Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետները Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման աշխատանքային խումբի նիստի ծիրին մէջ քննարկած են եւ մօտեցուցած են դիրքորոշումները սահմանային, մաքսային եւ այլ տեսակի հսկողութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքներէն ճամբաներով եւ երկաթուղիով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ ապրանքներու անվտանգ տեղաշարժի շուրջ:
«3 յունիս 2022-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է եռակողմ աշխատանքային խումբի 10-րդ հանդիպումը` Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի միացեալ նախագահութեամբ», նշուած է Ռուսիոյ կառավարութեան կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է նաեւ մայրուղիի անցման հաւանական երթուղիներու վերաբերեալ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով պիտի ապահովէ փոխադրամիջոցային կապը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ:
«Կողմերը պիտի շարունակեն աշխատիլ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ համաձայնութիւններու կատարման ուղղութեամբ», կ՛ընդգծուի հաղորդագրութեան մէջ: