Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդ.  «Ազրպէյճանը Հող Կը Նախապատրասէ  Նոր Սադրանքներու Համար»

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդ. «Ազրպէյճանը Հող Կը Նախապատրասէ Նոր Սադրանքներու Համար»

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը 28 մարտ 2022-ին կայացած նիստին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը` զայն գնահատելով խիստ լարուած: Ըստ Անվտանգութեան խորհուրդին, իրադրութեան վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ Ազրպէյճանը, փորձելով գտնել մտացածին հիմնաւորումներ, հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ նոր սադրանքներու եւ յարձակումի սկսելու համար, որոնց կարգին`...

Ազրպէյճանական Զօրքերը Կը Շարունակեն Մնալ  Քարագլուխի` Փառուխին Յարակից Հատուածին Մէջ

Ազրպէյճանական Զօրքերը Կը Շարունակեն Մնալ Քարագլուխի` Փառուխին Յարակից Հատուածին Մէջ

Փառուխը Անցաւ Ռուս Խաղաղապահներու Վերահսկողութեան Տակ Երէկ` երկուշաբթի, 28 մարտի ամբողջ օրուան ընթացքին շփման գիծի ամբողջ երկայնքին հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած եւ գործնական-մարտավարական իրադրութիւնը մնացած է լարուած: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական շտապը: Իսկ 24 մարտ 2022-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ներխուժման ենթարկուած Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը 27 մարտին անցաւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ, հայկական...

Արարատ Միրզոյեան Շարք Մը  Հանդիպումներ Ունեցաւ.  Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Շփման Գիծի  Խախտման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

Արարատ Միրզոյեան Շարք Մը Հանդիպումներ Ունեցաւ. Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Շփման Գիծի Խախտման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

Երէկ` երկուշաբթի, 28 մարտ 2022-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շարք մը անջատ հանդիպումներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ռուսիոյ համանախագահ Իկոր Խովայեւի, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն հետ: Նախարար Միրզոյեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ռուսիոյ համանախագահ Իկոր Խովայեւին ներկայացուց Ազրպէյճանի ներխուժման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը: Անդրադառնալով Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին, քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախ դարձնելու եւ ցեղային զտման առնչուող...

«Եւրոճասթ». Ֆրանսայի, Գերմանիոյ  Եւ Լիւքսամպուրկի Մէջ Սառեցուած Են  Լիբանանին Պատկանող 120 Միլիոն Եւրօ  Արժողութեամբ Գումարներ Եւ Կալուածներ

«Եւրոճասթ». Ֆրանսայի, Գերմանիոյ Եւ Լիւքսամպուրկի Մէջ Սառեցուած Են Լիբանանին Պատկանող 120 Միլիոն Եւրօ Արժողութեամբ Գումարներ Եւ Կալուածներ

«Եւրոճասթ» գործակալութեան համաձայն, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լիւքսամպուրկի իշխանութիւնները դիմած են խիստ միջոցառումներու, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք սառեցուցած են Լիբանանին պատկանող 120 միլիոն եւրօ արժողութեամբ գումարներ եւ կալուածներ: Նոյն գործակալութեան համաձայն, այդ որոշումը տրուած է դրամի լուացումի թղթածրարի մը շուրջ կատարուած հետաքննութեան լոյսին տակ: «Եւրոճասթ»-ի համաձայն, այս հարցը հետապնդող դատական յանձնախումբին համար կան հիմնական 5 կասկածելիներ, որոնք մեղադրուած են դրամի լուացումի...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հանդիպում

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հանդիպում

Երկուշաբթի, 28 Մարտ 2022-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները գումարեցին ժողով մը՝ ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ։ Առաջին առիթով հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձան Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ շղթայազերծուած հակահայ ծրագիրներուն՝ նոր տարածքներ բռնագրաւելու եւ Արցախը հայաթափելու  կազմակերպուած ներխուժումներուն ու սադրանքներուն։ Ժողովականները շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է համազգային ուժերու ամբողջական լարումով դիմակայել թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտական...

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Կը կատարուի այն՝ ինչ կ՚ակնկալուէր. Ազրպէյճանը, օգտուելով Ուքրանիոյ հարցին վրայ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնացումէն, քայլեր կը կատարէ աւարտին հասցնելու իր հակահայ ծրագիրները, զորս իրականացնելու նորագոյն հանգրուանը սկսաւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմով։ Միաժամանակ, վերջին ամիսներուն նկատելի էին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9/10-ի եռակողմանի յայտարարութեամբ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան խոչընդոտող գործողութիւններ` Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ: Արտասովոր ցուրտ եղանակի այս օրերուն Արցախի...

