Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 9 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ յայտարարուեցան տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ կուսակցութեան կազմած ընտրացանկերն ու դաշինքները` «Էինք եւ պիտի մնանք» կարգախօսով:
Այս առիթով ներկայացուեցան ընտրական ծրագիրը, կուսակցութեան հետապնդած նպատակներն ու իրագործելիք աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի եւ քաղաքական այլ ուժերու միջեւ գոյացած ընտրական դաշինքներուն հիման վրայ կազմուած ընտրացանկերուն թեկնածուները հրաւիրուեցան բեմ եւ արժանացան հազարաւոր ներկաներու ողջոյնին:
Այս շրջագիծին մէջ նշենք, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ-ի թեկնածուները ընդգրկուած են «Պէյրութի համար էինք եւ կը մնանք» ընտրացանկին մէջ, որուն մաս կը կազմեն` Յակոբ Թերզեան, Ալեքսանտր Մաթոսեան, Շամուն Շամուն, Քարլա Պութրոս, Նիքոլա Սահնաուի, Էլի Ասուատ, Ճորճ Ճիւվելէքեան եւ Սերժ Մելքոնեան:
Իսկ Զահլէի ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ-ի թեկնածուն մաս կը կազմէ «Զահլէ` պատգամը» ընտրացանկին, որուն անդամներն են` Ճորճ Պուչիքեան, Անթուան Շաքիէ, Ռապիհ Ասի, Հիւսէյն Սալեհ, Ռամի Ապու Համտան եւ Սելիմ Աուն:
Ընտրական հաւաքի աւարտին խօսք առաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, որ իր խօսքը ուղղեց լիբանանցիներուն, ի մասնաւորի Ազգային ազատ հոսանքի հետեւորդներուն ու համակիրներուն` լուսարձակի տակ առնելով իր նախագահած կուսակցութեան ընտրարշաւի նպատակները:
Պասիլ անդրադարձաւ ընտրական դաշինքներուն, անոնց ձեւաւորման գծով բծախնդրութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն:
Պասիլ ընդհանուր պատկեր մը գծեց նաեւ յետընտրական փուլին մասին` ընդգծելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նպատակները, ունենալիք գործունէութիւնն ու ստանձնելիք յանձնառութիւնները` յառաջիկայ քառամեակին:
Պասիլ հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին իրենք պիտի պայքարին անոնց դէմ, որոնք իրանեան բռնագրաւումի սուտ թեզով կ՛առաջնորդուին:
Պասիլ հաստատեց, որ այսօր ընտրապայքարի միջոցները` դրամ եւ տեղեկատուութիւն, ձեռնտու չեն, «սակայն մեր հետեւորդները մեզի հետ են, եւ մենք պիտի յաղթենք», ըսաւ ան:
Պասիլ ըսաւ. «Մեր հակառակորդները կարծեցին, որ արդէն սպաննած են մեզ, եւ ընտրութիւններուն ընթացքին պիտի կազմակերպեն մեր յուղարկաւորութիւնը: Շրջափակեցին մեզի, պատժամիջոցներով, դրամով, տեղեկատուութեամբ եւ դաշինքներով խեղդեցին մեզի, փորձեցին ամէն իմաստով պաշարել, սակայն մենք յաջողեցանք թեկնածութիւն առաջադրել, դաշինքներ գոյացնել եւ ընտրացանկեր կազմել` ամբողջ Լիբանանի տարածքին, եւ երեսփոխաններ պիտի ունենանք ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Մենք հաշուետուութեան պիտի ենթարկենք բոլոր անոնց, որոնք մեր ուսերուն յենած հասան պաշտօններու, ապա դաւաճանեցին մեզի, ու մեր նաւէն դուրս ցատկելով մեղսակցեցան երկիրը ընկղմեցնելու արարքին»:
Պասիլ նշեց, որ իրենք նախագահ Աունի իշխանութեան սկիզբը գիտէին ինչքան դժուար է կացութիւնն ու երկրին հարցերուն լուծումը, սակայն յոյս ունէին, որ կրնան իրագործումներ արձանագրել: «Այսօր կ՛ուզենք ներում հայցել բոլորէն, ո՛չ մեր տուած խոստումներուն համար, այլ` յոյս ունենալուն համար», ըսաւ Պասիլ:
Ան նկատել տուաւ, որ անցնող չորս տարուան ընթացքին ամէն գնով պայքարեցան ժխտական երեւոյթներուն դէմ, սակայն արգելքներու պատճառով չյաջողեցան իրագործել իրենց դրական բոլոր ծրագիրները:
«Մենք արգիլեցինք սուրիացի տեղահանուածներուն բնակեցումը Լիբանանի մէջ, սակայն մեզի առիթ չտուին, որ անոնց տունդարձը իրականացնենք: Մենք չարտօնեցինք, որ ՏԱՀԵՇ-ը մեր հողը գրաւէ, սակայն չկրցանք ՏԱՀԵՇ-ը դուրս բերել կարգ մը մարդոց միտքերէն: Առիթ չտուինք, որ Իսրայէլ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական կազէն օգտուի, սակայն ցարդ չենք կրցած արտահանել բնական այդ հարստութիւնը», յայտնեց ան:
Պասիլ ներում հայցեց նաեւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներէն` ընդգծելով, որ հակառակ անոր որ իրենք դէմ էին ելեւմտական այդ քաղաքականութիւններուն, որոնք վերացուցին անոնց գումարները, սակայն անկարող էին կասեցնելու այդ գումարներուն փոխանցումները եւ այդ գումարները կրկին Լիբանան վերադարձնելը:
Պասիլ իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ հայհոյանքն ու ցեխարձակումը յեղափոխութիւն չեն նկատուիր, այլ` փտածութեան դէմ իսկական պայքարը:
«Մենք զինուած ենք արժանապատուութեամբ եւ պատրաստ ենք դիմադրելու, ինչպէս նաեւ վստահ ենք մեր արձանագրելիք յաղթանակին: Էինք եւ պիտի մնանք Ազգային ազատ հոսանք: Հոս էինք եւ հոս ալ պիտի մնանք», շեշտեց ան:


