Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով, ուրբաթ, 8 ապրիլ 2022-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը:
Նիստին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս, մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Քանատայէն` Լորի Պէրպէրեան, Հայաստանէն` Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովել Շնորհօքեան, Զուիցերիայէն` Թենի Սիմոնեան- Փէրի, Արժանթինէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:
Տրուած ըլլալով, որ առաջին նիստը յատկացուած էր ընդհանուր մտածումներու տեսութիւններու ներկայացման, որոշուած էր, որ երկրորդ ժողովը իբրեւ օրակարգ ունենայ քայլ մը դէպի գործնականացում նիւթը` «Սփիւռքի տարի»-ն տարբեր ձեւերով յատկանշելու առաջադրանքի հեռանկարով:
Վեհափառ հայրապետը իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց.
Ա.- Սփիւռքը կարիքը ունի վերակազմակերպումի. եւ այս առիթով լուսարձակի տակ առաւ հարցադրումը` արդեօք սփիւռքը պատրա՞ստ է վերակազմակերպուելու:
Բ.- Իրապաշտ արժեւորումի անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնակէտ` հարցերու դիմագրաւման եւ լուծման եղանակներու ճշդումին:
Գ.- Սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքներու ծրագրաւումի գործընթացի մշակումը. եւ այստեղ իբրեւ ենթաբաժին` եկեղեցին, եկեղեցւոյ շուրջ գործող մարմիններն ու միութիւնները եւ մեր աւանդական կառոյցները:
Արամ Ա. ընդգծեց նոր օրակարգերու ճշդումի հրատապութիւնը, ի պահանջել հարկին` կառոյց, համակարգ, մեթոտաբանութիւն եւ կանոնագրութիւններ արմատապէս բարեփոխելու սկզբունքը:
Այնուհետեւ ծաւալեցաւ մասնագիտական մակարդակի քննարկում: Ժողովականները կեդրոնացան սփիւռքի այսօրուան քարտէսին, տարբեր բնութագիրներուն, կորիզ-շերտեր յարաբերակցութեան եւ աշխատանքի թիրախաւորման, համասփիւռքեան առաջադրանքները ընդհանուր նուազագոյն համաձայնական փաստաթուղթի մը մէջ ամփոփման, արհեստագիտութեան, արհեստավարժութեան, թուային-ելեկտրոնային ծրագիրներու լիարժէք օգտագործման` ցանցային համակարգեր ստեղծելու հնարաւորութիւններուն եւ յատկապէս մասնագիտական բնագաւառներով նոր աշխատակարգեր որդեգրելու հրամայականին:
Նախորդ նիստին առանցքային կարեւորութեամբ նշուած էր երիտասարդութեան եւ կանանց ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը: Այս` երկրորդ նիստին օգտաշատ մասնակցութիւն ունեցան երիտասարդ խաւի ներկայացուցիչներ, որոնք աշխուժ ներկայութիւն են սփիւռքահայ կազմակերպ կեանքին մէջ:
Նիստի եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը քննարկումի ընթացքին հնչած տեսակէտները ամփոփ կէտերու մէջ բանաձեւեց եւ ընդգծեց երեք ուղենիշ` հետագայ աշխատանքներուն համար.
Ա.- Հաւաքական արժէքներ
Բ.- Ինքնութիւն
Գ.- Մասնակցութիւն
Բացատրելէ ետք կէտերու առաջնահերթութիւնը` թէ հաւաքական արժէքներ դաւանելով է, որ ինքնութեան հարցը կը սկսի բիւրեղանալ եւ մասնակցութիւնը կ՛ապահովուի վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց խորքային քննարկումի մասնագիտական մակարդակին համար եւ հաստատեց, որ, ինչպէս առաջադրուած էր, այս նիստը արձանագրեց քայլ մը դէպի աշխատանքային ուղղութիւններ, դէպի գործնական դաշտ:


