւել կարեւոր է համադրել մեր քայլերը այն ծրագիրներուն նկատմամբ, որոնք Հայաստանը ներկայացուցած է կազմակերպութեան անդամներուն», ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը հանդիպումի աւարտին մամլոյ միացեալ  ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ ինք ընդգծած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման կարեւորութիւնը: «Մենք հաստատած ենք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ իր առաքելութեան յստակ գործադրման նշանակութիւնը», ընդգծած է Լաւրով:

Ան նշած է, որ Ռուսիան յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնախումբի աշխատանքները շուտով կը սկսին, եւ որ Մոսկուան այս հարցին մէջ որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ` աւելցնելով, որ Ռուսիան պատրաստ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն աջակցելու:

Լաւրով իր խօսքին մէջ նաեւ ըսած է, որ Մոսկուան կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ կապերու կարգաւորման հոլովոյթը, ինչ որ, ըստ անոր, պէտք է նպաստէ շրջանին մէջ մթնոլորտի առողջացման:

Անդրադառնալով «3+3» շրջանային խորհրդատուական հարթակի գործունէութեան` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը ըսած է, որ բոլոր մասնակիցները համակարծիք են, որ հարթակը յաւելեալ կարելիութիւններ կը բանայ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներուն եւ դրացիներուն միջեւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան հարցին մէջ:

Խօսելով արցախեան Փառուխ գիւղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին` Լաւրով ըսած է, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը կը զբաղի բացայայտումովը կատարուածի բոլոր հանգամանքներուն, որոնց մասին բանակցութիւններուն ընթացքին խօսուած է: «Այդ հանգամանքները մեզի համար մինչեւ վերջ յստակ չեն: Չէի ուզեր հիմա յառաջ անցնիլ ու որեւէ վերջնական դատողութիւն ընել: Մենք վստահ ենք, որ մեր հայ բարեկամները ամբողջապէս կը վստահին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին եւ որ այդ զօրակազմը պատասխանատուութեան ենթարկելու երբեմն հնչող կոչերը, որոշ ծառայողական հետաքննութիւն կատարելու վերաբերեալ, չեն արտացոլեր հայ ժողովուրդի, երկրի ղեկավարութեան վերաբերմունքը այն ահռելի դերակատարութեան նկատմամբ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը ունի այդ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման հարցին մէջ: Եւ տուեալ միջադէպի պարագային մեր զինուորականները ուսումնասիրութիւն կը կատարեն, որովհետեւ կան բաներ, որոնք յստակացման կարիք ունին», ըսած է Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած է, թէ կը նախատեսուի այս տարի Երեւանի մէջ հայ-ռուսական բարեկամութեան յուշարձան կանգնեցնել:

Լաւրով լրագրողի մը խնդրանքով անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութեան` յայտարարելով. «Ես չեմ գիտեր հետագային ի՛նչ ճակատագիր պիտի ունենայ Մինսքի խմբակը, որովհետեւ մեր ֆրանսացի ու ամերիկացի գործընկերները ռուսատեացութեան արշաւի ընթացքին կը ձգտին ջնջել այն ամէնը, ինչ որ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ջնջած են նաեւ Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը` յայտարարելով, թէ այդ ձեւաչափով մեզի հետ պիտի չհաղորդակցին: Ատիկա անոնց իրաւունքն է, եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերելու ղարաբաղեան խնդիրի լուծումը եւ ընդհանուր առմամբ Կովկասի շահերը, պատրաստ են զոհաբերելու տուեալ պարագային հայկական կողմի շահերը` ատիկա անոնց ընտրութիւնն էր»:

«Այս մօտեցումը կը նկատենք անպատասխանատու, սակայն ատիկա մեզ հունէն պիտի չհանէ: Մենք հաւատարիմ ենք ղարաբաղեան կացութեան կարգաւորման եւ իրականացման այն բոլոր համաձայնութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են եռակողմ ձեւաչափով Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ: Այս ընտրութիւնը մերը չէ: Եթէ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները որոշած են այդպէս վարուիլ, թող Աստուած զանոնք դատէ»:

Լաւրով լրագրողի խնդրանքով անդրադարձած է Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի կազմակերպած եռակողմ հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութեան, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը մինչեւ ապրիլի վերջ սահմանազատման հարցերով երկկողմանի յանձնախումբ պիտի ստեղծեն: Լրագրողը հարցուցած է, թէ արդեօք Ռուսիան պիտի մասնակցի՞ այդ հոլովոյթին, հաշուի առնելով, որ Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտը ունի անհրաժեշտ քարտէսները:

Լաւրով պատասխանելով ընդգծած է, որ սահմանազատման, շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակման եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն մէջ Մոսկուան կը մեկնի այն իրողութենէն, որ այդ բոլորին հիմը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպումներուն ընթացքին գոյացած եռակողմ համաձայնութիւններն են:

«Ինչ կը վերաբերի բուն սահմանազատման, ապա անցեալ տարուան նոյեմբերին Սոչիի մէջ երեք ղեկավարները համաձայնած են մինչեւ 2021-ի աւարտը համապատասխան յանձնախումբի ստեղծման շուրջ, ինչի մասին պաշտօնապէս յայտարարուած է եւ հիմա արդէն ատիկա կրկնուած է Պրիւքսելի մէջ: Սակայն պարոն Միշելի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի մինչեւ ապրիլի վերջ: Ես մեր պաշտօնակիցին հարցուցած եմ` որքանո՞վ ատիկա կը համընկնի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու համաձայնութեան, պատասխանը այն էր, որ կացութիւնը ամբողջովին նոյն հունով կը զարգանայ: Շատ պիտի ուզէի, որ Պրիւքսելի մէջ մեր եւրոպացի գործընկերները հասկնային, որ այդ հունը արդէն ստեղծուած է երեք ղեկավարներուն կողմէ 2020 եւ 2021 թուականներուն, եւ որ անոնք այդ հունին մէջ որեւէ խոչընդոտ պիտի չյառաջացնեն: Ուշադրութիւնս գրաւեց, որ Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի հետ հանդիպումէն ետք պարոն Միշելի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ոչ մէկ անգամ ոչ մէկ տեղ Ռուսիան կը յիշատակուի: Ատիկա արդէն կը վկայէ այն, ինչ որ աւելի կարեւոր է Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան համար` զարգացնել արդէն ձեռք բերուածը կամ ղարաբաղեան այս նիւթն ալ օգտագործել սեփական ռուսատեաց գիծը անգամ մը եւս ընդգծելու համար: Ատիկա ցաւալի է: Ռուսիան երբեք իր ամէնէն մօտ դաշնակիցներուն շահերը պիտի չզոհաբերէ յանուն որոշակի աշխարհաքաղաքական գաղափարներու եւ խաղերու: Մենք ամբողջովին յանձնառու ենք Հայաստանին ու Ազրպէյճանին օգնելու սկսելու բնական կեանք, այդ աշխատանքին մէկ մասը ի հարկէ սահմանազատման հոլովոյթն է: Եւ այսօր մենք եւ մեր գործընկերները հաստատած ենք, որ կը շարունակէ ամբողջովին ուժի մէջ մնալ երեք ղեկավարներու համաձայնութիւնը առ այն, որ յանձնախումբը պիտի ըլլայ երկկողմանի` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը տեսնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ:

 

 

Նախորդը

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախապատրաստման Շուրջ Բանակցութիւններու Պայմանները

Յաջորդը

2022-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Օրակարգ – (1). Արտասովոր Պայմաններ` Արտասովոր Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?