Ըստ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան  Նախարարութեան.   Բանակցութիւններու Շնորհիւ Ազրպէյճանական  Կողմը Ետ Քաշած Է Իր Ստորաբաժանումները  Արցախի Փառուխ Գիւղէն

Ըստ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան. Բանակցութիւններու Շնորհիւ Ազրպէյճանական Կողմը Ետ Քաշած Է Իր Ստորաբաժանումները Արցախի Փառուխ Գիւղէն

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ բանակցութիւններու շնորհիւ ազրպէյճանական կողմը ետ քաշած է իր ստորաբաժանումները Արցախի Փառուխ գիւղէն: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է: «Կայացած բանակցութիւններուն շնորհիւ ազրպէյճանական կողմը իր ստորաբաժանումները ետ քաշած է Փառուխ բնակավայրէն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Աւելի կանուխ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնած էր, թէ խիստ մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Վերջին Զարգացումներուն Հարցով Կապ Հաստատեց Լիբանանի Մէջ Շարք Մը Դեսպանատուներու Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերուն Արցախի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն հարցով կապ հաստատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու դեսպանատուներու հետ: Միացեալ Նահանգներ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 25 մարտին կապ հաստատեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան անձնակազմին հետ` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու գրասենեակին «Թուիթըր»-ի վրայ...

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի  Հովուապետական Եւ Զօրակցական Այցելութիւնը  Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հովուապետական Եւ Զօրակցական Այցելութիւնը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

Շաբաթ, 26 մարտի  յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը հովուապետական այցելութիւն կատարեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն` մօտէն ծանօթանալու կառոյցի եւ կեդրոնի աշխատանքներուն: Մուտքին հոգեւոր տիրոջ դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անդրանիկ Մսըրլեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Ազգային վարչութեան ու Համազգայինի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի ԻԸ. Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 25 մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի շրջանային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատուներու եւ հրաւիրեալներու: Ժողովը նախ եւ առաջ լսեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան...

Հիւսիսային Մեթնի Մէջ Յայտարարուեցաւ  ՀՅ Դաշնակցութեան  Եւ Միշել Մըրի Ընտրական Դաշինքը.  ՀՅԴ-ի Թեկնածու Յակոբ Բագրատունի  Մաս Կը Կազմէ «Միասին` Հզօր» Ցանկին

Հիւսիսային Մեթնի Մէջ Յայտարարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ Միշել Մըրի Ընտրական Դաշինքը. ՀՅԴ-ի Թեկնածու Յակոբ Բագրատունի Մաս Կը Կազմէ «Միասին` Հզօր» Ցանկին

15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Հիւսիսային Մեթնի մէջ առաջադրեց Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի թեկնածութիւնը: Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զալքայի  «Ամարեթ Շալհուպ» կեդրոնին մէջ յայտարարուեցաւ 2022-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հիւսիսային Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ գոյացած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Միշել Մըրի ընտրական դաշինքը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ...

Ռուս Խաղաղապահները Արցախի Մէջ  Կը Տեղակայեն 25 Դիտորդական Կէտ

Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերը Ասկերանի Շրջանի Փառուխ Գիւղին Ուղղութեամբ Խախտած Են Շփման Գիծը

24 մարտին, ժամը 16:00-ի դրութեամբ, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղին ուղղութեամբ խախտած են շփման գիծը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը: Պաշտպանութեան բանակի եւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչները կը փորձեն բանակցութիւններու միջոցով կասեցնել թշնամիի հետագայ յառաջխաղացումը եւ զայն վերադարձնել ելման դիրքեր: «Կը յայտնենք, որ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով` այս պահուն տարհանուած են Ասկերանի շրջանի...

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է Արցախի Մէջ  Կազի Մատակարարման Խափանումներով

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է Արցախի Մէջ Կազի Մատակարարման Խափանումներով

Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Ստեփանակերտի մէջ կազի մատակարարման խափանման մասին հաղորդումներով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան բանբեր Փիթըր Սթանոյի յայտարարութեան մէջ: «Շտապ անհրաժեշտութիւն կայ ապահովելու վնասուած տեղական բնակչութեան կազի մատակարարման անյապաղ վերսկսումը, մասնաւորաբար, եղանակային վատ կացութեան պայմաններուն մէջ», յայտարարած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը: Եւրոպական Միութիւնը յայտարարութեան մէջ անհասցէ կոչ ուղղած է...

«Ազդակ»-ի 46-րդ Լսարան.  Խորհրդային Միութեան Կազմութեան Նախօրեակը Եւ Ներկայ Իրադարձութիւնները

«Ազդակ»-ի 46-րդ Լսարան. Խորհրդային Միութեան Կազմութեան Նախօրեակը Եւ Ներկայ Իրադարձութիւնները

«Ազդակ»-ի առցանց 46-րդ լսարանը, որ վարեց թերթին ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեանը, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 24 մարտին: Դասախօսն էր պատմաբան դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան. նիւթ` «Խորհրդային Միութեան կազմաւորում եւ արդի իրողութիւններ. պատմահամեմատական վերլուծումներ»: Դասախօսը  պատմական բաժինով ներկայացուց Անդրկովկասեան դաշնութեան կազմաւորման, Խորհրդային Միութեան կազմութեան, Ռուսիոյ կազմին մէջ հանրապետութիւններ ներառելու մօտեցումներուն հոլովոյթը, իւրաքանչիւր փուլի քաղաքական պայմանները, ներխորհրդային մօտեցումներու տարբերութիւններն ու հակասութիւնները: Դոկտ....

Խմբագրական.  Բանակցային Նորացուած Ելակէտեր  Եւ Համահայկական Հռչակագիրը

Խմբագրական. Բանակցային Նորացուած Ելակէտեր Եւ Համահայկական Հռչակագիրը

Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նախօրէին հայ քաղաքական միտքին առջեւ աւելիով կը շեշտուի  առաջադրելի ընդհանուր կէտերու շուրջ միասնական դիրքորոշում որդեգրելու հրամայականը: Նոր իրավիճակ է: Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացը սերտօրէն կապակցուած կ՛ընթանայ Երեւան-Պաքու պահանջուած բանակցութիւններուն: Դասական պայմանները անուղղակի տեսք ստացած են. հրատապ դարձած են Ազրպէյճանի հետ սահմանազատումն ու սահմանագծումը, որուն հետ կը զուգակցուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: Պիտի հետեւի անշուշտ երկկողմանի պայմանագիրի պահանջ,...

Իշխան Սաղաթէլեանը Ընդունած Է  Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի  Դեսպան Անն Լույոն

Իշխան Սաղաթէլեանը Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպան Անն Լույոն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ` 23 մարտին, ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույոն եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան առաջին խորհրդական Քրիստոֆ Քացախեանը: Ողջունելով հիւրերը` Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Դեսպանին ներկայացուեցաւ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը` նշելով, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւնները...

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Նախարարները Համաձայնած Են Կրկին Հանդիպիլ

Արարատ Միրզոյեանը` Արցախի Մէջ Կազամատակարարման Հարցին Մասին. «Ի Գործ Դրուած Են Դիւանագիտական Բոլոր Ջանքերը»

Արցախի մէջ ազրպէյճանական կողմի միջամտութեան հետեւանքով կազի մատակարարման դադրեցման հարցով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի գործ դրած է դիւանագիտական բոլոր ջանքերը, միջազգային գործընկերներէն արդէն կը ստացուին արձագանգներ: Այս մասին յայտնեց Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ժամանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան` բացատրելով, թէ ի՛նչ քայլերու դիմած է նախարարութիւնը` Արցախի մէջ կազամատակարարման խնդիրի լուծման ուղղութեամբ: «Ինչպէս առաջին անգամ կազամատակարարման խափանման պարագային,...

Ոչ Կառավարական «Եուհանիթըր» Եւ «Նապըը» Կազմակերպութիւններու Երախտիքը` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին

Ոչ Կառավարական «Եուհանիթըր» Եւ «Նապըը» Կազմակերպութիւններու Երախտիքը` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք միջազգային եւ տեղական ոչ կառավարական բարեսիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեցին Լիբանանի տագնապահար ժողովուրդին: Անոնցմէ շատերը առ այսօր իրենց ներդրումը կը բերեն ժողովուրդին կեանքը բարեկարգելու աշխատանքներուն:  Մեծաթիւ կազմակերպութիւններ համագործակցաբար կատարեցին իրենց աշխատանքը շրջաններու պատասխանատու մարմիններուն հետ, որոնք իրենց կարգին դիւրութիւններ տուին` մարդկային անոնց առաքելութեան հեզասահ ընթացք տալու եւ անոնց օգնութիւնները թիրախաւորելու համար: Պուրճ Համուտի հայահոծ...

Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ձեռնադրութեան Արարողութիւնը

Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ձեռնադրութեան Արարողութիւնը

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Միաբան դառնալ կ՛ենթադրէ անվերապահօրէն ծառայել միաբանութեան յառաջընթացին, եկեղեցւոյ պանծացումին, ազգային գերագոյն շահերուն ու ազգի բարգաւաճման: Տրուած ըլլալով, որ Սահակ սարկաւագ Քէշիշեան նախանձախնդութեամբ ու համակ նուիրումով կը մօտենայ եւ բծախնդրութեամբ կը վերաբերի վերոյիշեալ նուիրական սրբութիւններու նկատմամբ, նաեւ սոյն բնագաւառներուն մէջ աւարտած է ուսման ընթացքը, Զմմառու պատրիարքական Կղերի միաբանութեան վանքի վարչութեան եւ հոգեւոր տիրոջ հաւանութեամբ` շաբաթ, 19 մարտ 2022-ին` երեկոյեան...

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ»  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւններու Միացեալ Յայտարարութիւնը

Երէկ` երեքշաբթի, 22 մարտ 2022-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովը արտակարգ նիստին քննարկեց Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամի հարցը: Քննարկումները տեղի ունեցան դռնփակ: Մէկուկէս ժամ տեւած քննարկումներէն ետք իշխող խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի (ընդդիմութեան հեղինակած) յայտարարութեան նախագիծի քուէարկութեան: Նշենք, որ յայտարարութիւնը կը բովանդակէր ազրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան եւ անոր իբրեւ արդիւնք ստեղծուած մարդկային աղէտալի վիճակի դատապարտում: Այս առիթով ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները` «Հայաստան» եւ...

Page 312 of 797 1 … 311 312 313 … 797

Արխիւներ