Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան» Շարժումի Ներկայացուցիչները Ժողովուրդին Կը Ներկայացնեն Ընդդիմադիր Խմբակցութիւններուն Առաջադրած Յայտարարութեան Դրոյթները

June 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 31 մայիսին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքը:

Ելոյթներով հանդէս եկան բժիշկ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան անդամ Կամսար Բադալեան, Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էտկար Ղազարեան, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արեգնազ Մանուկեան եւ Ասպրամ Կրպէեան:

Կրպէեան յայտարարեց, որ իրենք երէկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ արձանագրած են, որ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած անձը վախկոտ է, հակահայաստանեան ներկայացուցիչ է, դէմ է հայ մարդու կարմիր գիծերը ամրագրող փաստաթուղթին:

Ան խօսեցաւ նաեւ ոստիկանի կերպարին մասին եւ ըսաւ. «Խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ բիրտ ուժ կիրարկող ոստիկանները ոչինչով կը տարբերին խաղաղ հայ բնակչութեան նկատմամբ բռնութիւն կիրարկած ազրպէյճանցիներէն»:

Այնուհետեւ «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկումներով «Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները քայլերթ կատարեցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ:

Երթի ընթացքին կը հնչէին հայրենասիրական երգեր, յաղթական պայքարին միանալու կոչեր:

Քայլերթէն ետք Ֆրանսայի հրապարակին մէջ հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:

Ներկայացուեցան տեսահոլովակներ` սփիւռքի մէջ «Դիմադրութեան» շարժումին ի նպաստ զօրակցութեան հաւաքներուն մասին:

«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեան ելոյթ ունենալով յայտարարեց. «Անցնող օրերուն մեր ամբողջ ներքաղաքական կեանքը կը պտտէր երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններու յայտարարութեան շուրջ, ու այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը պէտք է կեդրոնանայ հայկական օրակարգի շուրջ, ոչ թէ սնդիկի մասին օրէնքի, զանգուածային լրատուամիջոցներու սահմանափակումներու, մէկ ալ այս երեսանցներուն անվտանգութեան երաշխիքներ տալու շուրջ: Մենք կը խօսինք այն մասին, որ Հայաստանը պարտաւոր է աջակցիլ Արցախի ինքնորոշումին, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, սակայն իշխանութեան ներկայացուցիչներէն ոչ մէկը համարձակութիւն չունեցաւ արտաբերել այդ ձեւակերպումը»:

Ան անդրադարձաւ նաեւ յայտարարութեան այլ պահանջներուն, անոնցմէ մէկը յուսալի ցամաքային կապն է Արցախի հետ:

Մամիջանեան նշեց նաեւ, որ իրենք յայտարարութեամբ կը պահանջեն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման երաշխիքներ, մինչդեռ Հայաստանի իշխանութիւնները այսօր Արցախին միայն ելեւմտական օգնութիւն կը յատկացնեն, վերածուած են հասարակական կազմակերպութեան, իսկ անվտանգութեան ուղղութեամբ ոչինչ կ՛ընեն:

Ցուցադրուեցաւ տեսահոլովակ մը` «Դիմադրութեան» շարժման կազմակերպած նախանցեալ օրուան եւ երէկուան կարեւոր գործողութիւններուն մասին:

Հանրահաւաքի աւարտին եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Յունիս 1-ին «Դիմադրութեան» շարժման ներկայացուցիչները կը հանդիպին շուրջ 30 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ կ՛ունենան Գրողներու միութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, գիտական, կրթական հաստատութիւններու ղեկավարներուն հետ` պարզելու անոնց դիրքորոշումը Ազգային ժողովին ներկայացուած յայտարարութեան բնագիրին շուրջ: Ժամը 17:00-ին Ֆրանսայի հրապարակէն պիտի ըլլայ երթ կիներու եւ երեխաներու մասնակցութեամբ», ըսաւ ան:

Նախորդը

Փութին Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Արցախի Վերաբերեալ Եռակողմ Համաձայնութիւններու Կատարումը Եւ Փաշինեան-Ալիեւ Պրիւքսելեան Հանդիպումը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Դեսպանները Կանչուած Են Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.