«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ երէկ վերսկսաւ «Ապագայ լրագրող»-ներու լրագրութեան վարժողական ծրագիրը, որ առկախուած էր «Քորոնա» համավարակի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք:
Ծրագիրին վերջին փուլը արդէն իսկ ընթացք առած է եւ անիկա կ՛իրականանայ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին:
Հանդիպումին ընթացքին «Ապագայ լրագրող»-ները ծանօթացան յառաջիկայ շաբաթներուն կատարուելիք աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր վերաքաղ մը կատարեցին այն նիւթերուն, որոնց հետեւած էին տարբեր դասախօսութիւններու ընթացքին:
Ծրագիրի պատասխանատու` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան անդրադարձաւ լրագրութեան տարբեր ժանրերուն, կեղծ լուրերու բացայայտումի մեթոտներուն, յօդուածագրութեան, հարցազրոյց կատարելուն, լուր գրելու կանոններուն, թղթակցութիւն պատրաստելու օրէնքներուն, տեսագրութիւն եւ լուսանկարչական տեսագրութիւն կատարելու թեքնիքներուն, ինչպէս նաեւ լրագրական բարոյագիտութեան:
«Ապագայ լրագրող»-ներու երկրորդ սերունդը մօտիկ ապագային արդէն իսկ կ՛աւարտէ իր աշխատանքները` դրօշը փոխանցելով երրորդ սերունդին, որ իր կարգին պիտի հետեւի նոր ծրագրաւորումով իրագործուելիք լրագրութեան վարժողական ծրագիրին:


