Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղամ Մանուկեան. «Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնները Եւ Նիկոլ Փաշինեանը Հերթական Ստուերային Համաձայնութիւն Ունին Ալիեւին Հետ»

April 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է երէկ` 12 ապրիլին ռուս խաղաղապահներու կողմէ Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներու Արցախ մուտքը արգիլելու դէպքին` նշելով, որ պատգամաւորներուն չեն բացատրած Արցախ մուտքը արգիլելու պատճառները:

«Ուղղակի մեր մուտքը ռուս խաղաղապահները արգիլած են, յատուկ ցուցակ տրուած էր անոնց: Բայց մինչեւ հասնիլը ռուս խաղաղապահներուն, ճամբուն վրայ եւս արտառոց դէպք մը արձանագրեցինք, որ Տեղ գիւղին մէջ` հայկական անցակէտին վրայ սահմանապահ զինուորականները ուղղակի պատգամաւորներուն բոլոր անձնական տուեալները` անձնագրային տուեալները, ծննդեան ամսաթիւ, թիւ, տարեթիւ, ամբողջութեամբ կը ճշգրտէին` ենթադրաբար արձանագրելով, թէ յստակ ո՛ր պատգամաւորները կը մեկնէին Արցախ, եւ անկէ կարճ ժամանակ ետք արդէն ռուս խաղաղապահները նոյն անուն-ազգանուններով, նոյնիսկ հայրանունները անգիր յիշելով, կը ճշդէին եւ ըսին, որ մեր մուտքը արգիլուած է», մանրամասնած է ընդդիմադիր պատգամաւորը:

«Վերահաստատած ենք մեր վճռականութիւնը Արցախի մեկուսացման, Արցախի հայաթափման դէմ պայքարին մէջ, բայց այս բոլոր փաստերու համադրումը կը վկայէ մէկ բան, որ ասիկա պատահական չէր. Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները եւ Նիկոլ Փաշինեանը ուղղակի հերթական ստուերային համաձայնութիւնը ունին Ալիեւի հետ, նաեւ տեղաշարժի սահմանափակումներ մտցնելու, որովհետեւ եթէ այսօր պատգամաւորներու մուտքը արգիլուած է, վաղը չի բացառուիր, որ այլ քաղաքական գործիչի, անհատի մը կամ հազարաւոր մեր հայրենակիցներու երթեւեկութիւնը դէպի Արցախի Հանրապետութիւն արգիլուի»,  յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Դաշնակցութեան Համար Հայ Դատը Ազատ, Անկախ Եւ Միացեալ Հայաստան Հիմնելն Է»

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ընդդիմադիր Պատգամաւորներուն Թոյլ Չեն Տուած Մուտք Գործել Արցախ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.