ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան դոկտ. Մարիըն Ուէյխալթը, որ միաժամանակ կը վարէ Դամասկոսի մէջ զուիցերիական դեսպանատան պատասխանատուութիւնը: Դեսպանին կ՛ընկերակցէր Մայա Մոխթար` իբրեւ դեսպանատան առաքելութեան փոխանորդ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու շրջանային կացութեան վրայ` միաժամանակ անդրադարձ կատարելով հայութեան հետ առնչուող խնդիրներու:
Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի պարզած կացութիւնը, նոր իրադարձութիւններն ու խորհրդարանական ընտրութիւնները:


