ՄԱԿ- ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդը Ընդունեց Հայաստանի Կողմէ Առաջադրուած «Ցեղասպանութեան Կանխարգիլում» Բանաձեւը
31 մարտ 2022-ին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 49-րդ նստաշրջանին, համախոհութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ բանաձեւը, որ աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ, գնահատելով ներկայի վտանգներն ու մարտահրաւէրները, կը նախանշէ այն քայլերը, որոնք պէտք է միասնականօրէն իրականացուին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն կողմէ` ցեղասպանութեան արհաւիրքը կանխելու, անոր ճանաչման, արդարութեան վերականգնման, փոխհատուցման, մեղաւորները պատժելու եւ հաշուետուողականութիւն...




















