Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպման Ընդառաջ. Եւրոպական Խորհրդարանի 43 Պատգամաւորներ Նամակ Յղեցին Շարլ Միշելին
Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Լուքաս Ֆուրլասի եւ Ֆրանսուա-Քսավիէ Պելամիի նախաձեռնութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանի 43 երեսփոխաններ` բոլոր գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններէն, նամակ յղեցին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին եւ Եւրոպայի Արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին` Պրիւքսելի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման ընդառաջ: Այս մասին հաղորդուեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի Դիմատետրի էջէն, ուր կը նշուի, որ երեսփոխանները ահազանգեցին Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ բնիկ հայ...




















